Անհրաժեշտ է ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը՝ նոր որակի իշխանութեան ձևաւորումով

Yerkir.am–ի հարցերուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Բիւրոյին ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը

– Ինչպէ՞ս էք գնահատում համավարակի դէմ պայքարի այսօրուայ վիճակը:

– Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը հիմնուած իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու և մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը անշուշտ համաշխարհային փորձութիւն է` ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար: Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ կառավարություն լիարժէք պատրաստ էր այդ ծաւալի առողջապահական, տնտեսական, մարդկային, հոգեբանական, անվտանգային և այլ խնդիրներուն դիմակայելու համար: Բայց պետական հաստատութիւններու, կառավարութեան կազմակերպած աշխատանքն է, որ պարտ էր հնարաւոր դարձնել արագ արձագանգելը, համարժէք լուծումներ գտնելը, նախ` կասեցնելով վարակի յետագայ տարածումը, ապա` անոր դէմ արդիւնաբեր պայքար շղթայազերծելով: Ցաւօք, ճիշդ այս առումով ՀՀ կառավարութիւնը թույլ տուաւ լուրջ սխալներ, որոնց հետևանքով է նաև այսօրուան մտահոգիչ ու վտանգաւոր իրավիճակը: Տակաւին կ’ակնկալենք, որ ՀՀ քաղաքական ղեկավարութիւնը կը դրսևորէ պետական մտածողութիւն ու անկէ բխող գործելաոճ: Հակառակ պարագային կ’ունենանք անդառնալի կորուստներ, որոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է ԱԺ մեծամասնութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնը, անձամբ`վարչապետը:

– Բայց ամիսներ առաջ ահազանգում էին մասնագէտները, քաղաքական ուժերը եւ կառավարությանը անյետաձգելի միջոցառումների առաջարկներ ու համապարփակ ծրագրեր էին ներկայացնում:

– Ճիշդ էք: Բազմաթիւ առաջարկներ, ներկայացուած ՀՅԴին, այլ քաղաքական կուսակցութեանց եւ մասնագէտներու կողմէ, իշխանութիւնը պարզապէս անտեսեց, իսկ երբ շարունակական պնդումներէ ետք փորձ եղաւ մասնակիօրէն նկատի առնել կամ ալ կիսատ-պռատ արձագանգել` արդէն ուշ էր: Արդիւնքն եղաւ այն, որ կառավարութիւնը ինքնզինք զրկեց համաճարակի դեմ պայքարին առընչութեամբ մասնագիտական աջակցութիւնէ: Հակառակ այս մթնոլորտին ՀՅԴ Բիւրոն համայն հայութեան մղեց հասնելու Հայաստանի օժանդակութեան. իր շարքերով, մարմիններով, ուղեկից կառոյցներով (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային), երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով առաջին օրերէն իսկ անցաւ աշխատանքի, կատարեց առաքումներ եւ հաստատեց ծրագիրներ ու այսօր ալ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը հասնելու Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն: Բնականաբար կ’ակնկալէինք որ համահայկական պատրաստակմութեան պատեհ առիթն օգտագործելով՝ համախումբ մթնոլորտով, միասնական ճակատով եւ համայն ազգի միջոցներով կարողանանք պայքարիլ համաճարակին դէմ: Նման համախմբման նախաձեռնողը իշխանութիւնը ինքը պէտք էր հանդիսանար՝ խորհրդակցութեան հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ոյժերը որպէսզի համախոհութեամբ դիմագրաւուին ճգնաժամին մարտահրաւէրները: Իշխանութիւնը պարտ էր յայտնաբերել քաղաքական կամք՝ ամէն տարակարծութիւն մէկդի դնելով բոլորը համախմբելու, միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք համախոհութեամբ իրագործելու: Սակայն, ճգնաժամի այս օրերուն իշխանութիւնը չմնաց իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ: իշխանութիւնը ոչ միայն այդ չնախաձեռնեց, այլ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կատարեց պառակտիչ յայտարարութիւններ ու այլընտրանքային տեսակէտերու հանդէպ անհանդուրժողականութեան դրսևորումներ: Խորհուրդներուն անսալու, օգնութեան համար երկարած ձեռքը բռնելու, ձախող ընթացքէն հրաժարելու և սեփական սխալները սրբագրելու փոխարէն՝ անընդհատ փորձեց մեղաւորներ փնտռել։ Եւ կրկին ականատեսն եղանք իշխանութեան կողմէ գռեհիկ ոճով ներքին թշնամիներ որոնելու եւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան: Իսկ վերջին զարգացումները արդէն կը վկայեն ընդդիմութիւնը լռեցնելու նպատակով գործադրուող բռնաճնշումներուն մասին։

– Նկատի ունէք վարչապետի ելոյթի որակումնե՞րը ՀՅԴ մասին։

– Ոչ միայն: Այսօր, իշխանութեան տեսակէտէն տարբեր խօսքի հանդէպ անհանդուրժողական վերաբերմունքը համատարած է: Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի այդ ելոյթին, ապա հոն հնչած արտայայտութիւնները թէ բովանդակութեամբ, թէ ձևով, թէ օգտագործուած բառապաշարով յարիր չէին պետութեան առաջնորդին, քաղաքական ղեկավարին: Բովանդակային քննադատութեան եւ յստակ առաջարկներուն նման ձևաչափով պատասխանելը ոչ միայն քաղաքական սխալ է, այլև լրջագոյն հիմնախնդիրներ դիմակայող հասարակութիւնը թուլացնող քայլ: Անթոյլատրելի, անընդունելի, վտանգաւոր քայլ: Ըստ երևոյթին, վարչապետը չէ հասկցած կամ ալ դիտմամբ կը թերագնահատէ Դաշնակցութեան էութիւնը, ոյժը, կամքն ու ոգին։

– Ստեղծուած իրավիճակում ինչպէս եք պատկերացնում ելքը։

– Նկատի առած ստեղծուած իրավիճակը, առաջնահերթ նպատակը պետք է ըլլայ ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը և ազգային ուղեգծին համապատասխան երկրի անվտանգ զարգացման ապահովումը։ Իսկ այս բոլորը կ’ենթադրէ նոր որակի իշխանութեան ձևաւորում։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.