Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի

 

0000AROUISAG «Ռատիօ Վատիկան».- Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր ժողովը միաբանութեան նոր մեծաւորուհի ընտրեց 71 ամեայ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը

Քոյր Արուսեակ ծնած է 1945ին, Հալէպ, կիլիկեցի վերապրած բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Ուսումը կը ստացայ Հալէպի Անարատ Յղութեան վարժարանին մէջ: 19 տարեկանին  կ՛անդամակցի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան եւ աւարտելէ ետք 3 տարուան կրօնական կազմաւորումը ու իր ուխտերը կատարելէ ետք կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու, միաժամանակ ան կ՛ուսումնասիրէ շրջանի կարելիութիւնները ու հայկական համայնքին պատրաստուածութիւնը՝ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու գծով:

Քոյր Արուսեակի ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ, միաբանութիւնը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներու առաջին վարժարանը հիմնել եւ, այդպիսով, իր դպրոցներուն ոսկեշղթան կ՛երկարէ Ամերիկա, ուր կազմաւորուելու սկսած էին արդէն նոր հայկական գաղութներ: 1967ին քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, քոյրեր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի եւ Վալանթինի հետ, մեծ զոհողութիւններով եւ միացեալ ջանքերով կը հիմնէ Ֆիլատելֆիոյ Հայ քոյրերու վարժարանը, այնտեղ ծառայելով երկար տարիներ:

Հայաստանի 1988ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները կը մղեն քոյր Արուսեակը, որուն երազն էր ծառայութիւն մատուցանել մայր հայրենիքի մէջ, լքելու ամէն պաշտօն ու փութալու Հայաստան: Ան կ՛ըլլայ  առաջիններէն, որ 1990ին հրաժարելով Հռոմի միաբանութեան իր փոխանորդի պաշտօնէն՝ կը մեկնի Հայաստան եւ քոյր Արշակուհիի հետ կը հաստատուին Գիւմրի:

Ան, այդ մթին օրերը այսպէս կը յիշէ. «1990ին գացի նախ Սպիտակ, ապա Հայաստանի հիւսիսային գիւղերը՝ Արեւիկ, Փանիկ, Լանջիկ® Անոնց գիւղապետները մեզ հրաւիրեցին իբրեւ դպրոցներու կրօնի ուսուցչուհիներ, ապա՝ կրթութեան նախարարութեան կողմէ մենք պաշտօնապէս ընդունուեցանք իբրեւ կրօնի դասատուներ գիւղերու մէջ: Գիւմրին եղաւ մեր կեդրոնը, որովհետեւ հոն կը գտնուէր հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը»:

Քոյր Արուսեակ կը յաջողի  Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մասնաճիւղ մը հաստատել Գիւմրիի մէջ՝ հիմնելով «Պօղոսեան» համալիրը: 1996ին կը կառուցուի «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթական կեդրոն» որբերու տունը, որուն բացումը կը կատարուի 1998ին ուր կը հիւրընկալուին 65 որբեր, որոնք Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներ էին®

Տարիներու ընթացքին քոյր Արուսեակ  կը դառնայ այդ որբերուն մայրը, եւ անոր խնամքով ու բարերարներու օգնութեամբ այդ որբերը կը մեծնան, գործի տէր կը դառնան, ու քոյր Արուսեակին ուրախութիւնը կը շնորհեն՝ զաւակներէ անդին  ունենալու նաեւ թոռներ:

13 Յունիս 2015ին, զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու բարերարութեամբ, քոյր Արուսեակ կը յաջողի Երեւանի մէջ բանալ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Անի Պէզիքեան» երիտասարդական կեդրոնը, որուն նպատակն է, ծառայել որպէս բնակութեան եւ զարգացման վայր, Անարատ Յղութեան քոյրերու հիմնած «Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ՛ուսանին Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մարզերէն Երեւանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու:

13 Նոյեմբերի 2015 ին, Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստի դպրոցին մէջ  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի տնօրինութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեան կը պարգեւատրուի «Ֆրանսիայի ազգային վաստակներու» շքանշանով, ի գնահատում անոր մարդասիրական լայնածաւալ եւ օգտակար գործունէութեան:

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը  անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք՝ Գիւմրիի ու Շիրակի մարզին հետ: Ան ճանչցուած է նաեւ որպէս Հայաստանի Մայր Թերեզան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.