Գանատայի Քեպէգ նահանգի «Ձայնը» (La Voix) երգի մրցոյթի աստղերէն Մանէ Պաղտասարեան գրաւեց երկրորդ դիրքը

Գանատայի Քեպէգ նահանգի «Ձայնը» (La Voix) երգի մրցոյթի աստղերէն Մանէ Պաղտասարեան Մայիս 6-ին աւարտական հանգրուանին գեղեցիկ ելոյթով մը գրաւեց երկրորդ դիրքը։ Առաջին հանդիսացաւ Եամա Լորան, որ տիրացաւ քուէներու 60%-ին, Մանէն՝ 20%-ին, Ճանըթըն Ֆրիմըն 7%-ին, եւ Եան Պրասար 13%-ին։ Մրցոյթի ամէնէն կրտսեր մասնակիցը Մանէն էր, որ Մայիս 5-ին դարձաւ 19 տարեկան։

Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 2015-ի Ապրիլ 18-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 1500 երիտասարդներով կայացած մշակութացոյցի (flash mob) ընթացքին Մանէ Պաղդասարեան երգեց պատմական Անի քաղաքին նուիրուած «Դարձիր, իմ Անի» երգը։

Մոնթրէալ ծնած Մանէ Պաղդասարեան յաճախած է տեղւոյն Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանը, ապա ուսումը շարունակած է Հայաստանի մէջ եւ աւարտած է Երեւանի «Յակոբ Կոջոյեան»ի անուան նկարչական վարժարանը։

TVA հեռուստակայանին կողմէ սփռուող «Ձայնը» երգի մրցոյթներուն կը հետեւին երկու միլիոն հեռուստադիտողներ։ Յաղթականը ընտրելու գործընթացին մասնակից կը դառնայ Քեպէգ նահանգի արուեստասէր հանրութիւնը՝ բջջային հեռաձայններով քուէարկելով։ Մրցոյթի ախոյեանը կը շահի նաեւ 50 հազար տոլար եւ գանատական երգարուեստի շրջանակներու մէջ կը դառնայ փնտռուած անուն։

Մանէ Պաղդասարեանի Little Me երգի մեկնաբանումը youtube համացանցի կայքին վրայ ունի 525 հազար հետեւորդներու Like։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.