Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի փոխ տնօրէնութեան պաշտօն

Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը սիրով կընդունի փոխ տնօրէնութեան պաշտօնի դիմումնագրեր:

Փոխ Տնօրէնին Պարտականութիւնները.

– Կը հսկէ եւ կ՚օժանդակէ ուսուցիչներուն առօրեայ աշխատանքներուն (գործադրել կարգապահական օրէնքները եւ կանոնները, ճշդել ներկայ-բացակայութիւնը, արտադասարանային աշխատանքները) եւ կը թելադրէ անհրաժեշտ բարելաւումներ:

– Կը պատրաստէ եւ կը գործադրէ ուսուցիչներու դադարի եւ ճաշապահերուն հսկողութեան ժամանակացոյցը:

– Գործակցաբար Տնօրէնին՝ կը կազմակերպէ եւ կը վարէ ուսուցիչներու հետ պարբերական ժողովներ՝ ճշդելու եւ լուծելու կարգապահական հարցեր՝ անհատական փոխ-յարաբերութիւններ եւ այլ աշակերտական հարցեր:

– Կը կազմակերպէ եւ կը հսկէ արտադասարանային աշխատանքներուն կամ մասնաւոր ձեռնարկներուն, որոնք ծրագրուած կամ արտօնուած են Տնօրէնին կողմէ, աշխատակցութեամբ ուսուցիչներուն եւ այլ մասնագէտներուն:

– Փոխ Տնօրէնը կը ստուգէ աշակերտներուն եւ անձնակազմին բացակայութեան պատճառները եւ կը ճշդէ անհրաժեշտ լուծումներ:

Թեկնածուն պէտք է՝

  • Ունենայ նուազագոյնը՝ մագիստրոսի վկայական (կրթութեան ծիրէն ներս նախընտրելի)
  • Լաւատեղեակ ըլլայ Օնթարիօ նահանգի Կրթութեան նախարարութեան ծրագիրներուն
  • Ունենայ 5-10 տարուայ ղեկավարութեան փորձառութիւն վարժարանէ մը ներս
  • Ունենայ ուսուցչութեան փորձառութիւն

Հաճեցէք ձեր ինքնակենսագրականները (Resume) ուղարկել՝ jobs@arsdayschool.ca   հասցէին մինչեւ 31 յուլիս 2017: