Հաղորդագրութիւն


homenetmen-logoԵրէկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

8 յունուար 2017-ին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ մրցում` Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ:

Լիբանանի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի տիտղոսակիրին եւ 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւողի միջեւ այս մրցումը պիտի ըլլար մարզախառն իւրայատուկ «հարսանիք», եթէ չըլլար կարգ մը երիտասարդներու ոչ մարզավայել կեցուածքը:

Արդարեւ, մրցումին ընթացքին արձակուեցան կարգախօսներ եւ հայհոյախառն բացագանչութիւններ: Խնդիրը հասաւ այն աստիճանին, որ բարձրացուեցան թրքական դրօշակներ` գրգռելու համար զգացումները լիբանանեան ընկերութեան մաս կազմող մեծ շերտի մը եւ ամբողջ համայնքի մը, որ աւելի քան 1,5 միլիոն զոհ տուած է թուրքերուն ձեռամբ:

Մենք խստիւ կը դատապարտենք այսպիսի վարուելակերպերը եւ գնահատենք Ռիատի ակումբի վարչութեան` նոյնպէս զանոնք դատապարտող կեցուածքը, կ՛ընդգծենք երկու ակումբներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները եւ մենք վստահ ենք, որ Ռիատի ակումբի յարգարժան վարչութիւնը պատժական անհրաժեշտ միջոցառումներուն պիտի դիմէ այդպիսի վարուելակերպ դրսեւորած յայտնի ինքնութեամբ անհատներուն նկատմամբ` նախանձախնդիր ըլլալով չարտօնելու կրկնութիւնը նմանօրինակ վարուելակերպերու, որոնք վնաս կը հասցնեն երկու ակումբներուն սերտ ու եղբայրական յարաբերութիւններուն:

Մնալով միշտ նախանձախնդիր` լիբանանեան մարզական կեանքին եւ բոլոր ակումբներուն ու համակիր զանգուածներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններուն նկատմամբ`

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.