«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանը Պարտուեցաւ, Փոխախոյեանը Յաղթեց. Հարտեն Դարձեալ Կը Նշանակէ 40 Կէտ

Տեմար Տերոզա

Տեմար Տերոզա

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, գործող ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Եութա Ճեզին, 100-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:

Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ:

Փոխախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, արձանագրեց 107-95 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզ) եւ Հասսան Ուայթսայտ (Հիթ) նշանակեցին 28-ական կէտ:

Ճէյմս Հարտեն Հիուսթըն Ռոքեթցի հետ կերտեց  այլ յաղթանակ մը, երբ Շարլոթ Հոռնեթցի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (121-114) նշանակեց 40 կէտ:

Անկէ մէկ կէտ աւելի նշանակեց Տեմար Տերոզա, երբ անոր կազմը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-106 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին: Վերջինիս մաս կազմող Իսաժահ Թոմաս յաջողեցաւ նշանակել 27 կէտ:

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ 101-99
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 114-106
Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս 97-117
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 121-114
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Միլուոքի Պաքս 107-109
Եութա Ճեզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 100-92
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 87-108
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ 107-95
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 100-94

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Փորթլենտ  Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.