Ընդդիմութիւնը տապարահարելու անկշռադատութիւնը

Յունիս 10ի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի լրագրողներու հետ հարցազրոյցը շեշտաւորուեցաւ ընդդիմութեան եւ դաշնակցութեան ուղղուած սպառնալիքներով, այնպիսի պահու մը, երբ պետութիւնը համավարակի ճգնաժամի ծիրէն ներս իր ամէնէն ճակատագրորոշ փորձութեան հանգրուանը կ՚անցնէ։

Պետութեան մը քաղաքական մշակոյթը կը ձեւաւորուի երկրին մէջ գործունէութիւն ծաւալած կուսակցութիւններու միջոցով, որոնք քաղաքացիական հասարակութեան մէջ գաղափարական լիցք եւ հոսանք կը ներարկեն եւ որոնք անպայմանօրէն չեն բաժներ իշխող կարգերու մտածողութիւնն ու քաղաքական ուղեգիծը։

Ժողովրդավարօրէն ընդդիմութեան սահմանումը այն է, որ ան կոչուած է հակադրուելու իշխող կուսակցութեան և այլընտրանքներով հանդէս գալու։ Ընդդիմութեան վիճակուած է կառուցողական քննադատութեամբ կառավարութեան հակասելու եւ քաղաքական վիճարկումներ կատարելու դերը։

Ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու չափանիշները կը խախտուին, երբ իշխանութիւններու գերագոյն նպատակակէտը կը դառնայ ընդդիմութիւնը աղճատելն ու մրցակցային հասարակութեան ձեւաւորման փոխարէն մնայուն քաղաքական գերակայութիւն հաստատելը։

Ուղիղ երկու տարի առաջ կայացած իշխանափոխութենէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական մշակոյթը հիմնովին բարեփոխելու, քաղաքական առողջ բանավէճը խրախուսելու եւ այլակարծութիւնը ընդունելի դարձնելու փորձը ըստ երեւոյթին ձախողած է։ Երէկուան ընդդիմադիրները կը հալածեն այսօրուան ընդդիմութիւնը։ Ընդդիմութեան բռնակաշկանդումը՝ քաղաքական առողջ երկխօսութեան կայացման գործընթացը կը խափանէ։

Ընդիմադիր կուսակցութիւններու գերեզմանաքարերով պետութիւն չի կառուցուիր։ Իշխանութեան միանձնադաւանութիւնը՝ ժողովրդավարական սկզբունքներուն խոտոր համեմատող ճանապարհ է։ Բռնաճնշումներով եւ անհանդուրժողութեան արմատաւորումով «Նոր Հայաստան» չի կառուցուիր, գաղափարախօսական​ բեւեռացումները, ու ծայրահեղութիւնը անպայմանօրէն քաղաքական հակամարտութեան ձեւաչափեր չեն եւ անհրաժեշտ է որ փոխարինուին չափաւորութեան եւ փոխ համաձայնութեան աշխարհայեացքներով։

Ժողովրդավարութեան սկզբունքներն ու արժէքները կիրառական դարձնելու միակ ճանապարհը՝ քաղաքական երկխօսութիւնն է եւ ոչ թէ ճնշամիջոցները։

Իրերու դրութեան նման ենթահողին վրայ հայ քաղաքական մտքին առջեւ սուր կերպով կը դրուի սեփական տունը կարգի բերելու հրամայականը, պետականութեան կայունութիւնը նախապայման դաւանելու առաջնահերթութիւնը: Ներքաղաքական կայունութեան պահպանումն ու համագործակցութեան մշակոյթի զարգացումը անյետաձգելի հրամայականներ են։

Շրջափակման եւ համավարակի գրոհին տակ գտնուող մեր հայրենիքը, այսօր, աւելի քան երբեք, քաղաքական բոլոր առողջ ուժերով միաւորուելու եւ իրադրութիւնը չափակշռելու կարիքը ունի։ Մեր կենսազրահը՝ մեր ազգային միասնականութիւնն է։

Ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց ջատագով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Հարի Թրումանի 70 տարի առաջ հնչեցուցած խօսքերը այսօր եւս այժմէական եւ ուսանելի են, ուր ան կը հաստատէ, որ երբ կառավարութիւն մը հաւատարիմ կը մնայ ընդդիմութեան ձայնը լռեցնելու սկզբունքին, ան կրնայ երթալ մէկ ուղղութեամբ՝ ճնշելու միջոցին, մինչեւ որ դառնայ սարսափի աղբիւր իր բոլոր քաղաքացիներուն համար և ստեղծուի երկիր մը, ուր բոլորը կ՚ապրին վախով։

Տէր ըլլանք մեր ազգային քաղաքական հասունութեան ու ողջախոհութեան։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.