Ատրպէյճանը նպատակ ունի ցեղասպանութեան ենթարկել հայերին իրենց իսկ հողում. Արմինէ Ալեքսանեան

Հարցազրոյց Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեանի հետ

Նոյեմբեր 6-ին,  «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հեռակապով կայացած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան անդրադարձաւ 42-րդ օրը թեւակոխած  Արցախեան պատերազմին, յատկապէս շեշտելով հրադադարը խախտելու թուրք-ատրպէյճանական քաղաքական վարքագծին, հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան եւ ցեղասպանական նպատակներուն, Եւրոպայի Անվտանգութեան և Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մինսկի խումբի գործունէութեան, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ Սփիւռքի տարածքին գործող Հայ Դատի գրասենեակներու Արցախի ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն։

«Ատրպէյճանը նպատակ ունի այս պատերազմը յաղթել ուժի միջոցով, տարածքների գրաւումով, հայերին դուրս քշելով կամ ոչնչացնելով… ցեղասպանութեան ենթարկել հայերին իրենց իսկ հողում։

«Ահաբեկիչներու ներգրաւումը արցախեան հակամարտութեան մէջ ոչ միայն սպառնալիք է Ռուսասատանի համար, այլ նաեւ սպառնալիք է Եւրոպայի համար։

«Էրտողանը աւելի հեռուն է գնում իր հանրային ելոյթներով, ասելով, որ մենք պէտք է շարունակենք մեր նախնիների սկսած գործը, որ սկսուել է հարիւր տարի առաջ։ Այսինքն առանց որեւէ ամօթի զգացումի՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարում է, որ ցեղասպանութեան կիսատ մնացած գործը շարունակելու են Արցախում։ Սրա մեղաւորը ոչ միայն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն են, այլեւ՝ համաշխարհային հանրութիւնը, քանի որ, եթէ մարդկութեան դէմ գործուած նման մարդկային ոճիրը, որը աշխարհի երեսից հեռացրել է մէկ ու կէս միլիոն հայերի եւ որը մինչեւ օրս մնում է անպատիժ, հարիւր տարի անց, Թուրքիան ի հարկէ ինքզինք ազատ կը զգայ նոր ցեղասպանութիւն սկսելու։

«Կարեւոր է նշել յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակների օժանդակութիւնը, որոնք ոչ միայն օգնել են լոպպիյինկով, այլեւ՝ բարձրացրացրել են Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը տարբեր երկրներում»։

Մանրամասնութիւննները՝ տեսանիւթով։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/1556487691208886

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.