Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի արտակարգ երկրորդ նստաշրջանի 7-րդ նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի առթիւ ելոյթ ունեցաւ:

Արիսեան, իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին հայերը տակաւին կը բախուին միջազգային հանրութեան, որ դերացած է իր դերը կատարելու միջազգային իրաւունքի հայեցակարգերու եւ ճնշուած ժողովուրդներու արդար դիրքորոշումներու խթանման գործով:

Ան հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու Սէյֆօ ջարդերը պիտի մնան Թուրքիոյ հալածող ամօթի խարանը, քանի որ տակաւին Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ նաեւ հետապնդել իր նկրտումները, ծաւալապաշտական ու յարձակողական քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւն կիռարելով:

Արիսեան, աւելցուց, թէ սուրիահայերը, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքը ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երախտապարտ են սուրիական պետութեան, եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին 13 Փետրուար 2020 թուականին, հայերու ցեղասպանութիւնը միաձայնութեամբ դատապարտող բանաձեւը ընդունելու համար, քանի ու անոնք կը հաստատեն իրենց կարչած մնալը Սուրիոյ ազգային ինքնութեան:

Խօսքին աւարտին Արիսեան ըսաւ. «Շնորհակալական խօսք կ՛ուղեմ Խորհրդարանի նախագահին, նախորդ նստաշրջանի գործընկերներուս, անցեալի Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի անդամներուն, որոնք աջակցեցան վերոնշեալ պատմական բանաձեւի ընդունման: Ինչպէս նաեւ անսահման շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքս կ՛ուղեմ Սուրիոյ նախագահին՝ մարդկային դատերը սատարելու եւ Սուրիոյ մէջ մշակութային բազմազանութիւնը պաշտպանելուն համար»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.