Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ Անթիլիաս


Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ 2016-2017 տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը` հիւրը ըլլալով Թատամոնի:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:

ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց, Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը:

Կ՛ակնկալուի, որ այսօր եւս խումբին մարզիկները խմբային խաղաոճ կիրարկելով արձանագրեն 2016 տարուան իրենց վերջին յաղթանակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.