Թուրքիոյ սահմանները շուտով պիտի փոխուի՞ն. Ամերիկացի քաղաքագէտ Մայքըլ Ռուպինի յօդուածը

 

«Թուրքիա այժմ մասերու բաժնուած է: Պետութեան սահմանները շուտով փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Միայն առայժմ յայտնի չէ, թէ երկու անջատ պետութիւննե՞ր պիտի ստեղծուին թէ ոչ Թուրքիոյ կազմէն ներս դաշնակցային կարգավիճակ մը»

(«Մարմարա») – «Պիրկիւն» լրատուական կայքէջը հրապարակած է ժամանակակից ամերիկացի քաղաքագէտ Մայքըլ Ռուպինի մէկ յօդուածը, որուն մէջ Ռուպին յոռետես ու խնդրայարոյց մօտեցումով կը պնդէ, թէ Թուրքիա բաժան-բաժան պիտի ըլլայ: Ամերիկացի գրողը նոյնիսկ աւարտած կը նկատէ Թուրքիոյ այս բաժանման հոգեբանական փուլը: յօդուածը լոյս տեսած է The American Enterprise Institute կայքին վրայ:

Թերթը կը նշէ, որ ամերիկացի քաղաքագէտը, որ աւելի առաջ կանխատեսած էր 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կը բաղդատէ Եթովպիոյ, Սուտանի, Փաքիստանի հետ, որոնց բաժան-բաժան ըլլալովը հիմնուեցան նոր պետութիւններ՝ Էրիթրիա, Հարաւային Սուտան, Պանկլատէշ: Հեղինակը կ’ընդգծէ, որ բոլոր այս պարագաներուն եւս բաժանման նախորդեցին երկարատեւ ներքին պատերազմներ, եղան հազարաւոր զոհեր եւ ինչ որ ամենէն կարեւորն է, տակաւին մինչեւ փաստացի քաղաքական բաժանումը, բնակչութեան միջեւ արդէն հոգեբանական օտարացում սկսած էր:

«Նոր սերունդի թուրքերը քիւրտերը կը նկատեն եթէ նոյնիսկ ոչ թշնամի, ապա ամէն պարագայի՝ օտար: Թուրքերու մեծամասնութիւնը, որ կը նախընտրէ արեւմտեան ապրելակերպը, ոտք իսկ չէ դրած հարաւ-արեւելեան շրջաններ, իսկ այդ շրջաններուն մէջ բնակող քիւրտերու մեծամասնութիւնը երբեք պիտի չայցելէ Անթալիա, Պուրսա, Իզմիր: Թուրքիա հոգեբանական բաժանումի գործընթացի մէջ է: Նոյնիսկ Էրտողանն ալ հասկցաւ, որ նմանատիպ բաժանումը անխուսափելի է: Ատիկա հասկնալի է նաեւ այն տեսանկիւնէն, թէ տնտեսական քաղաքականութենէն հանուեցան քրտական շրջանները», կը գրէ Ռուպին:

Հեղինակը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան հանդէպ, թէ Էրտողան քիւրտերու դէմ կը վարէ խիստ քաղաքականութիւն: Ռուպին իր յօդուածը կ’եզրափակէ հետեւեալ տողերով.

«Թուրքերը պէտք է հաշտուին իրականութեան հետ: Թուրքիա այժմ մասերու բաժնուած է: Պետութեան սահմանները շուտով փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Միայն առայժմ յայտնի չէ, թէ երկու անջատ պետութիւննե՞ր պիտի ստեղծուին թէ ոչ Թուրքիոյ կազմէն ներս դաշնակցային կարգավիճակ մը»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.