Ի՞նչ է Հայաստանի իրավիճակը. պատերազմը դադրա՞ծ է, վերսկսա՞ծ, հսկումի նախօրեա՞կ

Յ. Պալեան

Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. այս քաղաքականութիւն ընել է:

Ժորժ Քլեմանսօ, ֆրանսացի քաղաքական դէմք 1841-1029

             Ամէն օր, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կրակոցներ կան, հակառակ երաշխաւորուած զինադադարին, ատրպէյճանցի զինուորները սահման կը հատեն, մարդ կ’առեւանգեն, անասուն կը գողնան, հայ մարդիկ կը մեռնին, ճամբաներէն անցնողներու վրայ կրակ կը բանան: Թէեւ, կացութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը պակսին, ոչ ոք յստակութեամբ կրնայ ըսել, թէ ո՞ւր ի՞նչ կը պատահի, ո՞ւր ինչ կրնայ պատահիլ այսօր կամ վաղը: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն ատրպէյճանցի սանձարձակ գործող բանակայինները:

            Հայաստան պարտուած է թուրք-ատրպէյճանական զինուորական ուժին կողմէ եւ կը գտնուի փակուղիի մէջ: Կացութեան յստակ պատկերացումը չունի ժողովուրդը: Լրատուական թափանցիկութիւն չկայ: Բայց կարծէք կեանքը վերագտած է իր բնականոն ընթացքը: Այն քիչը որ կ’իմանանք, այն է, որ Հայաստանի սահմաններուն վրայ անտիրութիւն կայ, բանակը կարծէք ի վիճակի չէ կացութիւնը հակակշռելու, եւ երկրի ապահովութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու համար կը սպասուի արտաքին ուժերու բարեացակամ միջամտութեան:

            Ծաւալած եւ ծաւալող թեր ու դէմ անվերջանալի վերլուծումները, նախատեսութիւնները, մեկնաբանութիւնները, այլեւս ոչինչ կը լուսաբանեն եւ կը մթագնեն քաղաքական հորիզոնը: Հետզհետէ կը շեշտուին անտիրութիւնը եւ շփոթները: Հակասական արտայայտութիւնները կը շեշտեն անապահովութեան եւ անորոշութեան զգացումը:

            Երկրի կացութիւնը հասկնալու համար իշխանութիւնները յստակ խօսք պէտք է ըսեն, ճշգրիտ տեղեկութիւններ տան: Պէտք է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմակայուի նոր նախայարձակումը  եւ պատերազմը, որուն մասին կը խօսուի, եթէ սահմաններու վրայ տեղի ունեցող անընդունելի միջադէպերը շարունակուին:

            Քննիչ մասնագիտական յանձնախումբ մը պէտք է ուսումնասիրէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքի իրադարձութիւնները եւ արդիւնքները, արձանագրէ մեր անփառունակ պարտութեան իսկական պատճառները, ճշդէ քաղաքական եւ ռազմական սխալները եւ պատասխանատուութիւնները, որմէ ետք միայն կարելի է վստահիլ իշխանութիւններուն, որոնք ալ ըլլան իշխանութիւնները, եւ վերականգնել ժողովուրդին յոյսը, առաջքը առնել պարտութեան հետեւող լքումներու, վերջ տալ փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ մանաւանդ յուսալքման հետեւանք նախատեսուող զանգուածային արտագաղթի, որուն հետեւանքները ճակատագրական կ’ըլլան մեր անկախութեան եւ պետականութեան պահպանման համար:

            Իշխանութիւնները կ’ըսեն, թէ Ատրպէյճանը կ’ուզէ պատերազմ հրահրել, պատերազմը վերսկսիլ: Ատրպէյճան արդէն Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ նուաճողական յայտարարութիւններ կ’ընէ, անզսպելի դարձած յաւակնութիւններով, մինչեւ՝ Էրիվան… Պարտուած իշխանութիւններու պատասխանը այն է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանուի: Ինչպէ՞ս: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւոր եւ դաշնակից Ռուսիան կը տեսնէ եւ կը լսէ, բայց կը լռէ: Հայաստան խաղաղութիւն կ’ուզէ պահպանել: Բնական է, որ պարտուած իշխանութիւն եւ բանակ, չեն կրնար մտածել պատերազմի մասին, չեն ունենար ժողովուրդի նեցուկը:

            Այս իրադրութեան մէջ նոյն իշխանութեան վերարտադրութիւնը, ինչպէս կ’ըսեն, նախաձեռնութիւններու առջեւ բաց դուռ չի ձգեր: Հանրային կարծիքը դեռ կը գտնուի անորոշութեան մէջ, Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան ամբողջական բովանդակութեան հարցով:

            Քաղաքական մեծ վերլուծաբան ըլլալու կարիք չկայ կացութեան բարդութեան մասին մտածելու համար: Խորհրդային Միութիւնը չկայ, բայց Արեւմուտք-Արեւելք մրցակցութիւն-հակամարտութիւնը նոր տարազ հագած կը շարունակուի: «Խորհրդային-Ազատ Աշխարհ»ի զինեալ սահմանագիծ էր Հայաստանը: Հիմա այդ սահմանը «Արեւմուտք-Արեւելք» է: Ռուսական ազդեցութեան գօտիին դէմ կռուեցան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, նաեւ՝ Իսրայէլը, իսկ Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկան, հետեւելով անցեալի աւանդութեան, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ զինուորական օժանդակութիւն բերին Հայաստանի, գոհացած էին եւ կը գոհանան բարեսիրութեամբ, կրնան մատակարարել դեղ եւ սնունդ, յատկացումներ ընել քանդուած տուներ եւ ճամբաներ վերանորոգելու: Կացութիւնը անցեալէն կը տարբերի անով, որ որբախնամի կարիք չէ զգացուած մինչեւ հիմա: Որպէս գոհունակ նպաստընկալ կրնանք աղմուկով ծափահարել:

            Իսկ Ռուսիոյ դիրքորոշումը կարծէք դաստիարակչական է, պատասխան է Հայաստանի մէջ բացայայտ կերպով եւ աղմկարարութեամբ դրսեւորուած հակառուսական յայտարարութիւններու եւ «արեւմտասիրական» պատեհապաշտական խարխափումներու: Անցեալի եւ ներկայի փորձերը բաւարար չափով ուսուցողական չեն եղած, որպէսզի, ներսը եւ դուրսը, հասկցած ըլլանք, որ Հայաստանը Արեւմուտք չէ, Արեւելք է, որքան ալ ոմանց այդ հաճելի թուի Արեւմուտք ըլլալ:

            Արեւմուտքը, նեղմտութեամբ, առանց նկատի առնելու համաշխարհային քաղաքական-գաղափարական նոր դասաւորումները եւ նոր ուժերը, ուրուագծուող քաղաքակրթական-կրօնական գալիք հակադրութիւնները, կը շարունակէ, մեկնելով իր դասական հինցած քաղաքական վերլուծումէն, Ռուսիան տեսնել որպէս մրցակից-թշնամի, ինչ որ յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի ըլլայ ժամանակավրէպ քաղաքականութիւն: Անդրադարձը ցաւոտ կրնայ ըլլալ: Անհեռատեսութիւն է Հայաստանի արեւմտականացման ցանկութիւնըինչպէս նաեւ ռուսական զինուորական ներկայութեան Հայաստանէն հեռացումը: Քաղաքական ողջմտութիւնը պէտք է պարզ հաստատում մը ընէ. եթէ ռուսական զինուորական ուժը հեռանայ Հայաստանէն, ան պիտի չփոխարինուի ո՛չ ֆրանսական եւ ո՛չ ալ ամերիկեան ուժով: Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ. այդ ուժը պիտի փոխարինուի թրքականով, ճամբայ հարթելու համար այլեւս անթաքոյց դարձած համաթրքական կայսրութիւն ստեղծելու երազին, ինչպէս անցեալին ըսուած էր, «Եգէականէն մինչեւ Չինաստան»: Նաեւ՝ Չինաստան:

            Արեւմտականացման խաղի մանիթուները, խաղը տնօրինողները, բացարձակապէս չեն հետաքրքրուած ո՛չ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեամբ, ո՛չ Արցախով, արդէն կատարուած իրողութիւն է իրենց համար Արեւմտահայաստանի կորուստը, հիմա կատարուած իրողութիւն է Արցախի երեք չորրորդի կորուստը: Այդ կորուստները իրենց չեն վերաբերիր, հետեւաբար չեն մտահոգուիր:

            Հայ ժողովուրդ, հայու ինքնութիւն, հայու պետութիւն, հայու մշակոյթ, մեծերու քաղաքական ճատրակի տախտակին վրայ տեղ չունին:

            Հայ ժողովուրդը, ներսը՝ Հայաստանի մէջ, եւ դուրսը՝ սփիւռք, խարխափող եւ իր հայրենահանումը մոռցող, ողջախոհութեամբ պէտք է գիտնան թէ ո՞ւր են իրենց ազգային շահերը, գիտնան թէ ո՞ւր կ’երթան եւ ո՞ւր պէտք չէ երթալ:

            Այս ընտրանքը ոչ անհատական է, ոչ եսական, ոչ սնափառական, ոչ տեղական, ոչ ընկերատնտեսական. ան պատմութեան առջեւ լինել-չլինելու պատասխանատուութիւն է, զոր պէտք է ստանձնել հակասիրողական (anti-amateurisme) մօտեցումով, պատմաքաղաքական բարձրորակ գիտակցութեամբ, ողջախութեամբ, յանդգնութեամբ եւ անձին օրինակի յանձնառութեամբ:

            Այսինքն՝ չսպասել որ երկինքէն մանանայ տեղայ:

            Եւ հեռանալ Ժորժ Քլեմանսոյի դիպուկ արտայայտութեամբ բանաձեւուած քաղաքական որձեւէգ արդարացման փորձերէ. «Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. այս քաղաքականութիւն ընել է»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.