Եօթանասուն Տարուան Անդուլ Պայքարը Կը Շարունակուի Միեւնոյն Վճռականութեամբ

( Հայ Դատի Պրիւքսէլի հանգանակութեան լոյսին տակ )

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու մէջ 1944-ին կատարուած ժողովրդային աննախընթաց հանգանակութեամբ մը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հիմը կը դնէր Հայ Դատի իր արհեստավարժ գործունէութեան, հանգանակուած 165000 տոլարի շնորհիւ Նիւ Եորքի մէջ բանալով իր առաջին պաշտօնական գրասենեակը: Վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր. տուեալ քաղաքը ՄԱԿ-ի կեդրոնն էր, եւ մեր Դատի ճանաչումը առաջին հերթին կ‘առնչուէր անոր:

Ահաւասիկ այդ օրէն ու ամբողջ եօթանասուն տարի, ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը գործեցին անընդմէջ, պայքարի անխախտ միեւնոյն համոզումով, ոգիով ու կամքով, հակառակ երբեմն արտաքին թէ ներազգային ճակատի վրայ յամեցող դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու:

Սակայն, փաստօրէն, մեր ժողովուրդին յանձնառու զանգուածը միշտ ալ մնաց ՀայԴատի կողքին եւ քաջալերեց, զօրակցեցաւ անոր` բանիւ եւ գործով: Ամբողջ եօթանասուն տարի, յանձնառու այդ զանգուածը երբեք չզլացաւ ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ նիւթական իր նեցուկը: Վստահեցա՛ւ Դաշնակցութեան, վստահեցա՛ւ Հայ Դատի նկատմամբ Դաշնակցութեան անսակարկ ու անշահախնդիր նուիրումին, որ եղաւ ի հարկին` կեանքի գնով նաեւ:

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել տակաւին քանի մը օր առաջ, 9 նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ կատարուած 2.5 միլիոն տոլարի հանգանակութիւնը ի նպաստ Եւրոպայի Հայ Դատին:

Հարցում. ինչու՞ այս վստահութիւնը, եւ քանիերո՛րդ անգամն ըլլալով: Եթէ հաշուենք Եւրոպայի համար նախորդ չորս հանգանակութիւնները եւս ( Ժընեւ, Փարիզ, Տուպայ, Փարիզ ), հանգանակուած ընդհանուր գումարը կը հատէ 15 միլիոն տոլարի սահմանը: Եւ ասիկա, կ‘ընդգծենք, միա՛յն Եւրոպայի պարագային, եւ ոչ` համագաղութային, ուր այլապէս շատ աւելի մեծ տարողութիւն կը ստանան հարկաւ թուանշանները:

Արդ, անգամ մը եւս կը կ‘ուղղենք հարցումը. ինչու՞ շարունակուող այս վստահութիւնը: Վերջին հաշուով կը խօսինք նիւթականի մասին, եւ ոեւէ մէկը, մանաւանդ տնտեսական ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, իր գրպանը չի բանար անտեղիօրէն, հեշտօրէն …
Ուրեմն պարզ է, թէ ինչո՛ւ:

Որովհետեւ երբ ժողովուրդը կը հետեւի Եւրոպայի Հայ Դատի արձանագրած յաջողութիւններուն եւ կը տեսնէ շօշափելի արդիւնքներ տարուած աշխատանքներուն մէջ` քարոզչական, յարաբերական թէ քաղաքական, երբ գիտէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր տարուած իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական յամառ աշխատանքին մէջ առիւծի բաժինը կը խլեն Հայ Դատի մեր միաւորները, բնականաբար կը զօրակցի, կը քաջալերէ, կը սատարէ: Երբ կը տեսնէ, որ Պրիւքսէլի գրասենեակը արցախեան թղթածրարի կապուած որքա՜ն աշխատանք կը տանի, որքան եւրոպացի խորհրդարանականներ, ակադեմականներ, տարբեր մարզի գործիչներ կ‘ուղորդէ դէպի Ստեփանակերտ, ուրկէ բնականաբար անոնք կը վերադառնան` տագնապին գծով հայկակա՛ն կողմի թեզերով ամրապնդուած, հակառակ` ազերիական կողմի ծաւալած ապատեղեկատուական հսկայական արշաւին ու մեր պիւտճէին բազմապատիկը ծախսուող անոնց փեթրոտոլարներուն, մեր հայրենակիցները սիրով կը զօրակցին ու իրենց լուման կը բերեն հաւաքական մեր պայքարին: Այո, երբ մեր ազգայինները կը հասկնան, որ ի վերջոյ, հայկական դեսպանատուներուն ու հիւպատոսարաններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութիւններուն կողքին կանգնած ու անոր սատարող արհեստավարժ, փորձառու ու ամուր շարասիւն է Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մեր գրասենեակը, որ անշուշտ իր շուրջ ունի Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի տեղական յանձնախումբերու կամաւոր հսկայ բանակը, վստահաբար պիտի գօտեպնդուին ու պինդ պիտի կանգնին մեր կողքին:

Եւ տակաւին կայ ուղղակի դիպուկը: Երբ ժողովուրդդ կը հաստատէ, որ այս վեհ ծառայութեան մէջ չունիս ենթակայական մօտեցումներ, այլ` միայն ու միայն մեր սրբազան Դատին ծառայելու անկեղծ երդում ու պատրաստակամութիւն, երբ մօտդ տիրականը համազգային ու համահայկական մտածողութիւնն է եւ ոչ թէ հատուածական, երբ քաղաքական ուղեգիծիդ եւ վարքագիծիդ մէջ ամենայն պայծառութեամբ կ‘երեւի պետութիւն-իշխանութիւն սահմանագծումդ ու տարբերակումդ, այլ խօսքով, երբ ան կը հաստատէ, որ հակառակ հայրենի իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան ընդդիմութեանդ, անոր հետ կը շարունակես պայմանական համագործակցութիւնդ` յանուն հայրենիքի եւ պետութեան շահերուն, ամէն բանէ վեր դասելով պետականութեան ամրապնդումը, պարզ է որ ոչ միայն պիտի սատար կանգնի, այլեւ պիտի գնահատէ ու ողջունէ քաղաքական այս հասունութիւնդ, որ կը բխի համազգային մտածողութենէդ ու համահայկական էութենէդ:

Աւելի՛ն: Երբ հանգանակութեան ձեռնարկիդ ներկայ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ( իր ներկայացուցիչով ), Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչը յանձին դեսպանին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձով կը հաստատէ, որ Հայ Դատի աշխատանքները անգնահատելի են մեր պետականութեան համար, յատկապէս` արտաքին քաղաքականութեան համար, երբ Վեհափառ Հարապետը հայ իրականութեան մէջ առանձնակի ու եզակի կը նկատէ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, անշուշտ որ ժողովուրդը առաւել պիտի ամրապնդէ վստահութիւնը հանդէպ իր ճանչցած կուսակցութեան ու անոր ծաւալած համազգային տարողութեան գործունէութեան:

Վերջապէս կայ նաեւ ամենէ՛ն կարեւոր հանգամանքը: Մեր ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ մեր ուժի աղբիւրը ի՛նք է: Ֆինանսական ուժի մասին է այստեղ խօսքը: Գիտէ, որ մենք կը դիմենք միա՛յն իրեն, իր ճակտի քրտինքին, մաքուր ու հալալ քսակին, որովհետեւ կը մերժենք մութ, պղտոր, օտար այլ աղբիւրներ, որովհետեւ մենք էապէս ազգային ենք, իսկ մեր Դատը` զուլալ ու արդար: Եւ ճիշդ ա՛յս իսկ պատճառով, մենք ոչ մէկուն ենթակայ ենք ու հաշուետու, բացի հարազատ մեր ժողովուրդին:
Ահաւասիկ ազգային-քաղաքական ա՛յս պրիսմակէն պէտք է դիտել ու արժեւորել ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Պրիւքսէլեան նախաձեռնութիւնը , այլ ոչ` իբրեւ սոսկական հանգանակական միջոցառում: Եւ այս համոզումով ու այս ճանապարհով պիտի շարունակուի երթը, ընդմիշտ, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.