ՖԻՖԱ. «2026-ի Մոնտիալին Փոխան 32-Ի` 48 Խումբեր»


48-teams_11017

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 2026-ի Մոնտիալին մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի ըլլայ 48` փոխան 32-ի:

Նախանցեալ օր Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի հերթական նիստին ընթացքին, անոր բոլոր անդամները այս նոր փոփոխութեան ի նպաստ քուէարկեցին:

Եւրոպա պիտի ունենայ 16 մասնակցող, Ափրիկէ` 9,5, Ասիա` 8,5, Հարաւային Ամերիկա` 6,5, Քոնքաքաֆ` 6,5, իսկ Ովկիանիա` 1:

0,5 յաւելեալ միաւոր ունեցող ցամաքամասերը կէս տոկոսով յոյս ունին յաւելեալ խումբ մը ունենալու: Օրինակ` Ափրիկէի պարագային, եթէ 9 խումբերէն անկախ 10-րդ խումբը յաղթական դուրս գայ փլէյ-օֆի մրցումներէն, այդ ցամաքամասէն կը մասնակցին 10 խումբեր, մինչ միւս ցամաքամասը խումբ մը նուազ կ՛ունենայ:

48 խումբերը պիտի բաժնուին 16 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 3 խումբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.