Հաագայի Մէջ Մեկնարկեց Քայլարշաւ-ցոյց` Նուիրուած Սումգայիթեան Ջարդերու եւ Արցախեան Ազատամարտի 30-ամեակին

Հաագայի Խաղաղութեան պալատին մօտէն Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց քայլարշաւ-ցոյցը` նուիրուած սումգայիթեան ջարդերու եւ Արցախեան ազատամարտի 30-ամեակին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցուցարարները քայլարշաւով կը շարժին դէպի Ատրպէյճանի դեսպանութիւն:

Կը մասնակցին «Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոն»-ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները: Ցոյցին գլխաւոր պահանջքը ուղղուած է Ատրպէյճանի յարձակողական տրամադրութեան դէմ: Ցուցարարները կը պահանջեն յարգել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.