Ռամոս Վերադարձաւ Ընդհանուր Խումբ


ramos_11017

Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս` ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերադարձաւ ընդհանուր խումբ եւ վերսկսաւ իր փորձերուն:

Ան վիրաւորուած էր նախորդ դեկտեմբերին, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտականին եւ այդ իսկ պատճառով բացակայած Ռէալի կատարած երկու մրցումէն:

Արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ խումբի մարզիչ Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար չվտանգէ իր մարզիկը եւ վաղը Սեւիլլայի դէմ կատարուելիք մրցումին (Սպանիոյ բաժակ) դաշտ չներկայացնէ զայն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.