«Runners for Armenia»-ի հանգանակած 62,000 տոլարը պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնի կրծքաշողանկարային նոր սարքի գնման
Կազմակերպութեամբ երկու մոնթրէալահայ երիտասարդներու՝ Շանթ Շահինեանի եւ Արէն Իմամէճեանի, հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, «Runners for Armenia» խմբակը մասնակցեցաւ Մոնթրէալի մեծագոյն վազքի մրցումին՝ 2024 Montreal Marathon-ին, որ տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ, 20-22 Սեպտեմբերի շաբաթավերջին:
Երիտասարդները, որոնք Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան յաճախած են, յաջողած են հաւաքել 85 հոգինոց խմբակ մը, 6 տարեկանէն մինչեւ 66 տարեկան, մեծամասնութեամբ հայեր, որոնք մասնակցեցան 5 քլմ, 10 քլմ, 21,1 քլմ (կէս վազք) եւ 42,2 քլմ (ամբողջական վազք) մրցումի բաժանմունքներուն:
Ամիսներ առաջ սկսած այս աշխատանքն ու ծրագրումը իր յաջող աւարտին հասցնելու նպատակաւ, Շանթ Շահինեանը (26 տարեկան), որ Université de Montreal համալսարանին մէջ ատամնաբուժութիւն կ’ուսանի, եւ Արէն Իմամէճեանը (22 տարեկան), որ Գոնգորտիա համալսարանի John Molson բաժանմունքին մէջ կը հետեւի տնտեսագիտութեան, յաջողած էին մէկտեղել հայ թէ օտար 40 ընկերութիւններէ եւ 250 անհատներէ նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը առայժմ հասած է 62000 տոլարի: Գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի Հայաստանի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնին համար խիստ անհրաժեշտ կրծքաշողանկարային (mammography) նոր սարքի գնման:
Տեղին է նշել, որ 1997-ին հիմնուած այս կեդրոնին կից, 2005-ին հիմնուեցաւ ծննդատունը: Այս հիւանդանոցը կը հանդիսանայ Շիրակի մարզի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկը, որմէ կ’օգտուին շրջակայ աւաններու եւ գիւղերու շուրջ 40.000 բնակիչները:
Նշենք նաեւ, որ նուիրատուութիւնները տակաւին կը շարունակուին. հետեւաբար անոնք որոնք կը փափաքին սատարել այս ներդրումին, կրնան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել՝ այցելելով ՀՕՄ-ի կայքէջը եւ նուիրատուութեանց բաժնին Mother and Child Birthing Centre / Mor Mangan – Runners For Armenia՝ 6-րդ հանգանակը ընտրելով:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.