Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
Սիրելի ազգայիններ,
Ինչպէս նախապէս իմացուցած էինք ձեզի, գորոնաժահրի վարակումը կանխարգիլելու միտումով Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնը կը շարունակէ փակ մնալ: Հակառակ այս իրողութեան, մեր կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններն ալ, կարելիի սահմաններուն մէջ, հեռակայ կապով՝ կը փորձեն միութենական կեանքի ընթացքը պահել կանգուն: Անոնք կանոնաւոր դրութեամբ նամակներ, հաճելի եւ օգտակար տեսահոլովակներ եւ հեռաձայնային կապեր կը հաստատեն իրենց անդամներուն հետ, անոնց բարոյականն ու տրամադրութիւնը բարձր պահելու նպատակով: Ինչպէս արդէն գիտէք, Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւնները կը շարունակուին ուղիղ սփռումով հասնիլ մեր հաւատացեալներուն:
Միւս կողմէ, Մոնթրէալի Հ.Յ.Դ. Միհրան Փափազեան կոմիտէի կազմած Մոնթրէալի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբը, որուն կ՛անդամակցին Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութեանց՝ Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի, Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք»ի եւ ՀՅԴ Գ.Ե.Մ.ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչական անդամներէն ներկայացուցիչներ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ իր թէժ գիծը բաց կը պահէ՝ օգնելու մեկուսացած տարեցներու: Այս աշխատանքի կողքին, յանձնախումբը լծուած է բժշկական կանխարգելիչ դիմակներ պատրաստելու աշխատանքին՝ Մոնթրէալի McGill University Health Centre-ի Glen հիւանդանոցի շտապ դիմումին ընդառաջելով: Ցարդ՝ այս հիւանդանոցին տրամադրուած են 1000 բժշկական դիմակներ: Դիմակները կարելու գործը յանձն առած են Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու կամաւոր ընկերուհիները: Արդէն յաջորդ 1000 դիմակներու պատրաստութեան աշխատանքը իր լրումին հասած է ու մօտ ատենէն պիտի յանձնուի վերոյիշեալ հիւանդանոցին:
Այս ծիրին մէջ դարձեալ, անցնող օրերուն՝ Հ.Օ.Մ.-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը կազմակերպեց տարեցներու ճաշ բաժնելու աշխատանք մը: Այս մէկը իրականացաւ շնորհիւ Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումին՝ որ ապահովեց Saint Laurent ընտրատարածքէն Քեպէգի Ազգային Ժողովի երեսփոխան Marwah Rizqy-էն՝ 2000 տոլարի յատկացում մը:
Ամենօրեայ դրութեամբ պիտի շարունակենք մնալ մեր գաղութի կարիքներուն ականջալուր եւ պիտի փորձենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ՝ օժանդակութիւն հասցնել հոն ուր անհրաժեշտ է:
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն
28 Ապրիլ, 2020