ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղեր. Լուսանկարներ

Յուլիս 22-ին Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու բացման արարողութիւնը: Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսք ուղղեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։ Խաղերուն կը մասնակիցին 1250 ՀՄԸՄ-ականներ։

Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10-րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.