Պարզաբանումներ Իրաքի Հաւրէզք Հայկական գիւղի վերաբերեալ տարածուած լուրերու կապակցութեամբ

 

Լրագիրներէ կ’իմանանք որ Դեւիդ Ռիթթեր անունով անձնաւորութիւն մը փաստագրական ֆիլմ է նկարահանած Իրաքի Հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Հաւրէզք հայկական գիւղի վերաբերեալ եւ սկսեր է ցուցադրել արտասահմանեան մեր համայնքներէն ներս:  Նոյն ատեն ֆիլմի DVD-ի վաճառքի եկամուտէն 30 տոկոսը պիտի փոխադրուի Հաւրէզք գիւղին:

Նաեւ, այլ յօդուածագիր մը՝ Ասպետ Քոչիկեան, երկար գրութիւն մը հրատարակած է «Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած Հայերը» վերնագրով, որը նոյնպէս շրջանառութեան մէջ է մեր մամուլին մէջ:  Ու այսպէս, արտասահմանեան մեր մամուլը մէկը միւսին ետեւէն տպեր ու արտատպեր են թէ ֆիլմի վերաբերեալ լուրը եւ թէ յօդուածը:

Դժբախտաբար թէ պրն. Ռիթթերի պատարստած ֆիլմի կապակցութեամբ մամուլով տրուած լուրերու բովանդակութիւնը եւ թէ պրն. Քոչիկեանի յօդուածին մէջ, բաւականի անճիշդ, եւ սխալ տեղեկութիւններ կան որ պէտք չէ ըլլան, եթէ հարցին բծախնդրօրէն մօտեցում ըլլար:

Մենք վստահ ենք ու համոզուած որ թէ պրն. Ռիթթերը եւ թէ պրն. Քոչիկեանը բարի կամեցողութեամբ եւ օգտակար ըլլալու մղումով է որ իրենց աշխատանքները կատարած են, սակայն հոն սխալներ կան…

Յայտնի է Իրաքահայութեան վերաբերեալ եւ ի մասնաւորի հիւսիսային շրջանի Իրաքի Քիւրտիստանի մէջ ապրող հայութեան մասին անոնց քաղած տեղեկութիւնները լրիւ հաւաստի աղբիւրներէ առած չեն, մաս մը անոնցմէ լրիւ չեն, եւ երբեմն սխալ, թէեւ պրն. Ռիթթերը ժամանակ մը հոն ապրած է:

Հետեւաբար որպէս լուսաբանութիւն կը փափաքիմ հետեւեալ որոշ ճշտումներ ըլնելու:

1)  Դժբախտաբար պրն. Ռիթթերի պատրաստած ֆիլմը տեսած չեմ: Ինչ որ մամուլով տրուած է Հաւրէզքի մասին եւ հոն պահակ տղաքը կը ներկայացուին որպէս ISIS-ի դէմ ելած հայկական ուժ մը, ճիշդ չէ:

Գիւղին պահակներով օժտելու որոշումը նոր չէ, ISIS-ը տակաւին Մուսուլ հասած չէր եւ ոչ ալ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունէին:  Գիւղի պահանջին վրայ Պաղտատի Առաջնորդարանի կարգադրութեամբ պրն. Սարգիս Աղաճանի գրասենեակը յանձն առաւ հոն գիւղի երիտասարդներէն պահակներ դնելու եւ անոնց ամսականներ վճարելու, եւ այս եղաւ նաեւ շրջանի Քիւրտական պատասխապատու մարմիններու հաւանութեամբ (նոյնն է պարագան շրջանի Ասորական գիւղերուն):

Գիւղին պահակները քաջ ու նուիրեալ տղաք են, ազգասէր ու հայրէնասէր, անոնց գործը միայն գիւղը պաշտպանելն է:  Սխալ է այն տպաւորութիւնը ստեղծել թէ այդ խմբակը ISIS-ի դէմ պայքարելու համար է ստեղծուէր:  Բնականաբար ներկայիս վիճակը փոխուած է երբ ISIS-ը շատ մօտ է շրջանին, այդ տղաքը պատրաստ են, թէեւ իրենց տկար ուժերով ինքնապաշտպանութեան դիմելու եթէ հարկը ըլլայ:  Լաւ կ’ըլլայ չ’ուռճացնել անոնց գոյութիւնը ի շահ գիւղի ապահովութեան…:

2)  Հաւրէզք գիւղի մասին:

Նահր Ալ Օմար գաղթակայանը ցրուելէ ետք հոն մնացորդաց ժողովուրդին համար Լեւոն Փաշա Շաղոյեանը որպէս գաղթականութեան կոմիտէի նախագահ դիմում կը կատարէ Անգլիական հոգատար իշխանութեան մօտ ժողովուրդին հողատարածք մը ձեռք ձգելու խնդրանքով:  Անգլիացիներու միջնորդութեամբ Իրաքի նորակազմ պետութիւնը հաւանութիւն կուտայ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ հողատարածք մը տրամադրել մեր ժողովուրդին ու այդ կ’ըլլայ Հաւրէզքի շրջանը:  Ամայի շրջան մը, ոչ մէկ շինութիւն գոյութիւն ունեցեր է, եղած է քիւրտ քոչւորներու ոչխարներու արօտատեղիներ, թէեւ անյիշատակ ժամանակներուն բնակելի վայր եղած ըլլալու է:  Գաղթականներու առաջին խումբը պրն. Գեղամ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ գիւղ կը հասնին 1929 Հոկտեմբեր 18-ին եւ Հոկտեմբեր 19-ին առաջին տան հիմնարկէքը կը կատարեն ու այսպէս գիւղը կը հիմնուի (տեղեկութիւնները Գեղամ Վարդանեանի «Ազգային Տոմար» գիրքէն):

Ինչ կը վերաբերի Հաւրէզք գիւղի անունին դժբախտաբար շատերը մեծ թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուին:  Ամէն մէկը ըստ իր երեւակայութեան կը թարգմանէ Հաւրէզք անունը:  Մէկը «Հայ Վրէժ» միւսը «Մեծ Վրէժ» այսպէս այն տպաւորութիւնը կը տրուի որ հայեր անուանած են այդ գիւղը եւ ան ալ որպէս Վրէժ:  Բոլորը նոյն սխալին մէջ են:  Նախքան հայերը հոն հաստատուիլը վայրը Հաւրէզք անունը կը կրէր:  Հայեր եկած եւ այդ շրջանին մէջ գիւղ հիմնած են:  Պետական բոլոր արխիւները այդ կը վկայեն, մէջը ըլլալով պրն. Գեղամ Վարդանեանի պետութեան հետ ստորագրած պայմանագիրը:

1930-ական թուականներուն գիւղը բաւական զարգացում կը կրէ, կ’ունենան իրենց դպրոցը եւ եկեղեցին, եւ այլն:  Բաւական զարգանալով շրջանի հայկական կեդրոնը կը դառնայ:  Ժամանակի ընթացքին սակայն գիւղի երիտասարդութիւնը կամաց կամաց կը հեռանայ գիւղէն, նպաստաւոր գործ ճարելու համար, ի մասնաւորի երբ Իրաքի քարիւղի ընկերութիւնը դռները բացած աշխատող ձեռքերու կարիքը ունէր:  Սակայն գիւղը կը շարունակէ իր գոյութիւնը մինչեւ 1975 երբ քրտական շարժման հետեւանքով իրաքեան կառաւարութիւնը շրջանի բոլոր գիւղերը պարպել կուտայ:  Հաւրէզքի մնացորդացին ալ վարձատրելէ ետք կը ցրուէ:  2003-էն ետք երբ Քիւրտիստանը կը սկսի նոր թափով դէպի զարգացում թռիչք կատարել, բոլոր քանդուած գիւղերու բնակիչները վերադառնալու եւ իրենց տուները կառուցելու կը քաջալերէ:  2005-ին Պաղտատէն պրն. Շանթ Յարութիւնեանը քանի մը ընտանիքներով առաջինը կ’ըլլան արդէն ամայի Հաւրէզք հասնողները եւ փլատակ դպրոցին մէջ կայք կը հաստատեն:

Այս միջոցին արդէն պրն. Սարգիս Աղաճան սկսեր էր հիւսիսային շրջանի Ասորական բոլոր գիւղերը վերակառուցելու, եկեղեցիները վերանորոգելու եւ նիւթական օժանդակութիւններ կատարելու:  Պաղտատի Ազգային Առաջնորդարանը, նման միջնորդութիւն մը ըրաւ պրն Աղաճանի մօտ եւ տարուայ մը ընթացքին արդէն գիւղի ներկայի տուները շինուած էր եւ մեր ժողովուրդը Իրաքի բոլոր անապահով շրջաններէն հոն տեղաւորուած: Իրաքահայ Թեմի Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը փոխան թաղական խորհուրդի հոն նշանակեց պատասխանատու յանձնախումբ մը գիւղը կառաւարելու նպատակաւ:  Տակաւին իրար յաջորդող յանձնախումբերը կը գործեն միշտ Առաջնորդարանի հովանի ներքոյ:

Գիւղին մուխթար կը նշանակուի պրն Օհան Ճանոյեան ապա վերջին տարիներուն այդ պաշտօնը կ’ստանցնէ պրն. Մուրատ Վարդանեանը, որը քրտական կուսակցութեան անդամ ըլլալով, ապահովութեան պատասխանատուութիւնը կը ստանցնէ:

Գիւղը ունի 110 տուն որոնցմէ մի քանին Ասորիներ են:  Բոլորը անխտիր Սարգիս Աղաճանի գրասէնեակէն ամսական նիւթական օգնութիւն կը ստանան, առաւել եւս Առաջնորդարանը պարբերաբար օգնութեան ձեռք կ’երկարէ:  Եկեղեցի կառուցուեցաւԱռաջնորդարանի միջնորդութեամբ Գերմանական բարեսիրական հաստատութեան մը կողմէ: Հոն պաշտօնավարող սարկավագը Առաջնորդի կարգադրութեամբ Էջմիածին ղրկուեցաւ, վերադառնալով Առաջնորդը զայն ձեռնադրեց քահանայ գիւղին մէջ ծառայելու:  Պետութիւնը դպրոց բացած է ուր նաեւ Հայերէն եւ կրօն կը դասաւանդուին, իսկ միջնակարգ եւ բարձր ուսանողներուն համար Ազգային Առաջնորդարանը գիւղի յանձնախումբին փոքր պաս մը նուիրած է ուսանողները Տհօք տանելու եւ վերադարձնելու համար, ինչպէս նաեւ գիւղի անհրաժեշտ գործերուն համար գործածուելու:  Ուստի Պաղտատի Առաջնորդարանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հսկեն Հաւրէզք գիւղի բոլոր անձուդարձերուն եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն որպէս պարտականութիւն կը կատարեն:

Քիւրտիստանի պետութիւնը Հաւրէզք գիւղին կից շատ մեծ օդակայան մը կառուցելու սկսեր է (թէեւ ներկայիս գործերը դադրած են) որը պիտի ըլլայ հիւսիսային շրջանի մեծագոյն օթակայանը:  Մտահոգութիւն կայ Առաջնորդի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մօտ որ Հաւրէզք գիւղը օթակայանի տարածքին մէջ գտնուելով ցրուելու կամ ուրիշ վայր մը փոխադրելու որոշում տրուի:  Այս Ազգային մեծ մտահոգութիւն է… Միւս կողմէ Առաջնորդը կ’աշխատի գիւղին նախապէս պատկանող վար ու ցանքի մեծ հողատարածքները մեր գիւղացիներուն վերդարձուին, այն ատեն գիւղը իսկական իր գիւղական կեանքը կրնայ ապրիլ:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ Իրաքի Ազգային Առաջնորդարանը 10 մեծ խաչքարեր Հայաստանի մէջ պատրաստել տուած էր որոնք զետեղուեցան Իրաքի հայ համայնքներու բոլոր եկեղեցիներու շրջաբակերէն ներս:  Հաւրէզք գիւղի մէջ ալ յուշարձան խաչքար մը զետեղուեցաւ:

3)  Պրն. Քոչիկեան կը գրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրած հազարաւորներ Անատօլէն հասան Մուսուլ, իսկ ուրիշներ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաղտատ եւ Պասրայ…:»  Իրականութիւնը, Իրաք հասած գաղթականները երկու ճամբով եկած են, մին Մուսուլի որը ոչ թէ հազարներով, իսկ միւսը որը գլխաւորն է Վասպուրականէն դէպի Պարսկաստան ապա Իրաք հասած են: Նախ Պաքուպա ապա Նահար Ալ Օմար Անգլեական բանակի կարգադրութեամբ վրանաբնակ գաղթակայաններու մէջ տեղաւորուած:

4)  Ըստ պրն. Քոչիկեանի Աւզրուկ գիւղը կազմուած է Ասորի եւ Հայ բնակիչներէ, նոյնպէս սխալ է:  Աւզրուկ գիւղը լրիւ հայաբնակ է սակայն քրտախօս, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ ունին իրենց գեղեցիկ եկեղեցին, թաղական խորհուրդ:  Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ հոն ալ խաչքար յուշակոթող զետեղուած է:  Ոչ մէկ օտար, ոչ հայ հոն ապրած չէ:

5)  Պրն Քոչիկեանի յօդուածի վերնագիրը «Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած Հայերը» արդեօ՞ք խօսք կ’ուղղէ արտասահմանի թէ Իրաքի մեր պատասխանատուներուն:  Ինչ կը վերաբերի Իրաքի պատասխանատուներուն թող պրն. Քոչիկեանը եւ բոլոր մեր մամուլի ընթերցողները լաւ իմանան Իրաքի հայութիւնը լուրջ Կազմակերպուած գաղութ մըն է իր Առաջնորդով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնով եւ Միութենական հաստատութիւններով, ոչ մէկ ատեն մոռցած է հիւսիս բնակող իր եղբայրները:  Դէպքերու առաջին օրէն իսկ Առաջնորդը, եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յաճախ այձելած են շրջանը ու կարողութեանց սահմանին մէջ թէ նիւթական եւ թէ բարոյական օժանդակութիւն կատարած:  Առաջնորդարանի միջամտութեամբ, յաճախ շրջանի պատասխանատուներու դռները թակելով անոնց կարիքներուն հասած, ոչ թէ հայկական երկու գիւղերուն համար միայն, այլ Էրպիլի, Տհօքի, Զախոյի հայութեան վերաբերող բոլոր հարցերուն:  Վերջին տարիներուն եկեղեցիներ ունեցանք Հաւրէզքի, Աւզուրի, Տհօքի, եւ վերջերս նոյնիսկ Քերքուկի մէջ, նոյնպէս Էրպիլի մէջ ուր շինարարական աշխատանքները լրացած չեն տակաւին:

Ուստի Իրաքահայութեան համար երբէք մոռցուած չէ իր հիւսիսի եղբայրները:

Որպէս վերջաբան պիտի խնդրէի բոլոր յօդուածագիրներէն իրենց տեղեկութիւնները հաւաստի աղբիւրներէ քաղելէ ետք հանրութեան ներկայացնեն:

Պարոյր Յակոբեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.