Բանակ, մարտունա՛կ բանակ

«Հրամանատարութիւն ստանձնել՝ կը նշանակէ ծառայել, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս»։

Անտրէ Մալրօ (1901–1976, ֆրանսացի գրագէտ եւ քաղաքագէտ)

Յա՛տկապէս այս դաժան օրերուն, ազգին համար առաջնահերթութիւն մըն է բանակը՝ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ։ Աժան եւ անարժէք ամբոխահաճութիւն չէ, «Բանակի օր»-ուան առթիւ, մելան հոսեցնել եւ խրախուսական խօսքերով համոզել երիտասարդ հայորդին, որպէսզի յաւելեալ նուիրումով եւ հաւատքով ծառայէ իր հայրենիքին, նոր էջ մը բանայ եւ վերստին կերտէ կովկասեան տարածաշրջանի ամենէ՛ն մարտունակ բանակը։

Այո՛, դժուար է ներկայ օրերուն այս նիւթը արծարծել, յատկապէս երբ դեռ քանի մը ամիս առաջ կրած ենք պատմական պարտութիւն մը, կորսնցուցած ենք շուրջ հինգ հազար հերոս (կորսուածներու եւ գերիներու հարցը այլ կնճռոտ թնճուկ մըն է), ռազմական կազմածներ, հողատարածք եւ բնականաբար ամենակարեւորը՝ հաւատք, մարտունակութիւն եւ բարոյական։ Աւելի՛ն, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական աշխարհին մէջ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ կրած ենք։

Ժողովրդային առակը կ՛ըսէ, թէ մարդը մարդ կ՛ըլլայ՝ բառին բուն իմաստով, միայն ու միայն զինուորական իր ծառայութիւնը կատարելէ ետք։ Տեղին հաստատում մը, որ սակայն Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մէջ կրնայ առերեւոյթ անելի առաջնորդել:

Կրկին յիշենք 44-օրեայ պատերազմը։ Զարհուրելի տեսարաններու եւ ահաւոր դեպքերու ականատես եղանք, իրավիճակներ, որոնք պատճառ կը դառնան ցնորքի, զառանցանքի եւ մինչեւ իսկ խելագարութեան։ Անշուշտ, սահմռկեցուցիչ փորձառութիւնն ու պատուհասը «վայելած» քաջարի զինուորը միակ տանջուողն ու տառապողը չէ, այլ նաեւ, ու նոյնպիսի սաստկութեամբ, ականատես եղած հայը, հայրենի իր բնակարանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքեան օճախ։

Յստակ էր, թէ եղածը տարբեր պատերազմ մըն էր։ Մեր դէմ կը կռուէին երկու երկիրներ, իրենց կողքին ունենալով զանազան լծակներ՝ վարձկան ահաբեկիչներէն մինչեւ իսրայէլեան անօդաչու սարքերու մասնագէտ հրեայ զինուորականներ։ Վիթխարի Գողիաթին դէմ փոքրիկն Դաւիթի մղած կռիւի պատմութիւնը կը կրկնուէր, սակայն այս վախճանը ներկայացաւ շրջուած, որովհետեւ զօրաւորը յաղթական դուրս եկաւ։

Հետզհետէ մութ ու թաքուն էջերը կը բացուին եւ ի յայտ կու գայ, թէ հակառակ բազմաթիւ Գողիաթներուն, Դաւիթի ճակատագիրը կրնար տարբեր ըլլալ:

Կարելի չէ մտահան ընել հրամայական հարցումը, թէ՝ ինչպիսի՞ ճակատագիր պիտի ունենան Հայաստանն ու հայութիւնը, եթէ գոյութիւն ունենալէ դադրի լաւ մարզուած ու կազմակերպուած մեր բանակը։ Այդ մասին չէինք մտածեր մինչեւ 10 Նոյեմբեր, եւ այդքան ալ մտահոգ չէինք։ Սակայն, Սեպտեմբեր 27-ին ծայր առած արհաւիրքէն ետք, չկան Ֆիզուլին կամ Քարվաճառը, այլ թշնամին Սոթքն ալ ոտնատակ ըրած է եւ կը մերձենայ Սեւանի ու Ջերմուկի սեմերուն, իսկ Սիւնիքի մէջ 90-ականներու առաջին տարիներուն պէս, վերստին կը շրջի սահմանամերձ Շուռնուխ գիւղին անունը, իր հերթական ոդիսականներով։

Հայոց բանակը պիտի յաղթահարէ ներկայ աննպաստ պայմանները։ Պիտի վերագտնէ իր փայլքը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ պիտի պաշտպանէ տոկուն հայորդիի լինելութիւնը։

Պատերազմներ մղած եւ յաղթանակներ կերտած Աղեքսանդր Մակեդոնացին ըսած է. «Ես չեմ վախնար ոչխարի մը կողմէ ղեկավարուած առիւծներու բանակէն, այլ կը վախնամ առիւծի մը ղեկավարած ոչխարներու բանակէն»։ Քրիստոսէ դարեր առաջ կատարուած այս հաստատումէն աւելի քան քսան երեք դար ետք, ֆրանսացի քաղաքագէտ Ժորժ Քլեմանսօ (1841–1929) նոյն խորքով յայտարարութիւն մը կատարած է, ըսելով. «Պատերազմը չափազանց կարեւոր է, որպէսզի զօրավարներուն վստահուի»։

Ատակ ղեկավարութեան կողքին, անկասկած որ անհրաժեշտութիւն է արդիականացումը, ելեկտրոնային ինքնապաշտպանական կազմածներէն մինչեւ յարձակողական անօդաչու սարքեր: Պարզ է, որ ներկայ օրերու պատերազմը հողի վրայ, հորիզոնական ուղղութեամբ, դէմ առ դէմ չի կատարուիր միայն, այլ կ՛ընթանայ ուղղահայեաց եւ դեռ աւելին՝ երեք տարածքով։

Հայրենիքի աւիշն ու հիմքն է ռազմունակ ու քաջարի բանակը, նաեւ խարիսխն ու խոր արմատը։ Անվեհեր, յանդուգն, խիզախ եւ մատղաշ հերոսներուն մղած պայքարն ու թափած արիւնը կը մնան անմոռանալի, ներշնչումի աղբիւր եւ յաղթանակի տանող ուղեցոյց՝ այսօրուան ու վաղուան ուխտապահներուն:

Հայոց բանակի պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ հողին, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԻՆ, որոնք կը կոչուին Արցախ, Հայաստան եւ բռնագրաւեալ հողեր:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.