Ա՜խ այս թելերը, ոստայնի մեր այս թելերը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մարդկային յարաբերութիւնները, փոխյարաբերութիւնները ես նմանցուցած եմ ոստայնի մը թելերուն, որմէ տարիներ առաջ յառաջացած է այս յօդուածներուս վերտառութիւնը։ Հիմա ալ, երբ կ՚ուզեմ անդրադառնալ մեր անցնող, արդէն անցած տարուան ապրումներուն, չեմ կրնար մտքէս հանել այդ փոխաբերութիւնը։

Ինչե՜ր եղան այդ թելերուն այդ ամբողջ տարին, ինչե՜ր։

Բնական ու անբնական աղէտներ յաջորդեցին իրարու, Գալիֆորնիոյ անտառներու անհակակշիռ բռնկումներէն, Ատլանտեանի պտտահողմերու վայրագ յարձակումներէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի խորհրդաւոր պայթումը, մինչեւ…։ Բայց կ՚արժէ՞ վերյիշել ու վերապրիլ այդ բոլորը, այդ «մանրուքները», որոնց ախոյեանը հանդիսացաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակը, որ կարծես այլմոլորակային գրոհում մըն էր մեր խե՜ղճ ու մոլորած  երկրագունդին վրայ։ Ոմանք ասոր կամ անոր վերագրեցին անոր երեւումը՝ յետի՜ն նպատակներու հետապնդումով, առանց նոյնիսկ իրենց մտքէն անցընելու, թէ ան կրնար պարզապէս ու մանաւանդ հետեւանքը ըլլալ մարդուն մեծ ոճիրին՝ բնութեան հանդէպ որդեգրած իր անտարբեր ու վտանգաւոր վերաբերումին։

Աղէտ մը եղաւ նաեւ, ամբողջ տարին, մեզի հարեւան գերպետութեան մը պարագային, գոյութիւնը այսպէս կոչուած նախագահի մը, որուն իւրաքանչիւր քայլը, իր հակաօրինական ու հակամարդկային բնոյթով, ապշեցուց աշխարհը։ Այս այն պետութիւնն է, որ աշխարհին ժողովրդավարութեան դասեր կու տար։ Բռնապետական ձգտումներ ունեցող նախագահներ, վարչապետներ իրմէ ի՜նչ ներշնչումներ ստացան, յատկապէս սուտ լուրերու տարածման ու մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման տեսակէտէն։

Աղէտներուն ամենէն ահաւորը, ամենէն մահասփիւռը սակայն մե՛ր՝ հայութեան գլխուն պատահածն էր, սեպտեմբեր 27-ին սկսած ու դեռեւս չաւարտող այն ողբերգութիւնը, որուն ցնցումը պիտի շարունակուի մեր կեանքին մէջ երկա՜ր ժամանակ, բազում տարիներ կամ տասնամեակներ, գուցէ եւ աւելի, մինչ համավարակը, միլիոնաւոր զոհեր խլելով հանդերձ, կրնայ ոչ շատ հեռու ապագային արդէն մոռացութեան տրուիլ, վշտալի յիշատակ մը մնալով իրենց անմիջական հարազատները կորսնցուցած անձերուն համար։։

Նպատակս չէ վերլուծել այդ բոլորը, փորձել բացատրութիւններ գտնել ու մխիթարել  ընթերցողներս։ Վերլուծումը թող մասնագէտները ընեն, իսկ մխիթարութիւնը իւրաքանչիւրը որոնէ ի՛ր միջոցներով, ի՛ր մտորումներով, իր սրտով ու հոգիով։ Նպատակս պատմել է մեր ապրածն ու չապրածը, մեր  ցաւն ու զրկանքը։ Եւ այս առումով է, ի հարկէ, որ սարդոստայնը նոր իմաստ կը գտնէ։ Չէ՞ որ, ի վերջոյ, բոլորս անոր մէջ կը գտնուինք, անոր ոստայնանկը ըլլանք թէ որսը։

Առաջին հերթին հեռաւոր դէպքերը մտահոգեցին մեզ  յատկապէս մեր հարազատներուն կամ ծանօթներուն առնչութեամբ. «արդեօք իրենց ալ մօտեցա՞ն հրդեհները, կամ արդեօք պայթունէն իրե՞նք ալ վնասուեցան»։ Սա շատ բնական, բայց  կրաւորական հակազդեցութիւն մըն էր, քանի որ հեռուէն շատ բան չէինք կրնար ընել, բացի նիւթական օգնութիւն ուղարկելէ անհրաժեշտ պարագային, ինչ որ եղաւ Լիբանանի առնչութեամբ։

Ժահրին ազդեցութիւնը, միւս կողմէ, աւելի անմիջական էր թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէ՛ մեր հաւաքական կեանքին վրայ՝ ըլլայ ընդհանուր առմամբ, ըլլայ ազգային-համայնքային առումով։

Սահմանափակուեցան մեր շարժումները։ Գործի երթալը ոմանց պարագային դարձաւ տաժանակիր, ուրիշներու՝ անհնար։ Բախտաւորները, անոնք, որոնց աշխատանքի տեսակը կը թոյլատրէր, տունէն սկսան աշխատիլ, իրենց համակարգիչներուն առջեւ, անշուշտ ստեղներուն վրայ իրենց կատուներուն կամ ծծկեր երեխաներուն ալ ներդրումով…։ Ուրիշներ պարզապէս ակամայ ուռճացուցին գործազուրկներու շարքերը։

Զարգացաւ դնչակալներու ճարտարարուեստը, մանաւանդ հականեխիչներու, օճառեղէնի ու թուղթէ սրբիչներու արտադրութիւնը։

Ոմանց համար զգուշաւորութիւնը հասաւ աննախընթաց մակարդակներու, շաբաթական անհրաժեշտ մթերքները հեռապսպրանքով կատարուեցան, ստացուեցան ու ժամերով լուացուեցան, մաքրուեցան, բաց օդին ձգուեցան, որ ամբողջովին ժահրազերծուին, նոյնիսկ երբ փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ այդ բոլորը կրնային չափազանցութիւն ըլլալ։ Սակայն իմաստութիւնը կը պահանջէր ըլլալ զգուշ քան վարակեալ։

Այցելութիւններն ալ արգիլուեցան, մեծ մայրիկներն ու մեծ հայրիկները գացին իրենց զաւակներուն ու թոռներուն տեսութեան՝ դուրսէն, ինքնաշարժին մէջէն մայթին վրայէն օդային համբոյրներ յղելով իրենց սիրելիներուն, կամ հակառակը, եթէ իրենք իրենց տան կամ ծերանոցի սենեակէն դուրս չէին կրնար գալ, միւսները եկան ու հեռուէն ձեռքով-ոտքով խօսեցան իրարու հետ։

Զրկուեցանք նաեւ մեր բարեկամներուն հետ հանդիպելու, միասին պտտելու, ճաշելու ու զրուցելու, մէկ խօսքով՝ ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու առիթներէն։ Սկսանք իւրաքնչիւրս կծկծուիլ մեր խոզակներուն մէջ։

Քանի՜-քանիներ մահացան ժահրէն կամ այլ հիւանդութիւններէ, առանց որ իրենց հարազատները կարենան վերջին խօսք մը ըսել անոնց, վերջին համբոյր մը զետեղել անոնց սառչող ճակատներուն։ Նաեւ զրկուեցանք յարգանքի մեր վերջին տուրքը տալէ ազգին երկար ծառայած նուիրեալներու, որոնք մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէին։

Մոռցայ ըսելու, մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին, առեւտրակա՛ն առումով, նաեւ ձեռքի խելախօսներու եւ ել-տակդիրներու արտադրիչներն ալ, քանի որ մարդկային յարաբերութիւններու ամենէն անմիջականը, ամենէն դիւրինը՝ զանց առնելով դէմ-յանդիման տեսակը, անո՛նց միջոցաւ սկսաւ կատարուիլ։

Նոյնիսկ աշխատանքային հանդիպումները, ժողովները, դասաւանդութիւնները, գիտաժողովները եւ այլ հաւաքական նախաձեռնութիւնները սկսան կազմակերպուիլ հեռավարութեամբ, հեռակայ մասնակցութեամբ՝ տեսողութեամբ ու լսողութեամբ։ Իրաւունք չունէի՞ն մարդիկ կասկածելու, թէ այս ամբողջ համավարակային թատրոնը բեմադրութիւն մըն  էր, իսկ թատերագիր-բեմադիր-բեմավարներն էին այդ ընկերային ցանցերու տէր ու տիրականները, այդ հրաշալի գործիքները արտադրողները…

Հայ կեանքը չէր կրնար չազդուիլ այս կացութենէն։ Յանկարծ որքա՜ն դատարկ ու աննպատակ թուեցաւ շատերուս համար մեր առօրեան, երբ փակուեցան կեդրոն ու եկեղեցի, դադրեցան երբեմն թէկուզ ոչ այնքան յաջող մեր ձեռնարկները՝ հանդէս-պարահանդէս, դասախօսութիւն ու ցուցահանդէս։ Իրար տեսնելու, իրարու հետ գաւաթ մը սուրճ առնելու կամ ակումբին ճաշարանը ընթրելու, վարչական կամ անդամական ժողովներու մէջ իրարու որպիսութիւնը հարցնելու եւ բուռն-բուռն վիճաբանելու առիթներէն, վայելքէ՛ն զրկուեցանք… Միւս կողմէ, երբ մանաւանդ ժողովներ կամ ձեռնարկներ սկսան առցանց կատարուիլ, մենք ալ հետզհետէ անդրադարձանք, թէ որքա՜ն ժամակորուստ կ՚ըլլայինք նախկին ձեւերով անոնց գումարման կամ կազմակերպման համար։

Իրապէ՛ս դժուարացաւ դպրոցներու կացութիւնը, խանգարուեցան դասաւանդութիւնները, որոնք երբեմն արցանց կատարուեցան, երբեմն ջնջուեցան, մանաւանդ երբոր ուսուցիչ կամ աշակերտ վարակուեցան կամ վարակեալի մը ներկայութեան գտնուեցան դպրոցէն դուրս անգամ։ «Դասաւանդելու տեղ միայն մաքրութիւն կ՚ընենք ամբողջ օրը»,– գանգատեցան ուսուցչուհիներ։

Այս ամենը, սակայն, ինչպէս ըսի, կրնայ շուտով վերջ  գտնել ու պատմութեան մէջ մնալ որպէս վատ յիշատակ մը, մանաւանդ որ արդէն անհրաժեշտ պատուաստները հրապարակ ելան, ու Նուպար Աֆէեան անուանեալ հայորդի մը, իբր գործարար ու գիտութեան մարդ, իր դերը ունեցաւ անոնցմէ մէկուն պատրաստութեան, անյապա՛ղ պատրաստութեան մէջ, հպարտութիւն պատճառելով մեզի։

Ինչ որ սակայն 2020-ը մեզի համար դարձուց ողբալի՝ այդ այն պատերազմն էր, որ մեր թշնամիները յայտարարեցին մեր հայրենիքին դէմ, որուն ամբողջ ընթացքին մեր պետական մարմինները մեզի հաւաստիացուցին թէ «յաղթելու ենք», մինչ իրականութեան մէջ կը պարտուէինք ու պարտուեցա՛նք՝ կորսնցելով արեան գնով ազատագրուած հողատարածքներ ու աւելին, քաոսի մատնուեցան մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը։ Մենք օրը-օրին, նոյնիսկ վայրկեանը-վայրկեանին մեր շունչը բռնած կը հետեւէինք մեզի հաղորդուող լուրերուն, ցոյցեր, դրամահաւաքներ ալ կը կատարէինք, կը կատարէին մանաւանդ մեր երիտասարդները։ Մեր սիրտը կ՚արիւնէր իւրաքանչիւր հայ զինուորի կամ կամաւորի հերոսական մահէն։ Մեր ուշադրութեան կիզակէտը տեւաբար Արցախն էր, Հայաստա՛նը, իսկ հիմա…

Անչափելի ահաւոր է այդ պարտութեան ազդեցութիւնը մեր հոգիներուն վրայ։ Հիասթափութիւն, յուսահատութիւն, ստորակայութեան զգացում… ասոնք դարձան դժուար յաղթահարելի զգացումներ, ա՛նյաղթահարելի ապրումներ։ Իսկ ողբերգութիւնը կը շարունակուի, քաո՛սը կը շարունակուի…

Բազում «ինչու»-ներ» ու «ինչպէս»-ներ կը մնան անպատասխան։

Որքա՜ն թելեր փրթան մեր ոստայններէն…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.