Կը պահանջենք վարչապետի իշխանութենէ անյապաղ հեռացումը. Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը երէկ` երկուշաբթի, 16 նոյեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին յղեց հետեւեալ նամակը.

«Մեր նամակին շարժառիթը օրեր առաջ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ստորագրուած մեր արդի պատմութեան ամէնէն անփառունակ յայտարարութիւնն է, որուն հիմամբ տասնամեակներ շարունակ արեան գնով ազատագրուած հայկական հողեր անգամ մը եւս յանձնուեցան թշնամիին, սակայն այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռամբ, անձնական որոշումով եւ պատասխանատուութեամբ:

Մեր պատմութեան, հողերուն, ժողովուրդին ու սրբութիւններուն նկատմամբ դրսեւորուած այս կեցուածքը անընդունելի եւ դատապարտելի է: Վարչապետ Փաշինեան տխրահռչակ այս յայտարարութեան ստորագրութեամբ ո՛չ միայն թուրքին յանձնեց մեր հողերը, այլ վտանգեց մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութիւնը, որուն իրաւասութիւնը երբեք չունէր:

Երբ խօսքը կը վերաբերի պատմական հաւաստի ապացոյցերով ու փաստերով հայութեան պատկանող հողերու- տարածքներու կամ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերու, ոչ մէկ քաղաքական գործիչ` ըլլա՛յ գերագոյն հրամանատար, բարձրագոյն պաշտօնատար թէ դիւանագէտ, իրաւասութիւն ունի գրիչի դաւադիր շարժումով մը իր հաւանութիւնը տալու այս կամ այն կարգաւորման` առանց ապաւինելու համայն հայութեան դատումին: Այս եղած է մեր դիրքորոշումը պատմութեան ընթացքին, նոյնը եղած է նաեւ ոչ հեռու անցեալին` 2009 թուականին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը նախաձեռնած էր հայ-թրքական փրոթոքոլներու ստորագրութեան:

Միւս կողմէ, համոզուած ենք, որ ժողովրդային բողոքի ալիքի արդիւնքով իշխանութեան հասած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր աւելի քան երկամեայ պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին, ճիգ չխնայեց հայութիւնը պառակտելու` պիտակաւորելով քաղաքական ճակատի վրայ իրեն հակադրուած բոլոր հոսանքները, յաճախ նաեւ` ժողովրդային զանգուածներ: Ընդհանրապէս իր քաղաքական ու հասարակական վարքագիծը հայութիւնը առաջնորդեց իր ներկայ տխուր կացութեան: Կարելի չէ մոռնալ մանաւանդ արդէն հանրային վէճի առարկայ դարձած կրթական-մշակութային քաղաքականութիւնը, որ իր մէջ կը պարունակէ ապագայ ազգային աղէտներու բոլոր նախադրեալները:

Մենք` իբրեւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, պարտք կը սեպենք ձեր ճամբով մեր խօսքը լսելի դարձնել եւ մեր ընդվզումն ու մերժումը արտայայտել Հայաստանի վարչապետին դրսեւորած այս կեցուածքին դէմ, որուն ծանր հետեւանքները անդառնալի են մեր ժողովուրդին համար, ուղղակիօրէն պիտի զգացուին տասնամեակներ շարունակ եւ պիտի արժանանան հայ ժողովուրդի յաջորդող սերունդներու անխուսափելի նախատինքին: Հայաստանի վարչապետը նոյեմբեր 9-ի իր ստորագրութեամբ արձակեց մեր բազմադարեայ պատմամշակութային յուշակոթողներուն` վանքերուն ու եկեղեցիներուն խաթարման վճիռը: Թշնամիին ձեռագիրը ծանօթ է բոլորիս, իսկ հայկական սրբավայրերու եւ յուշակոթողներու նկատմամբ անոր անհանդուրժողականութիւնը աւելի քան յստակ է. այդ կոթողներու դիտումնաւոր քանդման ու ծրագրուած հանգրուանային բնաջնջման պատկերները դժբախտաբար աւելի քան հարազատ են: Կարիքը չկայ նշելու Արեւմտահայաստանի կամ Հին Ջուղայի հայկական գերեզմաններու խաչքարերու սրբապղծման, գանձահէնման, ախոռներու վերածման եւ վերջնական ոչնչացման մասին: Պարզապէս միամտութիւն է չհաւատալ, որ այդ ծրագիրները ամբողջ աշխարհի աչքին դիմաց յաջողութեամբ պսակուելէ ետք կարգը պիտի չհասնի յանձնուած հողերու վրայ գտնուող հնադարեան մեր գանձերուն: Այս իրողութիւնները ազգակործան ծրագիրի նկատմամբ զգաստութեան կոչ պէտք է ըլլան բոլորին:

Մեր միութեան հիմնադիրներ Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Համօ Օհանջանեանը եւ միւսները 1918-ին «անձեւ քաոս»-էն Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտեցին, պետականութիւն ստեղծեցին, սակայն երբ կացութիւնը փոխուեցաւ, անոնք առանց դաւաճանելու իրենց սկզբունքներուն, առանց ուրանալու իրենց համոզումները, պետութիւնը յանձնեցին իրենց ընդդիմադիրներուն. հայրենիքը վեր դասեցին բոլոր պաշտօններէ ու առանձնաշնորհումներէ. տարագրուեցան եւ լծուեցան հայկական նոր սփիւռքը կազմակերպելու աշխատանքին:

Ամբողջ աշխարհի տարածքին աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր, հայապահպանման գլխաւոր զոյգ կռուաններուն` հայ մշակոյթի ու կրթութեան ջահը բարձր պարզած, անոնց անաղարտ գոյատեւման, զարգացման, տարածման ու պահպանման ի սպաս իր գործունէութիւնը ծաւալած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր համաշխարհային կառոյցին անունով, խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած նուաստացուցիչ այս յայտարարութիւնն ու անոր ստորագրութեան նախորդող գործելակերպը: Հետեւաբար` մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ամենաճակատագրական այս օրերուն կը պահանջենք վարչապետի իշխանութենէ ինքնակամ, անցնցում ու անյապաղ հեռացումը, որպէսզի ուրիշներ պատեհութիւնը ունենան մեղմացնելու ստորագրուած յայտարարութեան ազգակործան հետեւանքները:

Յարգանօք`

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.