Ռիչըրտ Հոկլընտ Կը Նշանակուի ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2017ի Յունուարէն սկսեալ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահի պաշտօնը ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ Ռիչըրտ Հոկլընտ, Դեկտեմբեր 30ին հաղորդեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը։ Անոր նշանակումը կրնայ մնայուն ըլլայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչակազմին որոշումով։
Ան պիտի փոխարինէ Ճէյմզ Ուորլիքը, որուն պաշօնավարութեան վերջին օրը Դեկտեմբեր 31ն է։
Նշենք, որ Ռիչըրտ Հոկլընտ մօտաւորապէս 30 տարուան դիւնագիտական փորձառութիւն ունի, առնչուելով գլխաւորաբար Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքներուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն պատճառով պաշտօնազրկուած Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներուի դեսպան Ճան Էվընզի փոխարէն, Հոկլընտ Մայիս 2006ին դեսպան նշանակուած էր նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ, սակայն Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ղեկավարուած ամերիկահայութեան ընդդիմութեան հետեւանքով, նախագահը Օգոստոս 2007ին պարտադրուեցաւ ետ քաշելու Հոկլընտի թեկնածութիւնը։
Ամերիկահայութեան ընդդիմութիւնը հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ, որ Հոկլընտ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն էր։