Պուէնոս Այրեսի Մէջ Քանդուած Է Մեսսիի Արձանը


messi-broken_11017

Միջազգային լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ Լիոնել Մեսսիի արձանը քանդուած է անծանօթներու կողմէ:

Յատկանշականը այն է, որ Մեսսիի արձանը քանդուած է նոյն այդ օրը, երբ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը տիրանար ՖԻՖԱ-ի 2016-ի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին:

Կը նշուի, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Մեսսիի արձանը պիտի վերանորոգուի, այնպէս ինչպէս պատահած էր նախապէս` այլ առիթով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.