Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչում Սենթ Գաթրինզի մէջ

«Հորիզոն».- Կազմակերպութեամբ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի պաշտօնական ոգեկոչումը։ Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի, հարիւրաւոր հայորդիներ հաւաքուեցան Սենթ Գաթրինզի նորակառոյց յուշարձանին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետ Ուալթըր Սենծիք եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Քրիս Պիթըլ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճէնի Սթիվընս եւ լրատուական, մշակութային, քաղաքական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ։

Յայտագրի հանդիսավար օրդ. Ճէնի Քահքէճեանի բացման խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ «Յառաջ» Վարժարանի աշակերտները, ընկերակցելով գաղութի երիցագոյն անդամներէն ընկ. Սեպուհ Թոքաճեանի, միասնաբար վարեցին յաւերժութեան ջահը։ Ապա, յաջորդաբար խօսք առին քաղաքապետն ու Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխանները, որոնք անհրաժեշտ նկատեցին պատմական նման եղելութիւններու նշումն ու անոնց նկատմամբ տարուող եւ տակաւին տարուելիք աշխատանքներուն հետեւողականութիւնը։ Անոնք միանշանակ դրուատեցին գանատահայութեան քաղաքական ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին յանուն արդարութեան, արդար պահանջատիրութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման։ Իրենց խօսքի ընթացքին նաեւ ընթերցուեցան վարչապետ Թրուտոյի եւ դաշնակցային այլ կուսակցութեանց պաշտօնական ուղերձները:

Պաշտօնատարներու խօսքերէն ետք, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս եւ Հայ Դատի տեղական յանձնախումբի անդամ ընկ. Միսակ Պէլեանը: Ան իր բանախօսութեան ընդմէջէն ներկաներուն փոխանցեց Հայ Դատի հետեւողական պայքարի, մեր հաւաքական կեցուածքը շարունակելու եւ անոր ա՛լ զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը, Պէլեան ընդգծեց, թէ ոգեկոչման ու ճանաչման փուլը աւարտելով, համայն հայութիւնը այսօր պատրաստ է ներկայացնելու իր իրաւական պահանջքները, որուն նուաճումը կարիքը ունի միասնական եւ աննահանջ աշխատանքի։

Ընկ. Պէլեանի խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը երգեր եւ ասմունքներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.