ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔՈՒՈՂ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԴԱԴՐԻԼ


(Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեցին ցեղասպաններ 

Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին)

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան «Ազատ Օր»-ին կը գրէ.

Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան ամէնէն արդար պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 1922 թուականի այս օրը՝ Ապրիլի 17ը, երբ Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ, նոյն պահուն եւ միատեղ, իրենց արդար պատիժը կրեցին Թուրքիոյ գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։

Յատկապէս բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիր ոչ միայն գլխաւոր պատասխանատուն էր Հայասպանութիւնը պետականօրէն կազմակերպելու եւ գործադրելու նպատակով Իթթիհատի կողմէ կեանքի կոչուած «Յատուկ Կազմակերպութեան», այլեւ՝ մտայղացողն էր հայ նորածինները բնաջնջելու գիտական «ոճիրներուն», որոնց ամէնէն ահաւորը եղաւ բազմահազար հայ մանուկներ Տրապիզոնի բացերը՝ Սեւ Ծով թափելու եւ խեղդամահ սպաննելու ոճրագործութիւնը։

Իսկ Ճեմալ Ազմի, որ Իթթիհատի ղեկավար մարմնի անդամ էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ ընդհանուր կուսակալն էր Տրապիզոնի, անձամբ նախաձեռնեց եւ հսկեց Պեհաէտտին Շաքիրի յղացած հայ մանուկները ծովամոյն ընելով բնաջնջելու Ոճիրին գործադրութեան։

Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան միասնաբար գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919ին) կողմէ որոշուած «Նեմեսիս» գործողութեան։

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական իշխանութեանց կողմէ պետականօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու Դաշնակցութեան որոշումը, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդի բիւրաւոր «նահատակներուն կտակն էր», ինչպէս որ հետագային Արշաւիր Շիրակեան պիտի ընդգծէր՝ իր հրատարակած յուշերու հատորին համար ընտրած խորագրով։

Դաշնակցութեան կայացուցած «Նեմեսիս»ի որոշումը նաեւ քաղաքական նշանակալից քայլ էր, որովհետեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ կեանքի կոչուած Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատելով եւ անոնց դէմ մահապատիժի դատավճիռ արձակելով հանդերձ, երբեք քաղաքական կամքը չցուցաբերեց դատավճիռը gործադրելու։

Իսկ յանցապարտները փախուստ տուին Պոլիսէն, անուն եւ հասցէ փոխելով՝ փորձեցին… անյայտանալ…

Դաշնակցութիւնը չէր կրնար այդպէս անպատիժ ձգել Հայաստանի հայաթափման, յափշտակման եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք եղեռնագործները։

«Նեմեսիս»ի որոշումին գործադրութիւնը, սակայն, անմիջապէս չսկսաւ։ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոտքի կանգնելու դժուարին ժամանակները կþապրէր։ Հիւսիսէն պոլշեւիկները եւ արեւմուտքէն քեմալականները, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ հաշուարկներով, նոր դաւեր կը նիւթէին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ եւ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ անկախութեան նուաճման առաջատար ուժը եւ նո- րաստեղծ հայոց պետականութեան անվիճելի իշխանութիւնը, վերապրող հայութեան գոյատեւման կռուանները ապահովելու առաջնահերթ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէր։

Որոշումէն տարի մը ետք միայն ձեռնարկուեցաւ «Նեմեսիս»ի գործադրութեան։

15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ, ահաբեկուեցաւ իթթիհատական պարագլուխ եւ Եղեռնի օրերուն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։ 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի մէջ, Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ ահաբեկուեցաւ իթթիհատական վարչապետ Սայիտ Հելիմ փաշան։

17 Ապրիլ 1922ին էր, որ կարգը հասաւ Մեծ եղեռնի «գլխաւոր ճարտարապետ» Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տրապիզոնի հայոց սպանդը անձամբ գլխաւորած կուսակալ Ճեմալ Ազմիի։

«Նեմեսիս»ի 17 Ապրիլ 1922ի գործողութիւնը ամէնէն յանդուգն էր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ միաժամանակ երկու թիրախի դէմ կþուղղուէր արդարներուն հարուածը՝ երկու ահաբեկիչներու ուղղակի մասնակցութեամբ։ Ոչ ալ միայն այն պատճառով, որ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի, իրենց ընտանիքներու մեծ խումբով մը շրջապատուած, բանուկ փողոցէ մը կþանցնէին ահաբեկման գործողութեան պահուն, ինչ որ բնականաբար կը դժուարացնէր մահապատիժին գործադրութիւնը։

Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Պերլինը դժուար ռազմադաշտ դարձած էր ահաբեկչական գործողութեանց համար։

Բայց Շահան Նաթալիի, Հրաչ Փափազեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ գործողութեան մասնակից դաշնակցական միւս գործիչներուն համար ան-յաղթահարելի բան չկար։ Մահապատիժի որոշումը տրուած էր եւ «Նեմեսիս»ի գործողութեանց շղթային այս օղակն ալ պէտք է իրականացուէր։ Եւ յանդուգն ահաբեկումը գործադրուեցաւ՝ հակառակ խանգարող պարագաներու առաջացումին, յատկապէս Արշաւիր Շիրակեանի սայթաքելով գետին իյնալուն, թուրքերու խումբին մէջ գտնուող Թալէաթի այրիին կողմէ գետին ինկած Շիրակեանի ատըրճանակը վերցնելու ճիգին եւայլն։ Պէտք է կարդալ ե՛ւ Արամ Երկանեանի «Այսպէ՛ս սպաննեցինք», ե՛ւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» յուշերուն համապատասխան հատուածները, խորաչափելու համար տարողութիւնը թէ՛ ահաբեկչական գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակած յանդգնութեան, թէ՛ ահաբեկիչները անպարտելի դարձնող արդարներու Ցասումի ներքին կրակին։

Պեհաէտտին Շաքիր եւ ճեմալ Ազմի տեղւոյն վրայ մահացան։

Զոյգ ահաբեկիչները կրցան, դէպի օդը կրակելով, խուճապի մատնել անցորդները եւ փախուստ տալ ու իրենց հետքը թաքցնել հետապընդողներէն։

Ահա «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» եւ իրագործեցինք Դաշնակցութեան որոշումով թուրք հայասպանները մահապատիժի ենթարկելու «Նեմեսիս»ի հատու հարուածը, որ ըստ ամենայնի «Կտակն էր Նահատակներուն», հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն։

Եւ ո՛ւր ալ գտնուիք եւ ի՛նչ ժամանակներու մէջ ալ ապրիք, Հայե՜ր, յիշէ՛ք 1922ի Ապրիլ 17ի մեծախորհուրդ Օրը՝ Արդարներու ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԺԱՄը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.