Էրտողանի բռնարարքներուն դէմ ուղղուած բողոքի «Լուռ հաւաք» Մոնթրէալի մէջ

Մոնթրէալի թուրք հիւպատոս Տէնիզ-Պարքան Ումրուք Մայիս 17-ին հանդիսութիւն մը կազմակերպած է Մոնթրէալի Biodôme-ին մէջ նշելու համար Մոնթրէալի «Խաղաղութեան  թրքական պարտէզ»ի (“Jardin Turc de la Paix” / ”Türk Barış Bahçesi”) 17րդ տարեդարձը։ Հիւպատոսը հրաւիրած է բազմաթիւ հանրային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ։

Թուրք պետութեան բիրտ քաղաքականութեան հակադրուած բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին Քեպէքի քրտական հիմնարկը, Montreal Kurdish Solidarity Network-ը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը, այս առթիւ կազմակերպեցին բողոքի «Լուռ հաւաք» Biodôme-ի մայր մուտքին առջեւ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.