Թեւեզ Դարձաւ Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը


tevez_123016

Չինական Շանկհայ Շենհուա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց արժանթինեան Պոքա Ժունիորզի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզը:

Թէեւ անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները ցարդ այդքան ալ յստակ չեն, սակայն կը նշուի, որ 32 տարեկան արժանթինցին իր նոր ակումբէն պիտի գանձէ տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:

Այսպիսով, ան կը դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Շանկհայ Չինաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին գրաւեց 4-րդ դիրքը:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.