Իրանեան Գործօնն Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց լուսարձակները՝ նկատի ունենալով ուժանիւթի եւ ապրանքներու տարանցման համար Հարաւային Կովկասի ներկայ հանգուցային կարեւոր դիրքն ու ռուս-թրքական եւ ռուս-պարսկական շահերու բախման ու պատերազմներու պատմական թատերաբեմը ըլլալուն իրողութիւնը։

Հարկ է նշել, որ տարածաշրջանի մեծամասնութեամբ շիի բնակչութիւն ունեցող երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ կասկածները գոյութիւն ունին 1991-էն՝ Ազրպէյճանի անկախութենէն ի վեր, որովհետեւ անոնց վարչակարգերը կտրուկ կերպով տարբեր են. Մէկը աշխարհիկ է, միւսը՝ կրօնական։ Այդ լարուածութեան կարեւոր ազդակներէն մէկը Իրանի շուրջ 20 միլիոն ազրպէյճանցիներով բնակուած՝ հիւսիսային շրջանի նկատմամբ ազրպէյճանական ախորժակներն են, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի, նախքան 19-րդ դարուն Ռուսական կայսրութեան մաս կազմելը, Պարսկական կայսրութեան պատկանող իրանեան նահանգ մը ըլլալուն պատմական իրողութիւնը։

Հոկտեմբերի սկիզբը, Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ բանավէճի ամենաթէժ պահուն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ակնարկեց, որ ազրպէյճանցիներու իրանեան մեծաթիւ համայնքը կրնայ ոտքի կանգնիլ, պաշտպանելու համար Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ բնակող իրենց ազգակիցները: Թեհրանի համար այդպիսի յայտարարութիւնները բնականաբար Իրանի մէջ ազրպէյճանական փոքրամասնութեան մօտ անջատողականութեան ստեղծման սպառնալիք են:

Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան կարեւորագոյն մէկ այլ գործօնը՝ իսրայէլեան գործօն է, որ իր կարգին երկար տարիներու պատմութիւն ունի։ Ազրպէյճան-Իսրայէլ սերտ գործակցութիւնը սկիզբ առած է 1992-ին։ Իսրայէլ 15 յունուար 2007-ին, Իրանի Շիրազ շրջանին մէջ ահաբեկեց Իրանի հիւլէական ուժանիւթի աւագ գիտնական Արտեշիր Հոսէյնփուրը, 2010-էն 2012-ի միջեւ ահաբեկեց հիւլէական ոլորտի իրանցի չորս այլ գիտնականներ՝ Մասուտ Ալիմոհամատին, Մաժիտ Շահրիարին, Տարուիշ Ռեզայէտինեժատը եւ Մոսթաֆա Ահմատի Ռոշանը, իսկ նոյեմբեր 2020-ին, Մոհսէն Ֆախրիզատէն։ 2011-ին եւ 2021-ին իրանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին սպանութիւններու մեղսակից շարք մը իրանցիներ, որոնք իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան՝ Մոսատի գործակալներ էին։ Արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններ եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ հաստատեցին իսրայէլեան կապը։ Այդ գործողութիւնները կը ղեկավարուէին Ազրպէյճանի տարածքէն, ուրկէ, ըստ իրանեան կողմին, 2018-ին շղթայազերծուած էր նաեւ իրանեան հիւլէական գաղտնի թղթածրարներու գողութեան գործողութիւնը։

Ի տարբերութիւն վերոնշեալներուն, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի գործօնը աւելի նոր է, երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցի մը մակարդակէն շատ աւելի բարձր եւ լուրջ հարց է, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական հարց է ուստի եւ, իրանեան տեսանկիւնէն դիտուած, աւելի վտանգաւոր ու խնդրայարոյց է քան վերոնշեալ գործօնները։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը աւանդաբար Արցախի հարցի նկատմամբ ունեցած է հաւասարակշռուած դիրքորոշում, սակայն վերջին պատերազմի ընթացքին, ու անկէ ետք, իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները ցոյց տուին, որ Թեհրանը այդ աւանդական դիրքորոշումէն շեղած է՝ հակառակ այն իրողութեան, որ Արցախեան Բ. պատերազմի ընթացքին Իսլամական Հանրապետութեան համար խնդրայարոյց Ազրպէյճան-Իսրայէլ կապերը եւ շրջանին մէջ ժիհատական վարձկաններու տեղակայման փաստերը յստակօրէն երեւցան:

Կ’ըսուի, թէ քաղաքականութեան մէջ բազմադարեան փորձառութեան տէր իրանցիներուն քայլերը լաւապէս սերտուած կ’ըլլան, սակայն յստակ է, որ այս անգամ գործեցին մեծ սխալ մը, որուն պատճառով Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցին՝ Ազրպէյճանի հետ Իրանի սահմանը երկարեցաւ, նախապէս հայկական վերահսկողութեան տակ եղող, ուստի եւ գերապահով եւ նուազագոյն մտահոգութիւն չյառաջացնող 130 քիլոմեթրով։ Արդէն կը խօսուի Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ նորակառոյց ազրպէյճանական օդակայանին իսրայէլեան կողմին տրամադրման մասին։ Իրանցիները, այս բոլորի լոյսին տակ, կը հաւատան, որ Ազրպէյճան Իրանի դէմ սադրանք կատարելու համար իսրայէլեան հարթակի վերածուած է։

Այսօր նաեւ կը խօսուի «Զանքեզուրի միջանցք»-ի մը մասին, որ Իրանի շրջանային մրցակից Թուրքիան պիտի կապէ քարիւղով հարուստ Կասպից ծովուն եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ յառաջացնէ։ Բան մը, որուն բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ Թեհրանը։

Իրանցի զինուորական պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ իրենց երկիրը միջազգային պաշտօնական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չհանդուրժէ։ Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար զօրավար Մոհամետ Փաքփուր յայտարարեց. «Սահմաններու աշխարհաքաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն պիտի չհանդուրժենք։ Այս հարցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար կարմիր գիծ է»։

Այդ միջանցքը, իրականութիւն դառնալու պարագային, պիտի կտրէ Իրանի Հայաստանի հետ ճամբան եւ Իսլամական Հանրապետութեան դէպի Վրաստան, Սեւ ծով, Ռուսիա ու Եւրոպա ելքի ճամբան, եւ զայն կախեալ դարձնէ թրքական ու ազրպէյճանական կողմի «բարիկամեցողութենէն»։ Այդ մեծ վտանգի իրականութիւնը իրանցիներուն համար սկսաւ շօշափելի ու համոզիչ դառնալ, երբ ազրպէյճանցի զինուորներ 11 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ սկսան իրանեան փոխադրակառքերուն համար դժուարութիւններ ստեղծել եւ մինչեւ իսկ 15 Սեպտեմբերին երկու փոխադրակառքերու վարորդներ ձերբակալեցին ապա, 21 Հոկտեմբերին, ինչպէս Ազրպէյճանի Պետական մաքսային կոմիտէն հաղորդեց, «Մարդասիրական սկզբունքներով պայմանաւորուած» եւ իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում» ազատ արձակեցին իրանցի երկու վարորդները։ Իրանի համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի «բարի կամեցողութեան» պատանդը ըլլալը բնականաբար անընդունելի է, եւ իր բոլոր կարողութեամբ պիտի պայքարի այդ մղձաւանջի իրականութիւն դառնալը կանխարգիլելու համար։

Այս բոլորը Թեհրանի տեսանկիւնէն կ’ուրուագծեն երկիրը տնտեսական ու ապահովական պաշարման տակ առնելու յստակ ու արդէն իսկ շօշափելի վտանգը։ Այդ իսկ պատճառով, Իրան վերջերս տեղի ունեցած Ազրպէյճան-Թուրքիա-Փաքիստան ռազմափորձերը նկատեց իր դէմ ուղղուած, ինչպէս նաեւ Կասպեան երկիրներու մէջ օտար ուժերու ռազմափորձերը արգիլող հռչակագիրի ոտնահարում մը։ Իրանեան կողմը բնականաբար ձեռնածալ չէր կրնար մնալ այս բոլորին նկատմամբ։

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը, Հոկտեմբեր 1-ին, «Խայպարի նուաճողներ» անունը կրող ռազմափորձեր կատարեց իր հիւսիս-արեւմտեան սահմանին՝ Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ։ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան հակադարձեցին, Նախիջեւանի մէջ ռազմափորձ մը կատարելով։ Իրան 5 Հոկտեմբերին, Ազրպէյճանի զինուորական օդանաւերուն դէպի Նախիջեւան թռիչքներու առջեւ փակեց իր օդային տարածքը, ինչպէս նաեւ թրքական բեռնակառքերու դիմաց իր սահմանը։ Անգարա հակադարձեց իրանեան բեռնակառքերու դիմաց փակելով իր սահմանը։

Ականատես ենք խնդիրի մը, որ յառաջացած է Իրանի հարաւ-հիւսիս եւ Թուրքիոյ արեւմուտք-արեւելք ծրագիրներուն միջեւ, որոնց խաչացեւման կէտը Զանգեզուրն է։ Եթէ Թուրքիան Ազրպէյճանի Նախիջեւանի ինքնավար մարզի անվտանգութեան երաշխաւորն է, ստեղծուած կացութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը վերածէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի անվտանգութեան ոչ պաշտօնական երաշխաւորին, իրողութիւն մը, որմէ պէտք է լաւապէս օգտուին Հայաստանի իշխանութիւնները։ Խնդիրը անլուծելի չըլլալ եւ երկու կողմերուն միջեւ մոտիւս վիւենտիի մը յառաջացումը բացառուած չէ։

Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը, սակայն, երկարատեւ պիտի չըլլայ՝ նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական մեծ կապերը։ Իրանի համար Ազրպէյճանէն դէպի Ռուսիա ճամբան նոյնքան կարեւոր է, որքան Հայաստանէն դէպի Սեւ ծով ճամբան եւ Թեհրան ինչպէս չուզեր Թուրքիոյ «բարի կամեցողութեան» պատանդը ըլլալ՝ այնպէս ալ պիտի չուզէ Ռուսիոյ «բարի կամեցողութեան» պատանդը ըլլալ։ Իսլամական Հանրապետութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ «իր հաւկիթները մէկ կողովի մէջ դնելու» անախորժ կացութենէն խուսափելու համար։

Այդ հրամայականը առաւել եւս կը շեշտուի նկատի ունենալով Իրանի մտավախութեան նկատմամբ Ռուսիոյ «գաղջ» վերաբերմունքը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան 6 հոկտեմբերին, Մոսկուա հասնելէ ետք, լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք կ’ակնկալենք, որ Ռուսիան պիտի արձագանգէ եւ զգայուն պիտի ըլլայ շրջանի երկիրներու սահմաններուն հաւանական փոփոխութեան նկատմամբ»։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապտոլլահեանի հետ հանդիպումէն ետք, ընդառաջելով լրագրողներու` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի ազրպէյճանական տարածքին, ներառեալ Կասպից ծովուն մէջ վերջին ռազմափորձերը մեկնաբանելու խնդրանքին, նշեց. «Ռուսիան դէմ է զինուորական գործունէութեան յաւելման, ինչպէս նաեւ սադրիչ բնոյթի ռազմափորձերուն»: Անոր ոչ հասցէագրուած նշումը կը վերաբերի նաեւ Իրանի կատարած ռազմափորձերուն։

Հարցերը արդէն սկսած են դէպի Իրան-Ազրպէյճան լարուածութեան մեղմացում ուղղուիլ. Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, 27 Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու հանդիպումի աւարտին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք հաղորդակցութիւններ ունեցած ենք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, կը կարծեմ, մենք աւարտած ենք լարուածութեան հանրային փուլը: Կը կարծեմ, որ մեր ունեցած խնդիրները աստիճանաբար պիտի լուծուին»։

Անոր յայտարարութենէն կարելի է եզրակացնել, որ այդ լարուածութիւնը ամբողջութեամբ չէ չքացած։ Ատիկա հետագային ալ ամբողջովին պիտի չի չքանայ՝ նկատի ունենալով իսրայէլեան եւ Իրանի մէջ ազրպէյճանական փոքրամասնութեան գործօնները։ Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման ընթացքը եւս կրնայ անշուշտ լուրջ հարուած մը ստանալ, եթէ Հայաստանը, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը իրենց յառաջիկայ վեհաժողովի ընթացքին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնեն։

Մեզի կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ տարածաշրջանին մէջ կարեւորագոյններէն եղող իրանեան գործօնը ինչպիսի ազդեցութիւն պիտի մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին համար այնքան վտանգաւոր «Զանքեզուրի՝ իմա փանթուրքիստական միջանցք» ստեղծելու թրքական երազանքի ճակատագրին վրայ։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.