«Հիմա Երբ Եղբայրդ Ու Քոյրդ Դժուարութեան, ու Կարիքի Մէջ Են, Ճիշդ Ժամանակն Է Օգնելու». Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

6 փետրուար 2023-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Միջերկրական ծովու արեւմտեան ափերը խաղաղ ու սովորական առօրեայէ զրկուած են: Աղէտալի երկրաշարժի գօտիին մէջ փուլ եկան շէնքեր, քանդուեցան տուներ, զոհուեցան տասնեակ հազարաւորներ, բայց փրկուեցան նաեւ շատեր, որոնք այս տագնապին մէջ նորանոր կարիքներու դէմ յանդիման կանգնեցան, անոնց օգնութեան ձեռք մեկնողներ ալ եղան, սակայն պահանջքը մի՛շտ եղաւ ցարդ տրամադրուած միջոցներէն շատ աւելի մեծ:

Հայութիւնը անգամ մը եւս անմասն չմնաց այս բոլորէն: Երկրաշարժը մեծապէս ցնցեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի կալուածները եւ այնտեղ ապրող ժողովուրդին հոգիները: Երկար տարիներու պատերազմին ու անոր պատճառած բազում դժուարութիւններուն ծանրութիւնը տակաւին իր ուսերուն զգացող սուրիահայութիւնը այս անգամ ցնցուեցաւ եւ տակաւին կը ցնցուի բնութեան աղէտէն` մղձաւանջային առօրեայ ոլորապտոյտի մը մէջ իյնալով:

Այսօր` առաջին երկրաշարժէն աւելի քան 15 օր, իսկ երկրորդ երկրաշարժէն օրեր ետք, ի՞նչ վիճակի մէջ կ՛ապրի սուրիահայութիւնը, յատկապէս` հալէպահայութիւնը, ի՞նչ են նորօրեայ դժուարութիւնները, կա՞ն լուծման ուղիներ, որոնց իրագործման համար ինչպիսի՞ ձեւերու հարկ է դիմել: Այս բոլորին մանրամասնութիւններուն մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանին հետ, որ հիմնականօրէն լուսարձակի տակ առաւ կարիքներուն մեծածաւալ ու բազում ըլլալը` կոչ ուղղելով անգամ մը եւս զօրակից եւ նեցուկ կանգնելու հալէպահայութեան, որպէսզի ան կարենայ գտնել յարաբերական անդորրն ու բնական կեանքը:

«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք ամփոփ ձեւով ներկայացնել երկրին մէջ տիրող իրավիճակը երկրաշարժի նախօրեակին: Բնութիւնը ինչպիսի՞ վիճակի մը կը հասցնէր իր աղէտը:

ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ.- Երկրաշարժի նախօրեակի ընդհանուր իրավիճակը բաւական ծանր էր արդէն իսկ: Անցնող տասներկու տարիներուն շարունակ պատերազմի, ռմբակոծման, շրջափակման եւ պատժամիջոցներու բերումով, երկիրը ընդհանուր առմամբ եւ Հալէպը մասնաւորապէս բաւական ցնցուած էին: Արդարեւ, այսօր մէկը պէտք է գտնուի այստեղ եւ իր աչքերով տեսնէ, որպէսզի գիտնայ, թէ ինչպիսի՛ քարուքանդ իրավիճակ կը տիրէ ամէնուրեք:

Պատերազմի վերջին տարիներուն արուարձաններու մէջ տարածքները ամբողջովին քանդուած ու անմարդաբնակ վիճակ մը կը պարզէին: Երկար տարիներու պատերազմին եւ ռմբակոծումներուն պատճառով չկար շէնք մը կամ տուն մը, որ չէր վնասուած, եւ այդ բոլորը մեծ հետեւանքներ ձգած էին ժողովուրդին վրայ, որ արդէն կը դիմագրաւէր տնտեսական լուրջ ու ծանր պայմաններ` վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան չգոյութիւն, անգործութիւն, քաղաքական անորոշութիւն, տասնեակ տարածաշրջաններու տարբեր հովանիներու առկայութիւն: Մարդիկ` կորսնցուցած իրենց գործատեղերը, դժուարութիւն ունէին աշխատանքի, մինչ միւս կողմէ սուրիական թղթոսկին ալ հսկայական անկում կրած էր ու արժեզրկուած:

Այլ խօսքով, կենաց-մահու գոյապայքար կը մղէր ժողովուրդը երկրաշարժի նախօրեակին: Անոր վրայ կը ճնշէին ամէն տեսակի ու մակարդակի դժուարութիւններ, նեղութիւններ, տառապանքներ, մարտահրաւէրներ, սակայն, այդ բոլորով հանդերձ սուրիահայութիւնը կը շարունակէր ապրիլ, պայքարիլ, յուսալ ու հաւատալ, որ միասնական ջանքերով ու ճիգերով վիճակը անպայման աւելի լաւ պիտի ըլլար: Վերջին քանի մը տարիներուն վառելանիւթի տագնապը ա՛լ աւելի սաստկացած էր, եւ ելեկտրականութեան հոսանքի անկայունութիւնը մարդոց հոգեվիճակին վրայ իր մեծ ազդեցութիւնը կը ձգէր:

Մեծ թիւով հայեր այս տասներկու տարիներուն ընթացքին հեռացած էին երկրէն ու ապաստան գտած Հայաստան կամ այլ երկիրներ: Ունէինք մեծ թիւով անտէր մնացած տարեցներ, որոնց հարազատները երկրէն մեկնած էին, եւ անոնք կը մնային մեր հովանիին ներքոյ` ի թիւս նման այլ կառոյցներու, ինչպէս` ծերանոցը, պատսպարանը եւ «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնի: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան բազմաթիւ դպրոցներու փակումը եւ կառոյցներուն կրած վնասները:

Սակայն կը շարունակուէր կեանքը, կար կեանքը սիրելու տրամադրութիւն, գալիքին նկատմամբ յոյս ու հաւատք, որոնք մարդս կը մղէին դիմագրաւելու ամէն խոչընդոտ ու տագնապ: Եւ այս բոլորին առընթեր, սուրիահայութիւնը կրօնական եւ մշակութային աշխուժ կեանք մը կը վարէր, տօներ կը նշէր ու ձեռնարկներ կը կատարէր, եւ այդ բոլորին ժողովուրդը կը մասնակցէր:

Այսօր ալ, թէեւ դէմքերուն վրայ կը տեսնէք որոշ ժխորութիւն ու տխրութիւն, սակայն ժողովուրդը վերստին իր բնականոն վիճակին կը վերադառնայ կամաց-կամաց:

 «Ա.».- Ինչպիսի՞ կացութիւն ստեղծուեցաւ աղէտէն ետք: Երկրի հայաբնակ քաղաքներուն մէջ տեղւոյն ժողովուրդը ի՞նչպէս հակազդեց եւ գտաւ իր յարաբերական ապահովութիւնը: Ի՞նչ էր ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու դերը այդ ընթացքը դիւրացնելու առումով:

Մ. Ե. Ա.-  Երկրաշարժին ձգած ահաւոր ցնցումը ծանրագոյնն էր վերոյիշեալ բոլոր տագնապներէն: 6 փետրուարի առաւօտեան ժամը 4:17-ին 7.8 ուժգնութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին երկրաշարժը, որ ցնցեց ամբողջ Սուրիան: Մեծաւ մասամբ Հալէպի, Իտլիպի, Համայի ու Լաթաքիոյ նահանգները վնասուեցան եւ աղէտեալ գօտի յայտարարուեցան. աւերներն ու մարդկային վնասները այնտեղ շատ էին:

Ինչ կը վերաբերի ժողովուրդին, ցնցումէն ետք բնականաբար անոր մօտ խուճապ ստեղծուեցաւ: Տասնեակ տարիներէ ի վեր Սուրիան նման ցնցումի չէ ենթարկուած, եւ ժողովուրդին մօտ չկայ այն դաստիարակութիւնը, թէ երկրաշարժի ժամանակ ի՛նչ պէտք է ընել: Արեւմտեան հասկացողութեամբ փորձեր ու վարժանքներ կը կատարուին փոքրիկ տարիքէն նման խուճապի չմատնուելու համար, սակայն մեր պարագային այդ սովորութեան բացակայութիւնը ա՛լ աւելի մեծ ազդեցութիւն ձգած էր ժողովուրդին` մանաւանդ երեխաներու ու պատանիներու հոգեվիճակին վրայ:

Ժողովուրդը մեծաւ մասամբ ձգած էր իր տունը եւ իջած փողոց` ապահով վայր փնտռելու նպատակով: Հազարաւորներ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ ապաստան գտած էին, իսկ մենք անմիջապէս թելադրեցինք դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, մշակութային կեդրոններուն եւ ակումբներուն, որ լայն բանան իրենց դռները եւ տրամադրեն յարաբերաբար իրենց ապահով սրահներն ու բակերը աղէտեալ ժողովուրդին: Փորձեցինք օգտակար դառնալ նաեւ պարէնային իմաստով, բաժնեցինք ծածկոցներ, տրամադրեցինք սննդամթերք եւ դեղորայք, բժշկական եւ առողջապահական խնամք:

Այդ բոլորին կողքին երիտասարդ կամաւորները պահակութիւն ըրին շրջաններուն մէջ, որովհետեւ նման պարագաներու գողեր կը չարաշահեն պայմանները եւ իրենց մութ աշխատանքը կը տանին աղէտին մէջ իսկ. այս իմաստով, մենք երախտապարտ ենք նաեւ այդ տղոց` արթուն աչքերուն:

Խուճապը մեծ էր, եւ մարդիկ առ այսօր տակաւին դուրս չեն եկած այդ հոգեվիճակէն: Այդ մէկը շատ երկար ժամանակ պիտի պահանջէ` մանաւանդ երեխաներու եւ պատանիներու պարագային:

Ասոր վրայ եկաւ աւելնալու 20 փետրուարի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, 6,3 ուժգնութեամբ, մօտ 20 երկվայրկեան տեւած այլ ցնցում մը, որուն պատճառով ժողովուրդը կրկին վերապրեցաւ այդ մղձաւանջը եւ դիմեց վերոյիշեալ կեդրոններուն ու բացօթեայ վայրերուն:

Այդքան ալ դիւրին չէ բառերով բացատրել այս բոլորին առթած զգացումը, այլ միայն զայն ապրողն է, որ գիտէ անոր դառնութիւնը: Երբ երկրաշարժը կը պատահի, բոլորովին տարբեր վախ մըն է, որ կը պատէ մարդուս էութիւնը: Այս մէկը տարբեր է նաեւ պատերազմի վախէն, երբ ռումբը կը պայթէր, ձայն մը կ՛ելլէր, ու վայրկեաններ անց ամէն ինչ վերջ կը գտնէր, սակայն այս պարագային, ողջ մարդուն ամբողջ էութիւնը կը ցնցուի եւ մահուան դէմ յանդիման կը գտնուի, մանաւանդ այն մարդոց պարագային, որոնք իրենց խառնուածքով աւելի զգայուն են եւ ահաւոր ձեւով կ՛ապրին այս մէկը:

Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ողորմէ, եւ մենք շուտ դուրս գանք այս հոգեվիճակէն, որովհետեւ իսկապէս դիւրին չէ պատկերացնելն ու ներկայացնելը, բայց,-փառք Աստուծոյ,-  երկու օր առաջ եւս ժողովուրդը կրցաւ ելլել իր տունէն եւ ինքզինք ապահովել:

Պէտք է ըսել, որ ո՛չ միայն հայկական շրջանակներուն մէջ, այլ քրիստոնեայ միւս համայնքները նաեւ բացած էին իրենց եկեղեցիներն ու կեդրոնները ժողովուրդին ընդառաջ, յարաբերական ապահովութիւն հայթայթած եւ կենցաղային պէտքեր տրամադրած անոնց` առանց ազգային ու դաւանական խտրականութեան:

Երախտագիտութեամբ կ՛ուզեմ յիշել այս գծով ՍՕ խաչի անդամներուն տարած մեծապէս գնահատելի աշխատանքը: Անոնք ցնցումին յաջորդող վայրկեաններէն լծուած էին արդէն աշխատանքի եւ ենթարկուած զօրաշարժի` տրամադրելով դեղորայք եւ բժշկական խն.ամք, տաք ճաշեր եւ անմիջական պէտքեր հազարաւոր մարդոց:

Բոլորս` ազգային իշխանութիւն, մարմիններ ու խորհուրդներ, ձեռք-ձեռքի տուած, այդ խուճապին մէջ փորձեցինք առաջին օրէն մեր կարելին ընել եւ օրերու թաւալումով, այդ աշխատանքը աւելի կազմակերպուած կը դառնար:

«Ա.».- Հայաբնակ շրջաններուն մէջ ինչպիսի՞ վնասներ արձանագրուած են: Ցանկագրման աշխատանք կը տարուի՞ այդ բոլորը մէկտեղելու համար: Արդեօ՞ք շատ են խախուտ հիմերով կամ անբնակելի շէնքերը:

Մ. Ե. Ա.- Վնասները ահաւոր են: Դժբախտաբար առաջին երկրաշարժին պատճառով փուլ եկած շէնքէն ունեցանք մարդկային վնաս` երկու զոհեր, մայր մը եւ որդին` Միրնա Մինասեան-Թենեքէճեանն ու Ալպեր-Նարեկ Թենեքէճեանը, վիրաւորուեցան նաեւ ընտանիքի հայրն ու աղջիկը: Անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց եւ բուժման ենթարկուեցան: Եղան նաեւ 10-15 ծանր վիրաւորներ, անոնցմէ շատեր տակաւին կը մնան հիւանդանոց` բուժման ընթացքի մէջ:

Բարեբախտաբար վնասները մեծաւ մասամբ նիւթական էին` հիմնականօրէն Հալէպի մէջ: Կան նաեւ աւերներ Քեսապի մէջ, ուր ծանր վնասներ կրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին` անոր գմբէթը, խորանի բաժինը, աստիճանները, պատերը` լայն ճեղքերով` այլ երկրաշարժերու պարագային յաւելեալ աւերներու սպառնալիքով: Այդ գծով մենք կը փորձենք վերանորոգման աշխատանք կատարել կարելի եղածին չափ շուտ: Քեսապի մէջ կան բնակարաններ, որոնք մեծապէս վնասուած են, այլ հին, անմարդաբնակ ու կիսաքանդ տուներ փուլ եկած են: Իսկ մնացեալ բոլոր կալուածները վերանորոգելի են:

Լաթաքիոյ մէջ ծանր վնասներ կան ընդհանուր առմամբ, իսկ եթէ խօսինք հայկական իրավիճակին մասին, եկեղեցին,- փառք Աստուծոյ-անվնաս է, իսկ ազգային Նահատակաց վարժարանը թեթեւակի որոշ վնասուածքներ ունի: Վնասուած են նաեւ քանի մը բնակարաններ:

Արամոյի Ս. Ստեփանոս պատմական եկեղեցին եւս անմասն չէ մնացած այս աղէտալի երկրաշարժի աւերներէն եւ վերանորոգութեան լուրջ կարիք ունի: Արդէն իսկ նահանգապետարանէն պատասխանատուներ գացած են եւ թելադրած, որ եկեղեցին պարպեն եւ չգործածեն, որովհետեւ փլուզման ենթարկուելու հաւանականութիւն կայ:

Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցիները թեթեւ վնասուածքներ ունին եւ վերանորոգութեան կը կարօտին, բայց դժբախտաբար Եագուպիէ գիւղը տակաւին հակառակորդներու իշխանութեան տակ կը գտնուի, եւ չենք կրնար այնտեղ մուտք գործել ու աշխատանքներ կատարել: Ուրեմն, այլ խօսքով, որպէս հայութիւն` մեծ վնասը Հալէպի մէջ է: Այստեղ վնասուած են եկեղեցիները, ինչպէս Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ զանգակատունը, ներսէն` անոր կամարներուն վրայ բացուած են ճեղքեր եւ քանդուած է եկեղեցւոյ ետեւի պատը: Ճեղքեր կան նաեւ ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Նոր գիւղի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգակատունը, սիւները եւ առաստաղները վնասուած են: Դպրոցներ, հաստատութիւններ եւ մեծ թիւով բնակարաններ (85-95 առ հարիւրը) վնասուած են այստեղ: Ցարդ մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, կան 14-16 բնակարաններ, որոնք անբնակելի են, պէտք է քանդուին: Կան նաեւ երկրորդ կարգի վտանգուած տուներ, որոնց բնակիչները պէտք է որոշ ժամանակ մը դուրս մնան` մինչ վերանորոգութիւններ կատարուիլը, իսկ 500-է աւելի բնակարաններ մինչ օրս ունին թեթեւակի վնասներ:

Այս գծով, երեսփոխանական գաւառական ժողովը հրաւիրեց բոլոր երեսփոխանները, ազգային, քաղաքական եւ կրօնական ժողովները, բոլոր միւս խորհուրդներու եւ մարմիններու պատասխանատուները եւ գումարեց իր արտահերթ 173-րդ նիստը: Ընդհանուր առմամբ ժողովի օրակարգը կը ներառէր Սուրիոյ եւ հալէպահայութեան ապրած երկրաշարժի թեման, երկրաշարժէն յառաջացող վնասներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ անոնց լուծումներուն ձեւերը: Հրաւիրուած պատասխանատուներուն կողմէ տրուեցան զեկոյցներ` վնասներու, կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ժողովը յառաջացուց Հալէպի երկրաշարժի արտակարգ  իրավիճակի մարմին մը եւ անոր առընթեր յանձնախումբ մը, որուն հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլար ճարտարապետներու մասնագիտական խումբով մը երթալ եւ մէկ-մէկ այցելել վնասուած տուները, ցանկագրել զանոնք եւ արժեւորում մը կատարել բնակելիութեան ու սպառնացող վտանգին մասին: Այս ձեւով աշխատանքը աւելի հեզասահ ընթացք պիտի ունենար:

Այս նպատակին համար տրամադրուեցաւ գրասենեակ, եւ նշանակուեցան պաշտօնեաներ: Հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ ժողովուրդը գայ եւ յայտնէ իր տան վնասները` պատրաստելու համար ամբողջական ցանկ մը: Յառաջացուցինք նաեւ այլ յանձնախումբ մը, որ վնասուող հայորդիներուն կենցաղային անմիջական պէտքերը պիտի հոգար (ուտեստեղէն, բժշկական խնամք…):

Այս բոլոր աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: Մինչեւ օրս 500-է աւելի արձանագրութիւններ ունինք, եւ ճարտարապետները ցարդ 250-300 բնակարաններ այցելած են եւ արժեւորումներ կատարած:

Յոյսով ենք, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ ցանկագրումը կ՛աւարտի, ըստ արժեւորումներու առաջնահերթութիւնները կը ճշդուին, եւ աշխատանքները կը շարունակուին: Նաեւ յոյսով ենք, որ կը յաջողինք հոգեբաններէ կազմուած յանձնախումբ մը յառաջացնել, որպէսզի աշխատին փոքրիկներու, պատանիներու եւ աղէտին ծանրութեան բերումով հոգեկան դժուարութիւններ ունեցողներուն հետ, որպէսզի շուտով յաղթահարեն այդ վիճակը:

«Ա.».- Նպարեղէններէն մինչեւ դեղորայք ու առօրեայ պիտոյքներ, այսօր ինչի՞ պահանջք կայ քաղաքներուն մէջ, եւ ինչպիսի՞ միջոցներ կան այդ բոլորը ձեզի հասցնելու:

Մ. Ե. Ա.- Կարիքները ծովածաւալ են, այս իմաստով, ինչ ալ ղրկուի, օգտակար է, որովհետեւ ժողովուրդը անել կացութեան մատնուած է եւ ամէն իմաստով անդամալուծուած է, այսինքն` աշխատանք չկայ, ձմրան ցուրտը սարսափելի է, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի չգոյութիւնը կը ծանրացնէ արդէն իսկ տաժանելի վիճակը: Ամէն կողմ ճնշուած վիճակ կը տիրէ, աւեր կայ, դպրոցները տակաւին փակ են, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր աղէտեալ գօտի յայտարարուած է, որովհետեւ որոշ հասկացողութեամբ դպրոցները եւս վնասուած են, եւ մինչեւ որ կառավարական պաշտօնեաները չգան, համապատասխան ստուգումն ու քննութիւնը չկատարեն եւ, իրաւունք չտան, որ տուեալ կառոյցները օգտագործուին, չենք կրնար դպրոցները բաց յայտարարել:

Այս բոլորէն մեկնած կը կրկնենք, որ ամէն տեսակ օժանդակութեան կարիք ունինք, սկսեալ դեղորայքէն, հասնելով ծածկոցներու, ներքնաշապիկներու, գուլպայ, հագուստեղէն, ուտեստեղէն, երեխաներու կաթնեղէն եւ շոր, ծերունիներու յատուկ զգեստներ եւ այլն: Անշուշտ նիւթականի կարիք ալ կայ, այսինքն մարդիկ ինչպէս եւ որքան ալ կարենան օգտակար ըլլալ, միշտ ալ տեղն ու կարիքը կայ, շնորհակալ կ՛ըլլանք եւ անպայման իրենց նպատակին կը ծառայեն: Թող Աստուած Ինք վարձատրէ բոլոր օժանդակողներուն եւ նեցուկ կանգնողներուն, բոլորիս ալ տայ համբերութիւն:

Առաջնահերթութիւններուն մէջ կայ բնակարաններու նորոգութեան հարց. յոյսով ենք, որ մեծ կարելիութիւններով եւ դուրսէն եկած նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով կարենանք առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ մեր հայորդիներուն, որպէսզի իրենց բնակարանները վերանորոգուած ունենալով իրենց կեանքը շարունակեն:

Բնականաբար, աշխատանքները բազմաբնոյթ են, կարիքները` հսկայական, բոլորս միասին` Ազգային իշխանութիւններ, պատկան մարմիններն ու միութիւնները, խնամակալութիւնները, ձեռք ձեռքի տուած աշխատանք կը տանինք որքան հնարաւոր է: Կ՛ունենանք օժանդակութիւններ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ, օրինակ` քրիստոնէական եկեղեցիներու մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ դեղորայք, ուտելիք տրամադրեցին, փոքրերուն հագուստ, կաթ, շորեր եւ այլն:

Բայց օժանդակութիւնները բաւարար չեն, յատկապէս բնակարանային վերակառուցման, վերաշինութեան կապուած, հոն նիւթական զգալի գումարներու կարիք ունինք եւ ցարդ չենք ստացած մեծ նուիրատուութիւն, փոքր-փոքր, անհատական նախաձեռնութիւններ, նուիրատուութիւններ կատարուեցան` մեր կոչերուն իբրեւ ընդառաջում, բայց անոնք չեն կրնար բաւարարել ծով կարիքները: Կ՛ակնկալենք, որ աւելի մեծ գումարներ հասնին մեզի, որպէսզի մենք ալ կարենանք վերաշինութեան աշխատանքներուն սկսիլ աւելի շուտ, իսկ գործը ընթանայ աւելի արագ, ու կարենանք անմիջականօրէն օգտակար դառնալ մեր սիրելիներուն:

Այստեղ կ՛ուզեմ երախտագիտութեամբ արտայայտուիլ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ առաջին օրուան առաջին վայրկեաններէն իսկ հեռաձայնային կապերով եւ այլ ձեւերով մնայուն կերպով կը հետեւէր, կը տագնապէր, կը հետաքրքրուէր, մտահոգ էր ստեղծուած վիճակով, զօրավիգ էր, քաջալերող, նաեւ խոստացաւ ամէն ձեւով օգնել: Շնորհակալ ենք այն կոչին համար, զոր Արամ Ա. վեհափառ ուղղեց, որպէսզի մեր թեմերուն մէջ առաջնորդները, ազգային իշխանութիւնները, կազմակերպութիւնները զօրաշարժի ենթարկուին եւ փորձեն ամէն ձեւով դրամահաւաք կազմակերպել ու օժանդակել սուրիահայութեան, յատկապէս` հալէպահայութեան:

Նաեւ շնորհակալ եմ բոլոր անհատներուն, հաւաքականութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, որոնք իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձեցին եւ կը փորձեն օգտակար դառնալ: Շնորհակալութիւն աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք այսօրուան մեծ իրավիճակով կը տագնապին, մտահոգ են մեզմով եւ ամէն իմաստով պատրաստ են օժանդակելու, ձեռք երկարելու, զօրակցելու: Մենք ձեր աղօթքներն ալ կը խնդրենք, իսկապէս որ աղօթքի, Աստուծոյ ողորմութեան, առաջնորդութեան, զօրութեան կարիք ունինք, որպէսզի Աստուած մեզի իմաստութիւն, համբերութիւն տայ, գօտեպնդէ մեզ, որպէսզի մեր ուսերուն դրուած այս ծանր եւ ճնշիչ լուծը կարողանանք շուտով թօթափել ու յաղթական դուրս գալ: Երախտապարտ եւ շնորհակալ ենք բոլորին, թող Աստուած Ինք օրհնէ բոլորին քսակը, թող Աստուած ինք դպչի բոլորին սրտերուն, որովհետեւ հիմա ժամանակն է տալու, երբ եղբայրդ ու քոյրդ դժուարութեան, տառապանքի, կարիքի մէջ է, այն ատեն պիտի օգնես: Հետեւաբար, երբ այս կոչը կը լսուի, մարդիկ իրազեկ կը դառնան ընդհանուր կացութեան, տայ Աստուած, որ առատօրէն նուիրեն, սիրայօժար տան եւ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքը բարելաւելու նպատակով որեւէ ձեւով չզլանան, այլ ընդհակառակը, առաւելագոյն չափով պատրաստակամ եւ յօժարակամ տան, որպէսզի Աստուած իրենց տուածին փոխարէն հարիւրապատիկով եւ հազարապատիկով վարձահատոյց ընէ զիրենք:

«Ա.».- Ի՞նչ պիտի ըլլայ թեմի եւ ազգային կառոյցներու առաքելութիւնը յառաջիկային: Ցայսօր տրամադրուած օժանդակութիւնները, ըլլան անոնք նիւթական կամ պարէնային, որքանո՞վ հասանելի են հայ ժողովուրդին:

Մ. Ե. Ա.- Բնականաբար, ընդհանուր աշխատանքի իմաստով, Ազգային իշխանութիւնը եւ կառոյցները, Ազգային քաղաքական ժողովը լիազօրեցինք, որ ինք հետամուտ ըլլայ այս աշխատանքներուն եւ հսկէ, գործը վստահուած է Հալէպի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինին եւ անոր յարակից ենթայանձնախումբերուն, որոնք արդէն շատ լուրջ աշխատանքի լծուած են, տեղեկագրութիւնը կը հաւաքուի, արժեւորումը կը կատարուի, բաժանումները տեղի կ՛ունենան եւ շատ մօտ ատենէն, յոյսով ենք, որ այդ աշխատանքը յառաջ կ՛երթայ Աստուծոյ կամքով եւ մեր պատասխանատուներուն բացարձակ գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեան ոգիով:

Մեր նպատակն է, հետեւաբար, անտուն մնացած հայորդիներուն երդիք ապահովել, նուազագոյնը մէկ տարիով անոնց համար վարձել բնակարան եւ նիւթականը ապահովել, անոնց, որոնց տուները վտանգուած են, բայց վերանորոգելի, սակայն մինչ այդ անոնք կարիք ունին այլ տեղ ապաստանելու, անոնց համար ալ նկատի առնուած է վեց ամսուան տուներու ապահովում, մինչեւ որ իրենց բնակարանները վերանորոգուին, եւ անոնք կարենան վերադառնալ: Իսկ անոնք, որոնք կարիք չունին տունէն դուրս ելլելու վերանորոգման աշխատանքներու գործադրութեան ընթացքին, պիտի մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, սակայն մենք պիտի հոգանք վերանորոգութեան ծախսերը:

Մտածում մըն ալ կայ, տակաւին վերջնական եզրակացութեան չենք յանգած այս գծով, որ անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց ինքնաշարժները, որոնք իրենց ապրուստի միջոցներն էին, անոնց եւս օգտակար դառնանք: Կը միտինք նաեւ օժանդակել վնասներ կրած ընտանիքներուն` մեր կարելիութիւններէն մեկնած:

Ըսեմ, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն կողմէ փոքր փոքր օժանդակութիւններ կը բաժնուին, մեր շրջաններուն մէջ ալ ատիկա կը կատարուի փուլ առ փուլ, ասիկա տարիներու ընթացքին իրականացուող աշխատանք է, մենք ցանկը ունինք կարիքաւորներուն, կը տրամադրենք, որպէսզի անոնց օգնութիւն հասանելի դառնայ: Ասիկա բոլորովին այլ աշխատանք է թէեւ:

Հալէպի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինը ժրաջան աշխատանքի լծուած է, Ազգային իշխանութիւնը հոգատար է եւ կը հսկէ, կառոյցները, կազմակերպութիւնները, միութիւնները համագործակցաբար եւ ներդաշնակ կը գործեն: Յոյսով ենք, որ այս տագնապն ու մարտահրաւէրն ալ պիտի կարենանք բարիով դիմագրաւել եւ յաղթական դուրս գալ` նախ Աստուծոյ ողորմածութեամբ եւ օրհնութեամբ, նաեւ սփիւռքեան տարածքին գտնուող մեր բոլոր հայրենակիցներուն, քոյր-եղբայրներուն համագործակցութեամբ եւ միասնական ճիգերով ու ջանքերով: Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ, կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ, հեռու պահէ ամէն տեսակ չար փորձանքներէ եւ իր հովանիին տակ ապահով առաջնորդէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.