«Հայաստան» Դաշինքը Իր Քարոզարշաւը Կը Շարունակէ Լոռիի Մարզին Մէջ. Քոչարեանի Առցանց Հանդիպումը` Սփիւռքահայ Քաղաքական Գործիչներու, Մտաւորականներու Եւ Գործարարներու Հետ

«Հայաստան» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւի վեցերորդ օրը (12 յունիսին) անցած է Լոռի մարզին մէջ: Դաշինքի առաջնորդներն ու անդամները հանդիպումներ ու հանրահաւաքներ ունեցած են Սպիտակի, Ստեփանաւանի, Տաշիրի, Վանաձորի եւ Ալաւերտիի մէջ:

Դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերյիշած է աղէտի գօտիին մէջ իր կատարած աշխատանքը` նշելով, որ 20 յունիսէն ետք Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ այնպիսի կառավարութիւն, որուն համար պատուի հարց պիտի ըլլայ գերակատարել այդ արդիւնքները:

Հանդիպումներու ժամանակ դաշինքի առաջնորդները անդրադարձած են կրթութեան ոլորտին` նշելով, որ ազգային արժէքային համակարգի դէմ ուղղուած փոփոխութիւնները պիտի վերացուին:

Քարոզարշաւի վեցերորդ օրը ամփոփուած է Ալաւերտի քաղաքին մէջ կազմակերպուած հանդիպումով, որուն ընթացքին Ռ. Քոչարեան պատմած է յուլիս 1992-ին տեղի ունեցած ճակատագրական որոշումին մասին, որ հետագային կտրուկ փոխած է արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքը:

Մինչ այդ, հանդիպումներու եւ քննարկումներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 11 յունիս 2021-ին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան տեսակապով քննարկում ունեցած է 12 երկիրներէ (Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Իրան, Լիբանան, Ռուսիա, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլն) հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, գործարարներու հետ: Քննարկումին մասնակցած են շուրջ 240 հայրենակիցներ:

Քննարկումի հիմնական նիւթը եղած է արդէն երեք տարի դէպի Հայաստան ընդհատուած ներդրումային հոսքի վերականգնումը:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի առջեւ կանգնած ներկայ հիմնախնդիրներու, լուծման ուղիներու, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու, Հայաստանի վերականգնման գործին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու ներուժի օգտագործման, համահայկական օրակարգեր ձեւաւորելու հարցերը:

Հանդիպումին մասնակից գործարարները Ռոպերթ Քոչարեանի հետ պայմանաւորուած են 20 յունիսէն անմիջապէս ետք այցելել Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ քննարկել Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու ճանապարհային քարտէսը եւ առարկայական նախագիծեր:

Առցանց հանդիպումը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.