Դիմադրութիւն

ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ա.- Մուտք
Բ.- Թէ Որո՛ւ Կողքին Կը Քալեմ, Բռունցքս` Վեր
Գ.- «Զարթի՛ր, լա՛օ»

Մուտք

Երբ յուլիս 2021-ին Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքը ի յայտ եկաւ, արդիւնք, որ յաղթանակի դափնիով կը պսակէր Արցախը պատերազմի եւ պարտութեան տարած մարդը` առանց նկատի առնելու բազմահազար երիտասարդներու կորուստը ու մեր պատմութեան քաղաքական երթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումէն ետք միակ ձեռքբերումին` Արցախի ազատագրումին ոչնչացումը, անդրադարձայ շատ սուր կերպով, թէ օտարած էի հայաստանեան հասարակութեան որոշ մէկ խաւէն: Զգացի, որ խախտած էր վստահութիւնս Հայաստանի բնակչութեան որոշ մէկ մասին հանդէպ: Իմ աչքիս` անոնց մտքերը գերեվարուած էին ու լծուած` ընկերային ցանցերուն կողմէ տարիներէ ի վեր կառուցուող, միջազգային դրամատիրութեան տեսլականը ջատագովողներու սայլին: Մեր պետութեան անկախութիւնը վտանգուած էր:

Բայց միթէ այդպէս չէ՞ր վերանկախացած հանրապետութեան ծնունդէն իսկ եւ երեսնամեայ կեանքի ընթացքին: Ի վերջոյ, խորհրդային կարգերու փլուզումով մեր երկիրը մուտք գործած էր արեւմտեան «յաղթական» դրամատիրական տնտեսական  դրոյթի պալատէն ներս… Պէտք էր ընդօրինակել «ազատ աշխարհ»-ի բարքերն ու քաղաքական կեանքի «ժողովրդավարական» նիստ ու կացը… եւ եղան ընտրութիւններ, բացի առաջինէն` բոլորն ալ խարդախուած… Եւ ինչպէ՞ս խօսիլ անկախութեան մասին երկրի մը, որուն տնտեսութիւնը այնքան մը զարգացած չէ, բոլորովին ուրոյն դիրքորոշումներ ունենալ կարենալու համար քաղաքական կամ ընկերային հարցերու գծով: Մանաւանդ որ տնտեսական համակարգը վայրի դրամատիրութեան ելեւէջներուն յանձնուած` ենթակայ է մեծապետական այլեւայլ ուժերու ազդեցութեանց: Կարելի չէր Հայաստանը ճիպոտի հարուածով տեղափոխել արեւմտեան տիպի այսպէս կոչուած զարգացած, աւելի քան խնդրական` ժողովրդավարական, «ազատ» կարգեր ունեցող երկիրներու խումբին մէջ, ան պիտի շարունակէր կրել Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ բոլոր հանրապետութիւններուն հասարակական կեանքը յատկանշող ախտերը եւ ատոր հետեւանք` իր քաղաքացին պիտի յատկանշուէր պետութեան հանդէպ դրսեւորած խոր օտարումով (կարդալ այս գծով հայ ընկերաբաններու ուսումնասիրութիւնը*): Կարելի էր միայն յուսալ, որ դանդաղօրէն, հետզհետէ, կրթութեան եւ դաստիարակութեան ճամբով մեր երկիրը պիտի ձերբազատէր Խորհրդային Միութեան հասարակութեան մէջ հաստատուած ու տակաւին յամեցող բացասական երեւոյթներէն:

Ուրեմն, եթէ արտահերթ ընտրութիւնները հինէն եկող ու պարզապէս շարունակուող ընտրական ոչ օրինակելի գործընթացի հետեւեցան (տեսնել այս գծով Ջհանգիրեանի վերաբերեալ վերջին արձանագրութիւնները), ի՞նչ հարկ` այդքան ընդվզեցուցիչ գտնելու անոնց արդիւնքը եւ հարցականի տակ առնելու հայկական հանրապետութեան անկախութիւնը:

2021-ի ընտրութիւններու պարագային, սակայն, վերընտրուեցաւ Արցախի երրորդ պատերազմէն պարտուած դուրս եկած, Շուշին յանձնած, անկշռելի մարդկային կորուստներու պատասխանատուութիւնը կրող մարդը, որ նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը ստորագրելէն ե՛տք ալ շարունակեց ղեկավարել մեր երկիրը եւ այդ ընթացքին ընդունելի գտնել ինքնիշխան երկրի սահմաններէն ներս ազերի զօրքի մուտքը, հոն հաստատուիլը ու տակաւին իր խօսքով արդարացնել ազերիաթրքական պահանջները մեր ծննդավայր տարածքներուն վերաբերեալ, չվարանելով նոյնիսկ կասկածի տակ առնելու թուրքերու հետ մեր հակամարտութեան արդարացիութիւնը… Այսպիսով, հետզհետէ տեսանելի դարձած էր մեր երկրի տարածքներու հետագայ արտաթափումը ի շահ ազերիական պետութեան եւ հայկական պահանջատիրական երթին` Հայ դատին արգելակումը: Լրացած էր  փազըլի կտորներով կառուցուած մեզի համար աղէտալի պատկերը. 2018-ի «յեղափոխութեան» իսկական դէմքը, տէրերն ու անոնց կամակատարներուն դերը ա՛լ յստակացած էին: Մեր երկրի վարչապետն ու իր խմբակը կամակատարներն էին թուրք-ազերիական քաղաքական ծաւալապաշտ ծրագիրներուն, որոնք իրենց կարգին կը համընկնէին կովկասեան տարածաշրջանին մէջ մեծապետական այլ եւ այլ ուժերու շահերուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրած էր նախապէս ալ մասնակի չափով միայն ունեցած անկախութեան տէրը ըլլալէ, ու իշխանութեան հասած մարդիկը բացայայտօրէն կը ծառայէին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն, իմա՛ պետութիւններու, որոնք ոչ միայն հեռաւոր անցեալին այլ բոլորովին նոր օրերու, արցախեան վերջին պատերազմին, մեր դէմ թշնամական կեցուածք որդեգրած էին ու իրենց ծաւալապաշտ ծրագրերը բացէն ի բաց յայտարարած: Ուրեմն ակնբախ էր, որ Հայաստան կը գտնուէր 1940-ի Ֆրանսայի կացութեան մէջ, երբ պարտուած Ֆրանսան իրողապէս կորսնցուց իր անկախութիւնը ու Փեթեն գործակցեցաւ Գերմանիոյ հետ: Կը մնար մէկ ճամբայ` ֆրանսական RESISTANCE-ի ճամբան: Երբ պարտուած եւ թշնամի պետութեան գործակից  իշխանութիւն մը կը դառնայ ինքնաբերաբար թշնամի պետութեան իշխանութեան ենթակայ, ըմբոստութիւնը անոր դէմ մարդկային հիմնական իրաւունք է եւ արմատական Դիմադրութիւնը` արժանապատիւ:

Թէ Որո՛ւ Կողքին Կը ՔալեմԲռունցքսՎեր

Երբ հասայ, հրապարակը պարապ էր այդ օր. ուշացեր էի: Բազմահազար մարդոց զանգուածը արդէն ճամբայ ելեր էր քայլերթի: Հրապարակի ճակտին պարզուած մեծ պաստառը լռութեան մէջ  քայլերթէն նկարներ ցոյց կու տար: Նկատեցի մարդ մը, միայնակ մարդ մը. կեդրոնական շրջանակին մօտ կեցած էր միս մինակ, աջ թեւը վեր բարձրացուցած, բռունցքը պարզած, լո՜ւռ իր բողոքը կը յայտնէր: «Յայտնել»-ը սխալ բառ է, մա՛րդ չկար զինք դիտող. ես զինք կռնակէն կը տեսնէի, ան միայն կը ձեւաւորէր իր բողոքը, ցասումը` զինք պարտութեան առաջնորդած մարդուն դէմ, իր քաղաքական արդար պահանջները չեղարկող, արհամարհող վարչախումբին դէմ: Ես ա՛յդ մարդուն կողքին եմ. ինծի անծանօթ, անդէմ մարդուն կողքին. առանձին, մինակ, անկոտրում կամքով ծառացած մարդուն, զինք ոտնակոխ ընել փորձողներուն դէմ ըմբոստացած հայ մարդուն կողքին եմ:

Պէտք էր երթայի Երեւան: Չէի՛ ուզեր: «Արիւնոտ ճահիճ» էր ալ ան աչքիս: Ամբողջ սերունդի մը սպանութիւնը մարսող հօտ մը կը մակաղէր արեան մէջ, կեդրոնի լուսաշող, ճոխ յղփացումի մածուցիկ նիւթին մէջ ընկղմած: Իրենց երկրէն ու ժողովուրդէն օտարած մարդիկ կը թուէին ինծի սրճարանները լեցնողները. ո՛չ մէկ նշան`  պատերազմ տեսած, հինգ հազար երիտասարդ մատաղ ըրած հասարակութեան մը… Պատերազմը չէր հասած Երեւանի կեդրոնը, հեռուն էր ան, Արցախ կ՛ըսեն…

Երեւանի կեդրո՞նը: Իր, առարկայ դառնալու վայր (rռification). պարտքի տակ ճկող երկիրը հոս իր ծանուցումներու լոյսերով պորտապար կը պարէ. խորհրդային տարիներէն ժառանգուած ոգիի ու մտքի կառոյցները, արձանները կարծես ալ չեն պատկանիր դրամատիրութեան կլափին մէջ խելայեղօրէն ինկած այս հասարակութեան: Իր, նիւթ, դրամ. արտաքինի պաշտամունք, աչք շլացնող ցուցափեղկ, շպար ու մակերես: Կատարելապէս ողողուած է ան հիմա նոյնանման, անշահ ու սին բախտախաղի գովազդներով: Բնականաբար նոր չէ դրամատիրական աշխարհի «հարուստ» երկիրներու այս կապկումը. անկախացած Հայաստանը դժբախտաբար անսանձ կերպով ինկաւ արեւմտեան դրամատիրութեան տնտեսական «ազատութեան» գիրկը, սակայն հիմա, անսահման կորուստին առթած ցաւի, յամեցող կեղծիքէն ամօթի՛ հայկական իրականութեան մէջ այդ կենսաձեւը հեղձուցիչ է: Շունչս կ՛առնեմ Ֆրանսայի հրապարակ, միակ ազատ շնչելու վայր` այս ինքզինք նիւթապաշտութեան եւ առաւել քաղքենիացումի տուած հասարակութեան մէջ:

Հոն կ՛երթամ ինչպէս մէկը, որ կը փնտռէ շուկայէն հեռու, զուլալ ջուրի, ակնաղբիւրի զով բխումը: Քիչ մարդ կը ճանչնամ: Կը սիրեմ, որ հրապարակը լեցուի կամաց-կամաց. մարդիկ հոն կու գան ամէն մէկը իր կշռոյթով. չկայ ճիպոտի ստրկացնող նշան: Ու կը սիրեմ դեռ վրաննե՛րը, ո՛չ միահեծան կերպով, այլ հետզհետէ տեղադրուող վրանները, ճգնաժամի պահու գիտակցութենէն յանկարծ բուսած` անոնք այլազան մարդոց խումբերու ապաստան են հիմա, ընդարձակ հրապարակը եզերող… Կը յուզուիմ ազգային դրօշի իրենց գոյներուն միամիտ ընդգծումէն` թէ չունինք այլ  յաւակնութիւն, քան` հայկական անկախ պետականութեան մեր  պատկանելիութիւնը. ոչ մէկ արդիական, արհեստագիտական շպար, եւ այդ վրանները իրենց պարզօրէն ստանձնուած ազգային գոյներով հրապարակին կու տան կարծես ամենանախնական մարդկային հաւաքավայրերու վաւերականութիւնը, անշպար ինքնութիւնը: Մեր առհաւական ծննդավայրի լեռնային դարպասներու` Սիւնիքի, Արցախի պատմական շրջաններէն քաղաքներու տեղանունները կը կրեն այդ վրանները անսեթեւեթօրէն, առանց փառասիրութեան, հռետորութեան. վրաններուն տակն են հիմա այդ հեռաւոր դարպասներէն Հրապարակ հասած ու «վրան զարկած», հոն իջեւանած հայ մարդիկ: Ինծի համար հայոց պատմութեան դասագրքերէս առնուած տեղանուններ են անոնք, իրե՛նց համար` ապրելու տեղ, վա՛յր, ՏՈՒՆ` Կապան, Սիսեան, Մեղրի, Շուշի…

Կը սիրեմ զիս գրկող աշխարհագրական ապրո՛ղ այս շղթան, մանրացուած մեր լեռնաշխարհէն լաթէ, ժամանակաւոր հիւղեր, բայց կա՛րծր` իրենց ապառաժներուն նման: Անգամ մը հրապարակին մասին կարդացի առերեւոյթ արհամարհական խօսք մը, թէ զայն առաւելագոյնը դաշտագնացութեան վա՛յր կարելի էր համարել… Ոմանց այս քամահրական սլաքները իմ ուրախութեան կէտերս են. հրապարակը` փիքնիքի վայր. գրողին ակնոցով պախարակիչ այս խօսքը հրապարակի էութեան մասին աղո՛ւոր յատկանիշ մը մէջտեղ կը հանէ. բնակա՛ն հաւաքավայր, բնակա՛ն ըմբոստացումի վայր, անկաշկանդ ապրումներու դրսեւորումի վայր. հոս չկա՛ն նախապէս լաւապէս հաշուուած ձեւ ու շարժում. ամբոխային հոգեբանութիւն ուսումնասիրած օտար կեդրոններու կողմէ, օտարի միջոցներով մարզուած մարդիկ չկան հոս, «յեղափոխութիւն»-ներ սարքողներ ալ չկան, որոնց հպարտութեան աղբիւր եղաւ այն, որ, արտաքին ձեւերով, կապկումներով, կեղծ բեմադրութիւններով  (Արցախի հերոս` Ռոպերթ Ապաճեանի կեղծ մեծ հայր «յեղափոխութեան» հարթակին վրայ, Մոնթէի զգեստաւորուած կրկնօրինակ եւ աւելի ուշ` գորիսեան խրամատներու զազրելի բեմադրութիւն..) կրցեր էին հրապուրել արդար դժգոհութիւն ունեցող բազմահազար մարդիկ ու տանիլ զիրենք դէպի միջազգային դրամատիրութեան կովկասեան շահագործումի գործարան` որպէս նիւթի եւ ԴՐԱՄԻ դշխոյին անդէմ սպասարկուներ:

Ես այդ օր փորձեցի հասնիլ քայլերթի մասնակիցներուն, պէտք եղաւ  առանձին իջնել ամբողջ Սայաթ Նովա պողոտան: Հրապարակի ըմբոստ, միայնակ բռունցքը դրոշմուած էր մէջս,  եւ կարելի չեղաւ պարզ անցորդի պէս քալել. բռունցքս վեր` մինակս յառաջացայ  քիչ մը զարմացած անցորդներու ակնարկին տակ, սիրած յանկերգս կրկնելով` «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ». խե՞նթ, անհեթե՞թ, արտառո՞ց, ապարդի՞ւն, ի՜նչ փոյթ. ես այդ օր տեսե՛ր էի մեր բարձրաւանդակին կառչած` միայնակ մարդը, հայոց պատմութեան մեռած էջերէն ոտքի յառներ էր ան, թէկուզ եւ մինակ, թէկուզ եւ անհեթեթ, թէկուզ եւ անզօր` դրամատիրութեան վիթխարի մամուլին տակ: Իրա՛ւ էր ան ու կենդանի. լուռ էր իր պատգամը եւ վերջնական` «ըմբոստութի՛ւն սրբազան»:

Եւ ալ վար չառի բռունցքս:

Զարթի՛րԼաօ՛ 

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի սկիզբը հայկական բարձրաւանդակի իր բնօրրանին մէջ ապրող հայ գիւղացիին յեղափոխական երգերէն է «Զարթի՛ր, լաօ՛»-ն: «Վեց դարերու» ստրկութեան ծանր թմբիրէն զարթնելու ըմբո՛ստ կոչ է ան: Կոչ հայ մարդուն` իր, նախ` բնախօսական մակարդակի իրաւունքին` կեանքի իրաւունքին տէր դառնալու եւ անկէ անդին` իր ինքնութիւնը պահպանելու:

Ինչպէ՞ս բացատրել եւ հասկնալ անոր ուժգի՛ն վերայայտնումը այս օրերուն, մեր անկախ հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի սրտին մէջ: Ան այժմ կը պայթի Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ եւ անկէ ճառագայթող պողոտաներու երկայնքին, կը լեցնէ բազմահազար հայերու ականջը, կը խօսի անոնց սրտին ու կ՛արձակուի անոնց կուրծքէն. ի՞նչ պէտք կայ ե՛ւ հայրենաբնակ ե՛ւ սփիւռքաբնակ մարդուն ըսելու` «Զարթի՛ր, լաօ՛»:

Ուրեմն հաւասարապէս սփիւռքահայուն եւ հայաստանաբնակ հայուն կ՛ուղղուի խօսքը. ատիկա աղուո՛ր նշան մըն է, որ անոնք` երկո՛ւքն ալ  կը մասնակցին Հայաստանի ներկայ օրերուն կառուցուող պատմութեան:

Որոշ դառնութիւն կ՛առթէ նաեւ մտածելը, որ անկախ պետականութիւն ունեցող արդի հայ մարդը, թէ՛ իր հողին վրայ, թէ՛ այլուր, կը գտնուի հայկական բարձրաւանդակի հայ գեղջուկին թմբիրի կացութեան մէջ, որուն կ՛ուղղուի «Զարթի՛ր» կոչը: Դառնութիւնը կը մղէ հարցադրումի. այս ի՞նչ թմբիր է, որ քսանմէկերորդ դարու քաղաքաբնակ հայուն միտքը պարուրեր է Սիտնիէն Լոս Անճելըս, Սթոքհոլմէն Փարիզ, Պուէնոս Այրես, Պէյրութ, Հալէպ, Երեւան… Ո՞ր հաւասարեցնող, տափակցնող գլանը անցեր է մեր ուղեղին վրայէն, հիփնոսացուցեր զայն ու նետեր` երջանիկ անզգայութեան գիրկը, տալով անոր ժպտուն թմբիրը քաղքենիին, սպառողական ընկերութեան խեղճացած պտուտակին…

Եթէ նախկին դարերու հայկական բարձրաւանդակի հայ գեղջուկը կրողն էր իր շրջապատի ֆիզիքական վայրի պայմաններու հարուածներուն նաեւ օտար եւ հայ, զինք շահագործող մարդոց բիրտ գործողութիւններուն ու անօգնական` յանձնուած էր անոնց եւ դարձած` ստրկամիտ, ապա քսանմէկերորդ դարու քաղքենի հայը կալանաւորուած է գերարդիական, արհեստագիտական, անդէմ, բայց նոյնքան վայրի ուժերու շղթաներուն մէջ, ունի նոյնքան անազատ մտածելակերպ. ան արդի դրամատիրական ընկերութեան համաշխարհայնացած շուկայական դրոյթին` նոր ազատականութեան լծակ ու նպատակ` մարդը իր, առարկայ դարձնելու գործընթացին զոհն է:

1968-ի երիտասարդական, ուսանողական շարժումները (Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Ֆրանսա) խորապէս հարցականի տակ առին դրամատիրական ընկերութեան մէջ անհատի օտարումը եւ զայն ազատագրելու հրամայականը ընդգծեցին: Համաշխարհային դրամատիրութիւնը այդ շարժումներուն պատասխանեց նոր ազատական շուկայական մտածողութիւնը զարգացնելով եւ շեփորեց համաշխարհայնացումը. քանդեց երիտասարդական, աշխատաւորական ըմբոստացումներու ներուժը` կոտորակելով ընկերային անարդարութեանց խորապատկերը. ան զայն փոխարինեց փոքր պայքարներու շրջանակներով` բնապահպանում, կնոջական իրաւունքներ, սեռային ազատագրում եւ այլք: Նոր ազատականութիւնը հասաւ իր նպատակին. կէս դարէ ի վեր աշխարհը ականատես չէ ընկերային արդիւնաւէտ յեղափոխական շարժումներու, անոնք յաջողապէս փոխարինուեցան «ժողովրդավարութիւն» գովաբանող, քաղաքական հակամարտ ուժերու բռնցքամարտերով, իշխանութիւններու փոփոխութիւններով, առանց հիմնական հարուած հասցնելու դրամատիրական կարգերուն եւ շուկայական արժէքներուն:

Հասարակական մեծ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն, արհեստագիտութեան մարզէն ներս, համակարգիչներու, հաղորդակցութեան ելեկտրոնային նորագոյն միջոցներու տրամադրած «կառավարման» (cybernétique) անսահման կարելիութիւններու հրաշալիքով: Դժբախտաբար ինչպէս նախապէս ճարտարարուեստի յեղափոխութիւնը իր ընձեռած կարելիութիւններով չնպաստեց աշխատաւորի ծաղկումին, այլ ընդհակառակը,  յառաջացուց անոր ծայրայեղ շահագործումը, այնպէս ալ դրամատիրական կարգերու դրոյթին մէջ ամէ՛ն արհեստագիտական հաղորդակցութեան ձեռքբերում կը գործածուի ընդհանրապէս յաւելեալ շուկայական մրցունակութիւն, յաւելեալ դրամի տիրապետութիւն ստեղծելու: Միւս կողմէ` համատարած հաղորդակցութեան անսահման միջոցները, որոնցմով կարելի է մտային զարթօնքի առաջնորդել զանգուածները, կը գործածուին դրամատիրական դրոյթին մէջ որպէս յաւելեալ շահ ապահովելու միջոց, իր բոլոր տեսակի հետեւանքներով, որոնցմէ մէկը քաղաքական տիրապետութիւնն է հասարակութեան մտքերուն: Անհատի հոգեկան ու մտային ինքնիշխան ծաղկումը փոքրաթիւ մարդոց ձեռքբերումը կը մնայ:

Այս համագրութեան մէջ ծամածռութեան կը վերածուին յառաջադէմ գաղափարները ու Կեւարայի մը, Զափաթայի մը, Արաֆաթի մը, Գէորգ Չաւուշի մը կերպարները երիտասարդ մտքերը կը հետաքրքրեն այն չափով միայն, որ պիտի ընէին զանգուածային զբօսաշրջութեան տարաշխարհիկ վայրերու բնակիչները…

Լուսաւոր պաստառը միշտ չէ որ կը ծառայէ լուսաւորութեան, ընդհանրապէս ան գործիք է կրաւորական զանգուած պատրաստելու, զանգուած, զոր կարելի է ուղղորդել դրամատիրութեան շահերու տեսլականով:

Մտացի քաղաքացի, տեղեկացուած, ողջմիտ եւ քննական միտք ունեցող անհատ պատրաստելու հարցը հրատապ նիւթ է համաշխարհային մակարդակով: Այս գծով Ֆրանսայի հրապարակին մէկ շատ դրական դէմքը ի յատ եկաւ հոն կազմակերպուող հաւաքներու փեթակին մէջ: Դիմադրութեան շարժումի կազմակերպիչները հետամուտ են հանրութիւնը մղելու` հարցադրումներու, քննարկումներու: Կանոնաւոր կշռոյթով տեղի կ՛ունենան դասախօսութիւններ, մասնագէտ անձերու կողմէ կատարուող քննարկումներ, կլոր սեղաններ. բազմիցս շեշտուեցաւ հարթակէն, որ կը քաջալերուի հրապարակին վրայ, սեղանի մը շուրջ  ազատ խօսքն ու զրոյցը հասարակութիւնը հետաքրքրող հարցերու մասին: Այսպիսի մտքի զարգացման միտող հետեւողական աշխատանքով պիտի կառուցուի ապագայ ժողովրդավարութեան պատրաստ,  հասուն, յառաջադէմ հասարակութիւնը, ապագայ արդար ու ինքնիշխան, աշխարհին բա՛ց երկրի մը տեսլականով: Այդ տարածաշրջանին մէջ, մեր ծննդավայր հայկական բարձրաւանդակին վրայ հայը չ՛ուզեր ապրիլ աշխարհէն կտրուած ու ինքն իր վրայ կծկուած: Որքան շահեկան է այս օրերուն հասու ըլլալ Ռուբէնի մտածումներուն. «Հայ թրքական կնճիռը» գրքին մէջ, ան կը նշէ ՀՅԴ-ի հետապնդած նպատակները, անոնց կարգին որքան այժմէական կը հնչէ հետեւեալը` «հիմը դնել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազգերի համերաշխութեան  եւ ժողովուրդների դաշնակցային կազմի»**: Վերը ըսի` Դիմադրութիւնը, ըմբոստութեան հաւաքներու եւ երթերուն զուգահեռ, կը նպատակադրէ հայ հասարակութեան քաղաքականացումը, հասունացումը: Յառաջդիմական, սթափ հանրութիւն մը միայն կրնայ պայքարիլ դրամատիրական, նոր ազատական տեղական եւ համաշխարհային անձնասէր շահերու իրագործման դէմ: Եւ դեռ` ներկայ պայմաններուն մէջ մեզի համար կրաւորական միտքն ու կեցուածքը կրնան մահացու ըլլալ, որովհետեւ մեր պետական անկախ գոյութիւնը անմիջական սպառնալիքի տակ է: Եսամոլ բախտախնդիր մը, օգտագործելով արհեստագիտական հաղորդակցութեան, ընկերային ցանցերու աժան մտալլկումի կարողութիւնը կը յաջողի իր, իր ընտանիքին ու հաւատարիմներուն օգտին պահել իշխանութիւնը հետզհետէ աւելի ակնբախ անօրինութիւններով ու մանաւանդ` ի գին մեր ազգային գոյութեան շահերուն:

Ուրեմն, մեզի՛ համար, ընկերաբանական, հասարակագիտական վերլուծումներէ անդին, առաջ եւ ետք, պահն է զգօն ու ողջմիտ հաշուեկշիռը կատարելու հասցուած վնասին, սպառնացող վտանգին եւ թօթափելո՛ւ համատարած մտային թմբիրը, հայ գեղջուկին վերայայտնուած ստրկամտութիւնը: Դիմադրութեան պայքարը պիտի չդադրի, ան կը միտի հասնիլ հայու մտքի, հոգիի ազատագրումին, յառաջադէմ, յանձնառո՛ւ ընկերութեան մը ծաղկումին:

«Զարթի՛ր, լաօ՛, մռնի՛մ քըզի»:

Պէյրութ, 2 օգոստոս 2022

* «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՏԱՐԱՑԱԾ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ», Գ. Պօղոսեան, Մ. Յարութիւնեան, Վ. Առաքելեան, «Լուսաբաց» հրատարակչատուն, Երեւան, 2007:

** «Հայ թրքական կնճիռը», Ռուբէն, ՀՅԴ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ, Միացեալ Նահանգներ, էջ 39:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.