Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն


ararad_11117

Ամանորեան տօներուն հետ կապուած կարճատեւ դադարէն ետք, Արարատ Երեւան Արկադի Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ վերսկսաւ իր փորձերուն Ձորաղբիւրի համալիրին մէջ` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին:

Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ տեղի պիտի ունենան նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ, որոնց առաջինը շատ հաւանաբար` Փիւնիկի դէմ (27 յունուարին):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.