Լոյս Տեսած է Հայկազ Ալվրցեանի «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները» Գիրքը

 

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած է «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. արդի հիմնախնդիրները» գիրքը: Աշխատութեան հեղինակն է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` նոյն կեդրոնի թրքերէն բաժնի պատասխանատու, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` գիրքին մէջ կը ներկայացուին Համշէնի եւ համշէնահայութեան համառօտ պատմութիւնը եւ արդի հիմնախնդիրները, որոնք կրնան հետաքրքրել ինչպէս մասնագէտները, այնպէս ալ` ընթերցողներու լայն շրջանակ: Ուսումնասիրութեան մէջ առանձին գլուխներով ներկայացուած են Համշէնի իշխանութեան ձեւաւորումն ու վերելքը, Օսմանեան կայսրութեան իսլամացման քաղաքականութիւնն ու Համշէնի պայքարը ինքնութեան պահպանման համար 15-19-րդ դարերուն, համշէնահայերու դրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, համշէնահայկական համայնքներու ձեւաւորումը Ռուսական կայսրութեան մէջ եւ անոնց յետագայ վիճակը Խորհրդային Միութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` տեղեկութիւններ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ կրօնափոխ համշէնցիներու մասին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.