Նշմար. Այո՛, Դուք Ախոյեան Էք


ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ

HMEM30-60416

Երկար տարիներու աշխատանքը հասաւ իր նպատակին եւ 2016-ը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն համար փայլուն տարի մը, երբ մեր աղջիկները, իրենք զիրենք պարտադրելով մրցակից կազմերուն վրայ, տիրացան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Անմոռանալի տարի մըն էր. անմոռանալի ժամեր եւ վայրկեաններ ապրեցանք բոլորս ալ` մարզիկներ, մարզիչ, պատասխանատուներ, հովանաւորներ եւ համակիրներ:

Բոլորս միասին կը տօնէինք յաղթանակը, որովհետեւ իսկապէս, երազը իրականացաւ եւ բոլոր աշխատանքներն ու ճիգերը, որոնք թափուեցան, հասան իրենց նպատակին:

Արդէն իսկ ազդանշանը տրուած է 2016-2017 տարեշրջանին, եւ մեր աղջիկները, իրենց տիտղոսը պաշտպանելու համար, սկսան մեծ յաղթանակով մը:

Եկէ՛ք աղջիկներ, տարեշրջանը աւարտենք յաղթանակներու անվերջ շարանով, նոր տիտղոսներու նուաճումներու տեսլականով:

Բոլորս ալ վստահ գիտենք, որ ճամբան այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ մեր բոլորին համար` նկատի ունենալով, որ ախոյեան մնալու համար պէտք ունինք հսկայական աշխատանքի:

Բոլորս միասին, ձեռք-ձեռքի տալով, պիտի հասնինք մեր նպատակին եւ 2017-ն պիտի վերածենք այլ փայլուն տարիի մը, ո՛չ միայն Լիբանանի ախոյեան  դառնալու համար, այլեւ տիրանալու այլ մրցաշարքերու, եւ ինչո՛ւ չէ` արաբական երկիրներու ալ ախոյեան ըլլալու:

Այո՛, մեր երազները մեծ են,

Այո՛, մեր յոյսերը մեծ են,

Կեցցէ՛ք դուք աղջիկներ,

Դէպի յաղթանա՛կ:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.