Թուրքիոյ իսլամացած հայերուն վերադարձը
Միջին արեւելեան Ալ-մոնիթըր լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ Թուրքիա ապրող իսլամացած հայերու վերջին տարիներու կացութեան մասին մանրամասնութիւններ։ Թուրք լրագրող Սիպէլ Ութքու Պիլա ստորագրած է էջ մը, ուր կը նկարագրէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած խլեակներուն, մեծ մասամբ բռնի իսլամացած երեխաներ, անոնց զաւակներուն ու թոռներուն մօտ ծագած երկընտրանքը, որ կը վերաբերի իրենց նախնիներուն կրօնքին ու ինքնութեան վերադարձին։
Կացութիւնը հետեւանք է վերջին տասնամեակին հայկական թապուի որոշակի մեղմացման, մանաւանդ քրտական հողատարածքին վրայ։ Ապտուռահիմ Զորարսլան կը նկարագրէ թէ ինչպէս իր աշխարհը տակն ու վրայ կÿըլլար քսանհինգ տարեկան հասակին երբ կ’իմանար, ի՛ր իսկ քիւրտ ցեղախումբէն՝ թէ ինք հա՛յ էր։ Հայրը, որ վերապրող մը եղած էր, մահացած էր առանց բառ մը իսկ ըսելու իր ինքնութեան մասին, որուն պատճառով Զորարսլան կÿիյնայ նեղ կացութեան մէջ։ Այսօր, երբ յիսուներեք տարեկան է, կը պատմէ թէ ինչպէս երկար մտատանջութիւններէ ու ինքնաքննարկումներէ ետք որոշած էր վերադառնալ իր հայութեան ու քրիստոնեայ արմատներուն ու անունը փոխած Արմէնի։ Սակայն այս քայլին գինը եղած էր կնոջ ու զաւակներուն հետ յարաբերութեան խզումը, որովհետեւ անոնք իսլամութենէ հրաժարիլ։
Լրագրողը կը գրէ թէ Զորարսլանի պարագան մաս կը կազմէ հետզհետէ աճող փոքրամասնութեան մը, որ հետեւանքն է քրտական իշխանութիւններու վերջին տարիներուն ծաւալած բազմինքնութեան քաղաքականութեան։ Յստակ է թէ այս վերադարձը դժուար քայլ մըն է, որովհետեւ հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ այս շրջանին մէջ տիրող ցեղախմբային կենցաղին մէջ, իսլամութիւնը յաճախ կը հանդիսանայ ընդհանուր ու հասարակաց գլխաւոր շաղկապը։
Հարցը այն է թէ՝ թէեւ անոնցմէ շատերը կատարելապէս իսլամացած են ու յաճախ ալ դարձած են մոլեռանդ հաւատացեալներ, երբեք չեն պակսիր այս կամ այն պատրուակով անոնց հասցէին հնչած «անհաւատ հայու կտոր»ի անարգական եւ մեղադրող սլաքները, ըլլան անոնք դրացիներու, նոյնիսկ ընտանիքի անդամներու կողմէ։ Այնպէս որ անոնք կը գտնուին յաճախ դժուար վիճակի մէջ։ Երբեմն տասնեակ տարիներով ծածուկ պահուած ինքնութիւն մը երեւան կու գայ ընթացիկ վէճի մը կամ անհասկացողութեան մը ընթացքին։ Տակաւին կայ նաեւ Պոլսոյ հայերուն կողմէ գաւառ մնացած ու իսլամացած հայերուն հանդէպ վերապահ վերաբերումը։ Այնպէս որ անոնք երբեմն կը գտնուին ոչ մէկուն ու ոչ միւսին կողմէ լիիրաւ ընդունման կարգավիճակի մէջ՝ կը խոստովանի Կաֆուր Թուրքայ, վերապրող հայու մը թոռը՝ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս տաճարի բակին մէջ։ Քառասուն եօթ տարեկան ապահովագրութեան պաշտօնեան տարիներով ծածուկ պահելէ ետք իր ինքնութիւնը, այսօր բացէ ի բաց կÿընդունի իր հայութիւնը։ Ան նաեւ Սուրբ Կիրակոսի հոգաբարձութեան անդամ է։ Սակայն իր հայրը, որ Մեքքա գացած հաճի է, կը շարունակէ փարած մնալ իր իսլամ կրօնքին։ Այսպէս՝ անոր տասնութ զաւակներուն մէջէն, միայն Կաֆուրն ու եղբայրն են, որոնք վերադարձած են քրիստոնէութեան։ Թրքական տուեալներուն համաձայն, իսլամացած հայերու թիւը այսօր կÿանցնի մէկ միլիոնը, թէեւ յստակ չէ թէ անոնցմէ ինչ տոկոս մը այսօր իրենք զիրենք հայ կը նկատեն, որովհետեւ անոնցմէ շատերը կը մնան փարած իսլամութեան ու հայութիւնը կը նոյնացնեն քրիստոնէութեան։ Թող իսլամ մնան, կը շարունակէ Թուրքայ՝ բայց գոնէ ընդունին իրենց հայկական արիւնը։
Քառասունեօթամեայ Պէհչէթ Սայեան կը յիշէ ինչպէս իր մեծ հայրը ուրիշ վեց պապուկներու հետ բարեկամութիւն կÿընէր Տիարպէքիրի մօտ իրենց գիւղին մէջ, ու անոնց հետ հայերէն կը խօսէր։ Սայեան ինքն ալ վերադարձած է քրիստոնէութեան ու կÿըսէ թէ երանի ընտանիքին միւս անդամներն ալ նոյնը ընէին։ Բայց ան լաւատես չէ։ Եղբայրս հաճի է, կÿըսէ ու անկարելի է որ կրօնքը թողու ու քրիստոնէութեան վերադառնայ։ «Կը փափաքիմ որ զաւակներս գոնէ այդ քայլը առնեն, սակայն կեանքը իրենց համար կրնայ դժուարանալ։ Այնպէս որ ամէն մարդ ինք պէտք է որոշէ», կը շարունակէ ան։
Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, վերջին տարիներուն վերանորոգուած, կը գտնուի քաղաքին հին թաղերուն մէջ ու կը հանդիսանայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական մեծագոյն եկեղեցին։ Սակայն ցարդ ան կը մնայ առանց հօտի ու հովիւի ու կը ծառայէ իբրեւ զբօսաշրջիկային կայան։
Տարի մըն է Տիարպէքիրի մէջ գոյութիւն ունի հայերէնի դասաւանդութեան ձեռնարկ մը՝ առաջնորդութեամբ Պոլսէն շաբաթական դրութեամբ ժամանող ուսուցչի մը։ Անոր կը մասնակցին քսանի շուրջ աշակերտներ, բոլորն ալ իսլամացած հայերու ժառանգորդներ։ Երբ լրագրողը փափաք կը յայտնէ ներկայ գտնուիլ դասի մը՝ կÿիմանայ թէ այդ մէկը անկարելի է, որովհետեւ ստիպուած են ուսանողներուն ինքնութինը պահել ծածուկ՝ առաջքը առնելու համար հաւանական հակազդեցութիւններու։
Թէեւ Սուրբ Կիրակոսի նորոգութիւնն ու հայերէն դասերու ֆինանսաւորումին մէջ ներդրում ունեցած են տեղական քրտական իշխանութիւնները, սակայն տրուած ըլլալով քիւրտ բանտարկուած ղեկավար Օչալանի հայերը պախարակող վերջին յայտարարութիւնները, հայեր կը մնան թերահաւատ քիւրտերու անկեղծութեան վրայ։ Այսուհանդերձ՝ Տիարպէքիրի քաղաքապետութիւնը կը պատրաստուի բացումը կատարելու «հալածանքի ենթարկուած համայքներու» նուիրուած յուշակոթողի մը՝ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան։