«Դիմադրութեան» Շարժման Ժողովրդային Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

0 մայիսի երեկոյեան սկիզբ առաւ «Դիմադրութեան» շարժման հերթական հանրահաւաքը: Հանրահաւաքէն ետք ներկայացուեցաւ համերգային ծրագիր:

Ապա ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» դաշինքի պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան, դերասան Լեւս Դաւթեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Խաչիկ Գալստեան:

Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, մեղադրեցին գործող իշխանութիւնը` երկիրը պարտութիւններու տանելու յանցանքով:

«Փաշինեանի եւ անոր վարչախումբի հեռացումը ամէնէն անկիւնաքարային փուլն է, որ արդէն իսկ մենարկած ենք միասնաբար», իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:

Ապագային միտուած գործողութիւններու շարքին ան նշեց այն հանգամանքը, որ «Դիմադրութեան» շարժումը արդէն ձեւաւորած է որեւէ ազգի համար անվտանգութեան եւ յարատեւ ընթացքի երաշխիքներէն մէկը. երբ ժողովուրդները կը դառնան բանակ, այն բանակը, որ պիտի վերականգնէ մեր արժանապատուութիւնը եւ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէ բոլոր յանցագործները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած յայտնի դէպքին` ընդգծելով, որ կը դատապարտեն ամէն տեսակի եւ որեւէ բռնութիւն:

Իշխան Սաղաթէլեան միեւնոյն ժամանակ յորդորեց առիթ չտալ սադրանքներու:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի  յայտարարութեան. «Կ՛ըսուի, թէ Տաւուշի, Վայոց ձորի մարզերուն մէջ կան հողեր, եւ օրուան իշխանութեան հետ կայ պայմանաւորուածութիւն` այդ հողերը իրենց «վերադարձնելու» շուրջ: Մենք կը պայքարինք այդ մէկը կանխելու համար: Ասիկա միայն Արցախի հարց չէ, ասիկա գոյաբանական հարց է` հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարց: Հետեւաբար, Նիկոլի եւ Ալիեւի որեւէ պայմանաւորուածութիւն որեւէ բան չի ներկայացներ, եւ զայն չեղեալ կը նկատենք», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեանը:

Այնուհետեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքի մասնակիցները հրաւիրեց երթի` այս անգամ Սարեան փողոցէն:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներով երթը շարժեցաւ յառաջ:

Քայլերթէն ետք հանրահաւաքը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ  շարունակուեցաւ:

Ելոյթներով հանդէս եկան «Երիտասարդի ձայնը» նախաձեռնութեան ղեկավար Յովհաննէս Յարութիւնեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը:

Հանրահաւաքի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան իր եզափակիչ խօսքին մէջ, պայքարի բոլոր մասնակիցներուն անունով յայտարարութիւն յղեց Հայաստանին հաւատարմագրուած դեսպանութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Նաեւ ներկայացուց այսօրուան` 11 մայիս 2022-ի ընելիքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.