Թենիս. Ճոքովիչ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ


novakdjokovicatpqataropeny9onhizhtnml

Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ, տղոց երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Տոհայի (Քաթար) միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, 2500 ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար:

Էնտի Միւրէյի դէմ իր կատարած այդ մրցումին ան դիտումնաւոր հարուածած էր գնդակին, որ ուղղակիօրէն գացած էր թրիպիւնը նստած համակիրներուն ուղղութեամբ, կը յայտնէ Tennis.com կայքը:

Ինչպէս ծանօթ է, Ճոքովիչ տիրացաւ այս տիտղոսին` յաղթելէ ետք աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող անգլիացի Միւրէյին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.