HDP-ի փոխ նախագահ Հիսիար Օզսոյ Մոնթրէալի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ երկրորդ Սուրիոյ մը վերածուիլ

Յունիս 11-ին, Մոնթրէալի մէջ կազմակերպուած զեկուցական հաւաքի մը ընթացքին Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար կուսակցութեան փոխ համանախագահ Հիսիար Օզսոյ ներկայացուց Թուրիոյ ներքաղաքական իրավիճակը եւ խստօրէն քննադատեց Էրտողանի վարած բռնատիրական վարքագիծն ու ազգայնապաշտ քաղաքականութիւնը։

Հաւաքը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Գանատայի Քրտական Դաշնակցութեան կողմէ։ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբիւ ատենապետ Արփի Պալիօզեան բացումը կատարեց հանդիսութեան եւ ապա խօսքը փոխանցեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արարատ Թորոսեանին։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան Արարատ Թորոսեան լուսաձակի տակ առաւ Անգարայի իշխանութեանց հալածանքներն ու բռնարարքերը քիւրտ քաղաքական դէմքերուն դէմ։ Քեպէգի Քրտական Հիմնարկին կողմէ Խօսք առաւ Ասլիհան Օզթուրք, որ յայտնեց թէ ինչպէս 100 տարի առաջ հայեր ցեղասպանութեան զօհ կ՚երթային, այսօր այդ սպանդներն ու ցեղասպանութիւնը կը շարունակուին քիւրտերուն դէմ։

Արփի Պալիօզեան ներկայացուց պրն. Օզսայի հակիրճ կենսագրութիւնը, նշելով որ ան ասպարէզով Ընկերաբան է եւ իր տոքթորական վկայականը ստացած է Միացեալ նահանգներու Թեքսասի համալսարանէն։ 2011-2015 դասաւանդած է Միշիկընի համալսարանին մէջ։ 2015-ի Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայացած ընտրութիւններուն Պինկէօլի շրջանէն խորհրդարանի անդամ ընտրուած է։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար կուսակցութեան Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի ատենապետն է ինչպէս նաեւ իր կուսակցութեան փոխ համանախագահ է։

Օզսոյ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց թուրքիոյ վերջին երկու տարիներու քաղաքական իրավիճակը, յատկապէս ծանրանալով 2016-ի Յուլիսեան յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք երկրին մէջ սկիզբ առած լայնածաւալ հակաքրտական հալածանքներուն։ Ան նշեց, որ ներկայ դրութեամբ, իր կուսակցութեան նախագահն ու քրտական բնակավայրերու 86 քաղաքապետներ բանտարկուած են։ Հակաքրտական իր արշաւանքին համար Էրտողան կ՚օգտագործէ բանակն ու ոստիկանութիւնը, որոնք ներկայ դրութեամբ ամբողջութեամբ իր հակաշռին տակ կը գտնուին։

Օզսոյ Թուրքիոյ ազգայնամոլ ղեկավարութեան անցեալի եւ ներկայի վարքագիծը վերլուծեց յայտնելով, որ այս քաղաքական վարքագիծը հիմնուած է ժխտողականութեան եւ ուրացման վրայ. Այնպէս ինչպէս աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր Անգարա կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նոյնպէս ալ հարիւր տարիէ ի վեր կ՚ուրանայ Թուրքիոյ քիւրտերու գոյութիւնը։ Օզսոյ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ այս բեւեռացած կացութիւնը եթէ շարունակուի՝ մեծ են հաւանականութիւնները որ Թուրքիա երկրորդ Սուրիոյ մը վերածուի։ Զեկոյցի աւարտին կայացաւ հարց-պատասխանի բաժինը։

Զեկուցական հաւաքէն ետք պրն. Օզսոյ յատուկ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.