Ազրպէյճանական փորձերը անգամ եւս ձախողեցան Եւրոխորհրդարանի մէջ 

22 Նոյեմբերին Եւրոխորհրդարանի արտաքին հարցերու մշտական յանձնաժողովը (AFET) քուէարկեց արտաքին եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան իրականացման վերաբերեալ տարեկան իր զեկոյցը, ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ զանազան հակամարտութիւններու մասին:

Հարկ է նշել որ բանաձեւին 19րդ յօդուածին մէջ յանձնաժողովը կ’ընդգծէ սառեցուած բոլոր հակամարտութիւնները լուծման անհրաժեշտութիւնը միջազգային իրաւունքի, նորմերու եւ սկզբունքներու համաձայն: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի նաեւ Հէլսիքեան եզրափակիչ ակտէն բխած ԵԱՀԿ հիմնարար սկզբունքներուն որոնք են ուժի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։

Պէտք է նաեւ յստակացնել որ նոյն յօդուածին մէջ երբ խօսքը կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, առանձնայատուկ նշուած են Ուքրանիայի եւ Վրաստանի պարագաները՝ Ղրիմի, Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսէթիայի հակամարտութիւններուն վերաբերեալ, եւ ըստ սովորութեան անգամ մը եւս ոեւէ մէկ նշում չկայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան մասին: Ինչպէս միշտ Ազրպէյճանական կողմը, նոյնիսկ իրեն յատկանշուած լոպիինկի ձեւերը օգտագործելով, չյաջողեցաւ ժխտական ազդեցութիւն ունենալու եւ խախտելու Եւրոխորհրդարանի այս հաւասարակշռուած կեցուածքը:

Անդրադառնալով վերոնշեալին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը յայտարարեց՝ վերջին տարիներուն ընթացքին Եւրոմիութեան բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ բանաձեւերուն մէջ Արցախեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման մասին ԵՄ հաստատութիւնները յստակօրէն սատարած են ԵԱՀԿ Մինսկի Համանախագահներու կողմէն առաջարկուած հիմնարար սկզբունքները, եւ միեւնոյն ժամանակ անդադար պաշտպանած են գործընկեր Վրաստանի եւ Ուքրանիայի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ահա այս է Եւրոմիութեան սկզբունքային կեցուածքը տարածաշրջանի հիմնախնդիրներուն նկատմամբ: Մինչ օրս Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրներու հակամարտութիւնները նոյնացնելու միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին տակ ձախողած են եւ անոնց բարեկամ պատգամաւորներու ներկայացուցած անբարենպաստ փոփոխութեան առաջարկները ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը շեղելու փորձերը ոեւէ յաջողութիւն չեն գտած:

«Շնորհիւ նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի առաքելութեան, արտաքին հարցերու մշտական յանձնաժողովի պատգամաւորները կը շարունակեն լաւապէս տիրապետել տարածաշրջանի տարբեր հակամարտութիւններու մանրամասնութիւններն ու նրբութիւնները, նամանաւանդ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի մասին: Ինչպէս միշտ գրասենեակս պիտի շարունակէ պայքարիլ Ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան վտանգաւոր նախաձեռնութիւններուն դէմ» եզրափակեց Շիրինեան:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.