Կառավարութիւնը 13.7 Միլիոն Դրամ Կը Յատկացնէ Սուրիահայ Ուսանողներուն

Հայաստանի բարձրագոյն, նախնական (արհեստագործական) եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ յաճախող սուրիահայ ուսանողներուն 2018-2019 թուականներու ուսման վարձեր յատկացնելու նպատակով, կառավարութիւնը իր պահուստային հիմնադրամէն պիտի տրամադրէ 13 միլիոն 762,6 հազար դրամ: Այս մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան  Դեկտեմբեր 13-ի նիստի օրակարգին վրայ:

2018-ին ուսման վարձի փոխհատուցման կարիք ունին 293 սուրիահայ ուսանողներ: Անոնցմէ 246 ուսանողի ուսման վարձի վճարումները կը կատարուին հետեւեալ կերպով. ուսման վարձի 50 տոկոսը կը վճարուի ուսանողին կողմէ, 50 տոկոսը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս բարեգործական հիմնարկին միջոցներով, 47 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձի 50 տոկոսը կը վճարուի ուսանողին կողմէ, իսկ 50 տոկոսը, որ կը կազմէ 13 միլիոն 762,6 հազար դրամ կ՛առաջարկուի վճարել պետական միջոցներով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.