Արթուր Սարգիսով Տեղափոխուեցաւ Ենիսէյ


sarkisov1_11117

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով տեղափոխուեցաւ Ենիսէյ Քրասնոյարսք, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:

29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ ռուսական ակումբին, մինչեւ մայիս 2018 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անոր հետ:

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ենիսէյ այժմ 34 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:

Նշենք, որ Սարգիսով վերջերս հեռացաւ Սարանսքի Մորտովայէն, որուն հետ 2016-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենար: Ան Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ 20 մրցումի ընթացքին Սարանսքիի հետ նշանակեց  5 կոլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.