Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի. Ռոնալտօ, Լայսթըր Սիթի Եւ Ռանիերի` 2016-ի Լաւագոյնները


ronaldo_123016

Ամերիկեան հանրածանօթ «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական կայքին համաձայն, 2016-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ստացաւ վերոնշեալ կայքին կատարած քուէարկութեան ձայներուն 67 առ հարիւրը:

Ան Փորթուգալի հետ  հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսներուն:

Իսկ տարուան լաւագոյն ակումբը ճանչցուեցաւ Լայսթըր Սիթի, որ տիրացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին (57 առ հարիւր):

Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին, անիկա տրուեցաւ նոյնինքն Լայսթըրի իտալացի մարզիչին` Քլաուտիօ Ռանիերիին (60 առ հարիւր):

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.