Թրքական Սփիւռքը կը հաշուէ 6 միլիոն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Թուրքիոյ աւելի քան 6 միլիոն քաղաքացի կը բնակի արտերկրի մէջ։ Անոնցմէ շուրջ 5 միլիոնը կ’ապրի եւրոպական երկիրներու մէջ, միւսները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Աւստրալիոյ մէջ։

Աշխատանք գտնելու նպատակով Թուրքիայէն դէպի եւրոպական երկիրներ արտագաղթը աշխոյժ եղած է, յատկապէս 1960-1974 թուականներուն։ Այդ հանգամանքով պայմանաւորուած՝ նշուած ժամանակահատուածին Թուրքիան Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի հետ կնքեր է պայմանագիրներ, որոնք թոյլ կու տային Թուրքիայէն մեկնած գաղթականներուն աշխատիլ այդ երկիրներուն մէջ։ 1974 թուականէն ետք Թուրքիայէն աշխատանքային արտագաղթի ուղղութիւնը փոխուած է դէպի Հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի, Պարսից ծոցի երկիրներ, այնուհետեւ նաեւ՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւն։

Վիճակագրութեան համաձայն՝ 2017 թուականի Մայիսէն մինչեւ 2018 թուականի Մայիս աշխատանքի նպատակով Թուրքիայէն մեկնած է 9780 քաղաքացի։ Զանոնք ընդունող երկիրները հիմնականօրէն եւրոպական եւ ասիական երկիրներն են, իսկ ամենապահանջուած աշխատանքային ոլորտներն են շինարարութիւնը, սպասարկման ոլորտն ու հիւսկեղէնի արդիւնաբերութիւնը։

Թուրքիայէն աշխատանքային տարագիրներ յաճախ կը մեկնին Եւրոպա, ուր 2018 թուականի դրութեամբ 1.039.281 աշխատող թուրք գաղթական կայ։ Ամերիկայի մէջ Թուրքիայէն եկած աշխատանքային տարագիրներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 143․325, Ասիոյ մէջ՝ 166․731, Աւստրալիոյ մէջ՝ 34․090, իսկ Ափրիկէի մէջ՝ 16․987։ Գանատայի 2016 թուականի մարդահամարի վիճակագրութեան համաձայն՝ Գանատայի մէջ կ՛ապրին 64 հազար թուրքեր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.