«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 52 Կէտ


Ճիմի Պաթլըր

Ճիմի Պաթլըր

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր (52 կէտ), երբ անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, արձանագրեց իր 17-րդ յաղթանակը` 118-111 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շարլոթ Հոռնեթցը: Վերջինիս մաս կազմող Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 34 կէտ:

Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ 127-119 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին: Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեց 25 կէտ:

Թէեւ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 30 կէտ, բայց անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 98-94 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Միլուոքի Պաքսի դաշտէն:

Լեպրոն Ճէյմս

Լեպրոն Ճէյմս

Քլիվլենտի մէջ, Քաւալիրզ 90-82 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզի: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 26 կէտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Միլուոքի Պաքս – Օքլահոմա Սիթի 98-94
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Օրլինզ 90-82
Եութա Ճեզ – Պրուքլին Նեթց 101-89
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 115-103
Շիքակօ Պուլզ – Շարլոթ Հոռնեթց 118-111
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 101-91
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ 109-98
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տենվըր Նակեթց 127-119

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ

Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ

Տալաս Մավըրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ

Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ

Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ

Ֆէոնիքս Սանզ – Մայեմի Հիթ

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.