Ճատրակ. Թոփալով Հանդէս Պիտի Չգայ ՖԻՏԷ-ի Մրցաշարքերուն
871
0
Ըստ chess-news.ru կայքին, պուլկարացի անուանի ճատրակ խաղացող Վեսելին Թոփալով հանդէս պիտի չգայ ՖԻՏԷ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք ճատրակի մրցաշարքերուն:
Կրանտմասթըր Թոփալովի այս որոշումը կապուած է ՖԻՏԷ-ի ղեկավարութեան հետ, որ չէ ընդունուած Թոփալովի կողմէ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ներկայիս, յանցաւորներուն հեռանալէն ետք միայն Թոփալով պիտի վերադառնայ:
Թոփալով 2005-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր: