Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն

 

Ընթացիկ տարուան 3, 4 եւ 5 Դեկտեմբերին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պէյրութի իր գրասենեակին մէջ գումարեց 2014-2018 քառամեակի իր Գ. լիակազմ ժողովը։

Առաջին հերթին, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ ուրախութեամբ հաստատեց, թէ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ զգալիօրէն կ’երիտասարդանայ. միաժամանակ ան կ՚ընդարձակուի, որուն փաստն է Քուէյթի նորահաստատ մեկուսի կազմը։ Ժողովը նաեւ ընդգծեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու՝ ԱՄՆի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւններու շարունակուող համագործակցութեան նշանակալի երեւոյթը եւ այդ ոգիով գործունէութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ այդ շրջաններու երիտասարդական-ուսանողական խաւերուն Համազգայինի գործունէութիւնը ծանօթացնելու տեսակէտէն։

Անդրադառնալով Կեդրոնական Վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին, ժողովը ճշդեց անոր յառաջիկայ գործունէութեան ուղեգիծն ու բովանդակութիւնը, յատկապէս նիւթական կռուաններ յառաջացնելու եւ ապա զանոնք ուռճացնելու առաջադրութիւնը։

Յաջորդաբար ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրներով։ Տեղի ունեցաւ Մարսէյի Ճեմարանի, Սիտնիի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարանի, ինչպէս նաեւ՝ Փարիզի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի կացութեան հերթական քննութիւնը, իսկ ծանօթանալով Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նորանշանակ տնօրէնուհիին ցարդ ծաւալած աշխատանքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց թէ վստահութիւնը ունի, որ Ճեմարանը թեւակոխելով արդիականացման նոր հանգրուան մը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը, ամուր փարելով հայեցի դաստիարակութեան զուգահեռ բարձրորակ ուսում ջամբելու իր առաքելութեան։ Իսկ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագրին վերաբերեալ, ժողովը որոշեց յաւելեալ քարոզչական թափ տալ Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ Համազգայինի գործակցութեամբ իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագրերուն։

Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ իր այլ հաստատութիւններուն՝ «Վահէ Սէթեան» տպարանին, Հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատւութիւնը, իր գոհունակութիւնը արձանագրեց աշխատանքներուն բարեյաջող ընթացքին նկատմամբ եւ որդեգրեց այդ հաստատութիւններու բարգաւաճման միտող որոշումներ։

Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին, ժողովը գտաւ, որ անշեղ կ՚ընթանայ անոր խմբագրութեան սերնդափոխութիւնը, եւ «Բագին»ի ներկայ խմբագրութիւնն ու խմբագրական խորհուրդը կ՚ապահովեն հանդէսին առաքելութիւնը՝ Սփիւռքի գրական-իմաստասիրական առաջնակարգ ժամադրավայրը հանդիսանալու տեսակէտէն։
Անցնող տարեշրջանին իր անձնակազմի փոփոխութիւնները քննելով, Կեդրոնական Վարչութիւնը գտաւ, որ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակն ու անոր նոր վարչակազմը կը շարունակեն հայրենի հողին վրայ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել, գիտաժողովներով, մրցոյթներով եւ հրատարակութիւններով։

Ապա ժողովը արժեւորեց ելեկտրոնային սարքերու խաղերով 3 տարեկան եւ վեր մանուկներու հայերէն սորվեցնելու նախաձեռնութիւններու շարքին առաջին հրատարակութիւնը՝ իմա՝ «Լալան ու Արան – Գոյներու Աշխարհ»ը, իր արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակներով։ Ժողովը որոշեց լայն քարոզչութեամբ հրապարակել շարքին յաջորդ խաղերը, «Լալան ու Արան- Ձեւերու աշխարհ» «Լալան ու Արան-Թիւերու Աշխարհ»ն ու «Լալան ու Արան-Գիրերու Աշխարհ»ը, որոնք պատրաստութեան ընթացքի մէջ են։ Իսկ համացանցային երիտասարդական հարթակի ճամբով հայ երիտասարդութիւնը մեր մշակոյթին առնչելու իր որդեգրած ծրագրին կապակցութեամբ, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց շարունակել ծաւալած նախապատրաստական աշխատանքը, յաջորդ տարուան ընթացքին զայն հրապարակելու նախատեսութեամբ։

Կեդրոնական Վարչութեան լիակազմ ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին նաեւ Համազգայինի տարեկան Ուսանողական Համախմբումը (Ֆորում) եւ քարոզչական աշխատանքներու կազմակերպումը։ Անոնց յառաջիկայ ուղեգիծը ճշդելու նպատակով, այս հարցերը ենթարկուեցան համապարփակ քննարկման։

Վերոյիշեալ բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն Համազգայինի Ընդհանուր Ռազմավարական Ծրագրին, որուն անմիջականօրէն գործադրելի բաժինները հանգամանօրէն քննելով, ժողովը եզրակացուց, թէ բարեյաջող ընթացքի մէջ են անոնք։ Այդուհանդերձ, տակաւին իրագործման հանգրուանին հարկ է հասցնել շարք մը այլ մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնց իրագործման աշխուժօրէն յանձնառու կը մնայ Կեդրոնական Վարչութիւնը։

 Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.