Թորոնթոյի մէջ կայացաւ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Կանանց Խորհուրդին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ի նպաստ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը տեղի ունեցան 4 Փետրուար 2018-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս։ Պաշտօնական հանդիսութեան հովանաւորներն էին՝ Տէր եւ Տիկին Շանթ եւ Ալին Ղազարեանները։

Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Պրն. Գրիգոր Շիթիլեանը պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ յղած «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Կոնդակով եւ շքանշանով՝ իր բազմամեայ տարիներու նուիրական ծառայութեան համար։

Ընթրիքի աւարտին 25 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ Ազգային Առաջնորդարանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.