Երեւան Պիտի Ստորագրէ Իրանեան «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով» Նախագիծը
949
0
Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի գործարկման մասին համաձայնագիրը` հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան:
Ներկայիս նախագիծի մասնակիցները կը սպասեն, որ տուեալ նախագիծի գաղափարի հեղինակ Իրանը ե՛րբ պիտի յայտարարէ համաձայնագիրի ստորագրման թուականը:
Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին պատասխանելով յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութենէն:
«Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի նախագիծը կ՛ենթադրէ չընդհատուող երթուղի, որ Նիւ Տելհին եւ Թեհրանը կը կապէ Եւրոպայի հետ Երեւանի եւ Թիֆլիսի միջոցով, բազմատիպի փոխադրումներով: